Ռուզաննա Սարգսեան. «Զապէլ Եսայեան» (Ա․ մրցանակ)

August 25, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022) եւ դատակազմին կողմէ արժանացած է առաջին մրցանակին:

Հայոց պատմութեան վերջին 300 տարիները, երբ հայութեան ողջ ճիգերը միտուած էին հայկական պետութեան վերակերտման, կրկնակի դժուարութիւններ կը սպասէին իւրաքանչիւր ազգանուէր գործիչի: Նկատի առնելով նշուած ժամանակահատուածը, երբ ի տարբերութիւն Եւրոպայի, հայոց մէջ կնոջ քաղաքական, հասարակական գործունէութիւնը կը պահանջէր  բաւականին ճիգ եւ պայքար, կը ցանկանք որպէս հաստատակամ եւ ազդեցիկ հայու կերպար  ներկայացնել Զապէլ Եսայեան գրողը եւ հասարակական-քաղաքական գործիչը:

1878-ին Կ.Պոլիս ծնած Զապէլ Եսայեան, որ ուսանած է Սորպոնի մէջ, աւելի դիւրին կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւններ ունէր: Հակառակ այդ բոլորին,  անոր անունը 1915ին կ՜ընդգրկուի «վտանգաւոր հայ մտաւորականներ»ու ցանկին մէջ, քանի որ Ֆրանսա ուսանելու տարիներուն ձեռք բերած կապերը կ՜օգտագործէր Կիլիկիոյ որբերը փրկելու համար: Սորպոն ուսանած տարիներուն, Զապէլ Եսայեան կը ծանօթանայ Տիգրան Եսայեանին, որ տարիներ անց կը դառնայ անոր ամուսինը: Զապէլ Եսայեանի խոհերու եւ ապրումներու տրաման արտացոլուած է նաեւ այն նամակներուն մէջ, զորս ան կը գրէր իր ամուսնոյն: 1915 թուականին  Կ.Պոլիսէն ան  կը  յաջողի փախչիլ Պուլկարիա եւ փրկուիլ ջարդէն: 1926 թուականին կ’անցնի Խորհրդային Հայաստան: Հայ ժողովուրդի նորոգումը տեսնելով եւ հայրենիքին մէջ հեռանկարներ գտնելով` կը տեղափոխուի եւ հիմնական բնակութիւն կը հաստատէ Հայաստան: Ապա Երեւանի Պետական համալսարանէն առաջարկ կը ստանայ` դասաւանդելու համար:  Ֆրանսացիներու հետ ունեցած կապերուն պատճառով սթալինեան ռեժիմին կողմէ կը հետապնդուի, 1937ին  կ՜աքսորուի Սիպիր. 1943ին կը սպաննուի:

Հայ գրականութեան ասպարէզին մէջ Եսայեանին իւրայատկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ իր բազմաթիւ աշխատանքներ կա՜մ ուղիղ կերպով, կա՜մ ալ տողատակերով, կը ներառեն յորդորներ Օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրող հայերուն համար: Ատանայի կոտորածներուն դառնութիւնները խորապէս զգալով,  հետագայ տարիներուն գրուած գործերն ալ կ՜արտայայտեն վերջինիս տարագիր կացութիւնը եւ ողջ տրամաթիք ապրումները: Զապէլ Եսայեան յոյսի մարմնաւորում էր, անոր անխոջ ճիգերը մինչեւ վերջին շունչը միտուած էին  հայութեան փրկութեան:

Ըստ փրոֆէսոր Մարկ Նշանեանի, Զապէլ Եսայեանի 1911-ին գրուած «Աւերակներու մէջ»ը հայ գրականութեան մէջ այն եզակի ստեղծագործութիւնն է, ուր վկայութիւնները կը ներկայացուին գրական պատմուածքի տեսքով:

«Աւերակներու մէջ» աշխատանքին մէջ  հեղինակը ընթերցողին կը ցանկայ իրազեկել եւ փոխանցել այն վայրագութիւններուն աստիճանը, զոր թուրքերը իրականացուցած են: Ան հասկցնել կու տայ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի համարուող հայերու անհասկնալի կոտորածը սեփական հողին վրայ: Հոս յատկապէս կը շեշտէ հայերու ոգեւորութիւններուն մասին, երբ թուրքերը ազատութեան առիթով, կեղծ խոստումներով ոգեւորութեան ալիք կը ստեղծէին, իսկ հարիւրաւոր անգամ խաբուած հայերը, կրկին կը հաւատային, մինչդեռ ամէն բան արդէն յստակօրէն թուրք սադրիչները ծրագրած էին:

«Սիլիհտարի պարտէզները», «Նահանջող ուժերը», «Մուրատի ճամփորդութիւնը», «Աւերակներու մէջ» գիրքերու մէջ, հայութեան դառն օրերու նկարագրութիւնները մէկը մէկէն ահարկու եւ սրտամաշ են: Յատկապէս «Աւերակներու մէջ» գիրքին մէջ Զապէլ Եսայեան կը խօսի այն անտարբերութեան եւ մեղքերուն մասին, որ հայութիւնը նախքան ցեղասպանութիւնը կը գործէր, եւ երբեմն հարցեր կը հնչեն, թէ այդ ի՞նչ անէծք էր, որ դառնութիւնները այդքան շատ են եւ ինչքա՞ն պատիժներ հայութիւնը դեռ ունի կրելու: Խօսելով հայ ազգի տկարութիւններուն մասին կը նշէ, որ այն ինչ կը կատարուի, մէկ օրուան կամ մէկ տարուան սուգ չէ, այն հայութեան կողմէն տարիներու չըրած գործերու եւ չըսուած խօսքերուն արդիւնքն է:

