Սերժ Թանքեանի bestseller-ը. «Անկցի համակարգը. Յուշագրութիւն մը (ձեւով մը)»

July 1, 2024

System of a Down (SOAD) խումբին մենակատար, երգահան, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Սերժ Թանքեանի «Անկցի համակարգը. Յուշագրութիւն մը (ձեւով մը)» (Down with the System: A Memoir (of Sorts) վերջերս հրապարակուած գիրքը լոյս կը սփռէ heavy metal-ի աստղին ապրած կեանքի զանազան հանգրուաններուն վրայ: Ծանօթ heavy metal-ի եւ հայկական ժողովրդական մեղեդիներու իրենց իւրայատուկ միաձուլման ոճով, SOAD-ը կը դասուի ​​աշխարհի լաւագոյն խումբերու շարքին:

 

System of a Down (SOAD)

Թանքեանի յուշագրութիւնը, զոր հրատարակած է աշխարհատարած Hachette Books ընկերութիւնը անցեալ մայիսին եւ ներկայիս սկսած է բարձրանալ New York Times-ի bestseller-ներու ցանկի սանդուխը, կը սկսի Պէյրութէն, անոր մանկութենէն, կը խօսի լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տագնապալի օրերուն եւ ընտանիքին՝ Լոս Անճելըս փոխադրութեան մասին եւ սրտառուչ պատմութիւններով կ’անդրադառնայ իր հօր դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու իր համակարգչային ծրագրային յաջող ասպարէզէն ամբողջովին երաժշտութեան նուիրուելու որոշումին ու մանրամասնութիւններուն: System of a Down-ի երկրպագուները այս հատորին ընդմէջէն աւելի մօտէն կը ծանօթանան խումբի անդամներուն՝ Տարօն Մալաքեանին, Շավո Օտաճեանին, Ճոն Տոլմայեանին եւ Օնթրոնիք Խաչատուրեանին, ինչպէս նաեւ՝  խումբին ներքին կեանքին ու անոր կտրած ճամբուն:

Սերժ Թանքեան եւ կինը՝ Անժելա Մատաթեան

Բազմակողմանի արուեստագէտ Սերժ Թանքեան կը հաւասարակշռէ իր հայկական ժառանգութիւնը իր վայլած համաշխարհային համբաւին հետ: Անոր յուշագրութիւնը կը խորանայ ընկերային արդարութեան, մասնաւորաբար՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու իր ճիգերուն մէջ: Ան կ’ընդգծէ պատմական եղեռնագործութիւններու ճանաչման կարեւորութիւնը՝ անոնց կրկնութիւնը կանխելու համար։ Յուշագրութիւնը կ’անդրադառնայ նաեւ իր աշխատանքին Axis of Justice կազմակերպութեան մէջ, զոր ան հիմնած է Rage Against the Machine-ի ռոք խումբի անդամ Թոմ Մորելլոյի հետ՝ անհաւասարութեան դէմ պայքարելու առաջադրանքով։

Գիրքին մէջ, զանազան առիթներով Թանքեան խորհուրդներ կու տայ տաղանդաւոր անձերու՝ ընդգծելով, որ հաւատարիմ մնան սեփական տեսլականներուն՝ միաժամանակ իրապաշտ ըլլալով գեղարուեստի ​​աշխարհին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն: Ան կու տայ մանրամասնութիւններ իր բազմաբնոյթ ասպարէզին մասին, որ կ’ընդգրկէ Grammy մրցանակ մը SOAD-ի հետ, քանի մը տարբեր ժանրերով առանձին ալպոմներ եւ զանազան սաունտթրէքեր: Թանքեանի հասարակական գործունէութիւնը կը տարածուի ցեղասպանութիւններու միջազգային իրազեկութեան նպատակով կատարուած աշխատանքներէն մինչեւ հայ մշակոյթի ծանօթացումն ու տարածումը:

«Down with the System»ը աւելին է, քան ռոք աստղի մը պարզ յուշերը. ան խաղաղութեան, մարդկային հասկացութեան եւ ընկերային հարցերու նուիրուելու կոչ է: Գրուած գրաւիչ եւ անմիջական ոճով, Թանքեանի յուշագրութիւնը ընթերցանութեան հարուստ նիւթ կը տրամադրէ թէ՛ երկրպագուներուն եւ թէ՛ ընթերցասէրներուն հաւասարապէս. իրա՛ւ արուեստագէտ եւ հասարակական գործիչ Սերժ Թանքեանը ճանչնալու անփոխարինելի առիթ մը:

Վ.Թ.

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x