Սուրէն Խտըշեան կենսաւորեց «Կեանք»-ը
May 17, 2025
Ընդհանրապէս քաջածանօթ չէի լիբանանահայ խումբերու գործունէութեան: Լիբանանահայ թատրոնի աշխարհ մուտք գործելէս ետք է որ աւելի մօտէն սկսայ ճանչնալ թէ՛ լիբանանահայ խումբերը, թէ՛ անոնց անդամները:

«Թեաթրոն» թատերախումբի պարագան ալ նոյնն էր: Սուրէն Խտըշեանին ծանօթացայ եւ անոր բարեկամացայ 2017-ին, երբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հետ բեմադրեց «Ժողովուրդի թշնամին»(1) քաղաքական եւ դասական ոճով ներկայացումը, որուն բեմավարն էի: Մեծածախս գործ մըն էր՝ բազմաթիւ դերասաններ, երկար թեքսթ եւ հսկայական տէքոր: Դժուար աշխատանք էր, բայց յաջողութեամբ աւարտեցաւ: Յաջորդ տարին, թատերախումբը հիւրախաղով Հայաստան այցելեց, Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ խաղալու:

2018-ին Սուրէն, «Թեաթրոն» թատերախումբին հետ բեմադրեց Արթըր Միլլըրի «Կամուրջէն դիտուած»ը(2): Դարձեալ դասական ոճ՝ հանրածանօթ թատերախաղ, թեքսթը ընդհանրապէս անփոփոխ, հսկայ տէքոր:
2019-ին, Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի առիթով, «Թեաթրոն» թատերախումբը ներկայացուց Լիլի Թոմասեանի «Կոմիտաս Աստուծոյ պարգեւը»-ը(3), որ կ’ընդգրկէր երգ՝ մասնակցութեամբ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին եւ «Արարատ» հնգեակին, եւ պար՝ ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լարա Ճիպեանի: Աւելի քան 150 դերակատար ու մասնակից բեմին վրայ հանդէս եկան, հայերէն եւ քիչ մըն ալ թրքերէն լեզուով ներկայացում մը: Լիբանանահայութեան համար նոր եւ տարբեր ոճ մըն էր:
Արդէն սկսած էին Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները: Վրան հասաւ 2020-ը հետը բերաւ Գորոնա ժահրը եւ համավարակը:
Բոլորիս կեանքերը կանգ առին:
2021-ին, երբ համավարակի պարտադրած ինքնամեկուսացումները սկսած էին վերջ գտնել, «Թեաթրոն» թատերախումբը, հեղինակութեամբ խումբի դերասան Կարէն Տարագճեանին եւ բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանին, հանդիսատեսին ներկայացուց Տէր Մելքոնեանի բեմին վրայ նկարահանուած «Կարմիր մոմ» վերնագիրով թատերախաղը, որ կրնաք YouTube-ի վրայ գտնել Կարմիր Մոմ – Red Wax(4) անունին տակ: Հետաքրքրական եւ աննախընթաց փորձառութիւն էր լիբանանահայ թատրոնի աշխարհին մէջ:

2023-ին «Թեաթրոն» թատերախումբը անգամ մը եւս նորութիւն մը հրամցուց մեզի, Սուզան Հիլլի «Սեւազգեստ կինը»(5) համանուն վէպին բեմականացուած ներկայացումով: Երկու դերակատարներու կողքին կար նաեւ սեւազգեստ կինը իր լուռ ու յանկարծակի մուտքերով: Հոս անդրադարձայ թէ լոյսի եւ ձայնի ներկայութիւնը որքան կրնայ ինքնին մեծ դեր խաղալ դերասանին եւ խօսքերուն կողքին: Ինծի համար անկիւնադարձային էր լիբանանահայ թատրոնի աշխարհին մէջ:
Մէկը միւսէն տարբեր ոճով, իւրաքանչիւր գործ գոնէ մէկ յատկութեամբ տարբեր միւսներէն, «Թեաթրոն» թատերախումբը, դանդաղ քայլերով, հանդիսատեսին վարժեցուց նորութիւններ սպասել ու փնտռել:
Եւ եղաւ 2025: Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը տակաւին կը շարունակուի իսկ լիբանանցիին հոգեկան վիճակը առաւելի ճնշուած է, մանաւանդ 2024-ի պատերազմէն եւ իր ձգած ազդեցութենէն ետք: Ու յանկարծ համացանցի վրայ կը տեսնենք պարզ եւ խորհրդաւոր որմազդ մը, ներկայացնելով «Թեաթրոն» թատերախումբի նոր ներկայացումը, լիբանանահայութեան սիրած եւ ծանօթ, իբր stand-up comedian՝ թատերագիր եւ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի գործը:
Թատերախումբը Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք»-ը(6) ներկայացուց 9-10-11 մայիսին, իսկ մայիս 14ին՝ Պէրպէրեանի ներկայութեամբ, տրուած ըլլալով որ յաջորդող օրերուն ան իր stand-up-ի վերջին գործով վեց անգամ Տէր Մելքոնեանի բեմը պիտի բարձրանար, նախատեսուած չորս, ապա յաւելուած երկու ելոյթներով:

Կիրակի 11 մայիսին գացի դիտելու: Յատուկ ակնկալութիւն չունէի, պարզապէս հետաքրքրուած էի տեսնելու թէ ի՞նչ պիտի ըլլար այս անգամուան «նորութիւնը». իսկ եթէ «նորութիւն» մը չըլլար, յուսախաբ պիտի չըլլայի: Երրորդ զանգը հնչեց եւ լսուեցաւ յատուկ այս թատերախաղին համար ստեղծագործուած՝ Հրայր Խտըշեանի յօրինումներէն մէկը: Խորհրդաւոր էր: Վարագոյրը բացուեցաւ, երկար շունչ առի. առաջին արարը վերջացաւ, զգացի որ միայն այն ատեն էր որ շունչս դուրս տուի: Դադարը 15 վայրկեան էր. շատ երկարեցաւ, կ’ուզէի շուտով սկսէր երկրորդ արարը: Երրորդ զանգը հնչեց. դարձեալ լսուեցաւ Հրայր Խտըշեանի երաժշտութիւնը, եւ վերջապէս սկսաւ երկրորդ արարը: Երկար շունչս չմոռցայ առնելու: Ներկայացումը աւարտեցաւ, ծափահարութիւնները սկսան եւ եթէ սուլել գիտնայի, անպայման կը սուլէի… ափսոս:
Մօտ երկու ժամուան ընթացքին խնդացի, յուզուեցայ, հիացայ: Այդ «նորութիւն»ը փնտռելու պէտք չունէի, գործին պարզ ու բնական ըլլալը ինքն նորութիւնն էր, որ բաւարարած էր զիս:
Լեզուն պարզ ու մեր առօրեայ խօսակցական բառերով (հեչ, իշտէ, կորի, եաանի, թաշխալա, ինչպէս նաեւ թրքերէն եւ հայերէն հայհոյանքներ):
Տէքորը, բեմը բաժնուած էր երկուքի. Տէր Մելքոնեան թատերասրահի բեմի շարժուն ըլլալու հանգամանքը օգտագործելով, տէքորը յաճախ կը դառնար ներկայացնելով մէկ կողմէ հիւանդանոցի սենեակը իսկ միւս կողմէ տան հիւրասենեակը:
Նիւթը արդէն ինքզինք կը պարտադրէր. Բոլորիս առնչուող՝ հայ ընտանիք, օտարութիւն, սէր եւ սեռ, դաւաճանութիւն, ծանր հիւանդութիւն: Այս բոլորը լեզուական պարզ ու բնական ձեւով:
Դերասաններու խաղարկութիւնը հոյակապ էր. անոնք կրցան հանդիսատեսը հարազատ զգացնել եւ ներգրաւուած պահել:
Չէի բաւարարուած, պէտք էր վստահ ըլլայի որ տպաւորութիւնս ճշգրիտ էր ու առարկայական: Մայիս 14-ին նորէն դիտեցի: Տպաւորութիւնս կայուն էր:
Ափսոս որ սուլել չեմ գիտեր…
«Թեաթրոն» թատերախումբը(7) մեծապէս յաջողեցաւ իր ընտրած գործով ու ոճով:

Անարդար կը տեսնեմ, երբ թատերախաղի մը մասին յօդուածներ կը գրուին, թղթակցութիւններ կ’ըլլան, հարցազրոյցներ կը կատարուին եւ կը գնահատուին ու կը յիշուին ՄԻԱՅՆ՝ բեմադրիչը, հեղինակը եւ դերասաններէն ոմանք (երբեմն միայն հերոսի դերը խաղցողը): Հաւանաբար այպանելի չէ, որովհետեւ հանդիսատեսը իրեն ուղղակի հրամցուածը կ’առնէ: Այս յօդուածին ընդմէջէն, կ’ուզեմ շնորհաւորել եւ վարձքը կատար ըսել բոլորին անխտիր՝ բեմադրիչին, հեղինակին, դերասաններուն, երաժիշտին, բեմավարին, բեմի նկարիչին, քարոզչական աշխատանքը յղացող եւ կատարողին, ընդհանրապէս օգնողներուն, նուիրատուներուն, թատերախաղի մը փորձի առաջին օրէն մինչեւ տէքորը բեմէն վար առնելու ատեն բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին գործին յաջողութեան:
Թատրոնը ամբողջութիւն է:
Փաթիլ Գուլաճեան