Ամերիկեան Refinery 29 կայքին մէջ Զապէլ Եսայեանին անունը ներկայացուած է որպէս ամենախիզախ կիներէն մէկը` մարդկութեան պատմութեան մէջ․ մասնաւորապէս նշուած է, որ Զապէլ Եսայեան խիզախ, նպատակասլաց  եւ օրինակելի կնոջ կերպար է, իսկ անոր ապրած ժամանակներուն խելացի եւ խիզախ ըլլալը վտանգաւոր էր:

Հայոց ցեղասպանութեան ծանր ժամանակներուն Զապէլ Եսայեան մտաւորականը  չէր կրնար անտարբեր մնալ: Այդ տարիներուն բազմահազար որբերու խնամքի եւ անոնց օգնութեան հարցերու կազմակերպման համար կ՜աշխուժանան եւ կը ստեղծուին բազմաթիւ կառոյցներ: Ահա այդպիսիներէն մէկը Հայ որբախնամ ընկերութիւնն էր, որ հիմնականին մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերէր Կիլիկիոյ որբերուն:  Ան հիմնադրուած է 1905 թուականին Գահիրէի մէջ: Անոր կից գործած են տիկնանց, տղամարդոց, կամաւորներու օժանդակ յանձնախումբեր: Զապէլ Եսայեան եւս կը հանդիսանար այս կառոյցին անդամ: 1919 թուականի Փետրուար 1-ին գրուած Որբախնամի վարչական ժողովի նամակէն կը տեղեկանանք, որ Զապէլ Եսայեանին յանձնարարութիւն կը տրուի զբաղելու Հայ որբախնամ ընկերութեան մասնաճիւղեր կազմելու աշխատանքներով` Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ մէջ: Կիլիկիոյ հայութեան երկրորդ բռնագաղթի ժամանակ` 1918 թուականին, առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն էր Կիլիկիոյ որբերուն տեղափոխութիւնը: Զապէլ Եսայեանը այս գործը եւս կը վերցնէ իր պատասխանատուութեան ներքոյ: Ան Միհրան Տամատեանի հետ գալով համաձայնութեան`ներքին կարգով կը կատարէ գործերու բաժանում եւ  որբերու տեխափոխման հարցը աւելի արագ կը կազմակերպուի: Այս գործերու իրականացման հետ կապուած Զապէլ Եսայեանը կը հանդիպի Կիլիկիոյ գլխաւոր կառավարիչ նշանակուած, ազգութեամբ ֆրանսացի զօրավար Պրեմոնին հետ: Վերջինս կը խոստանայ ապահովել որբերուն անվտանգութիւնը: Մերսին-Ատանա երկաթուղագիծին վտանգուած ըլլալուն պատճառով Ատանայի որբերը կը տեղափոխեն Մերսին: Սկիզբը կը տեղափոխեն 400, յետոյ` 300 որբեր եւ առաջնահերթութիւնը կը տրուի ամենափոքրերուն եւ աղջիկներուն:

Զապէլ Եսայեանի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Մերսին տեղափոխուած որբերը կ՜ապահովուին անհրաժեշտ միջոցներով, կեցութեան պայմանները կը կարգաւորուին եւ իւրաքանչիւրը կ՜ունենայ իրեն յարմար որեւէ զբաղում: Որբախնամ ընկերութիւնը երկու անգամ Զապէլ Եսայեանին գումար կ՜ուղարկէ որբերուն կարիքները հոգալու համար, սակայն ղրկուած միջոցները այնուամենայնիւ չեն բաւեր: Մերսինի մէջ  Զապէլ  Եսայեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Խնամակալ մարմինը ֆինանսական կարգաւորումներ իրականացնելու համար, հաշուի կ՜առնէ  ՀԲԸՄ-ի այն  ցանկութիւնը, որ  իր խնամատարութեան տակ կրնայ առնել տեղափոխուած որբերը, ուստի, Որբախնամ կազմակերպութեան երկու  վարչութիւնները իրենց համախորհուրդ նամակով կը դիմեն ՀԲԸՄ-ին, որ կը համաձայնի նիւթական ծախսերը հոգալ: 1921 Դեկտեմբերի 30-ին ՀԲԸՄ-ի Մերսինի որբանոցի 314 որբերը` իրենց տնօրէն Հայր Մամբրէ Սիրունեանին հետ կը հասնին Ճիւնիի նաւահանգիստ՝ Լիբանան, ու անմիջապէս կը տեղափոխուին Աշքութ եւ Զմմառ:  Զապէլ Եսայեան Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին կողմէն լիազօրուած էր որպէս Կիլիկիոյ որբերու հարցերով գլխաւոր  տեսուչ, խորապէս գիտակցելով հայոց լեզուի իմացութեան հարցը ազգային ինքնութեան պահպանման համար,  բանակցութիւններ կը վարէր թուրք պաշտօնեաներուն հետ, որպէսզի  որբանոցներուն մէջ դասաւանդուէր հայերէն: Ահա այդ կապակցութեամբ է, որ Զապէլ Եսայեան իր ամուսնուն կը գրէ, որ կուրծք կուրծքի տուած պայքար կը տանի որբանոցի պաշտօնական լեզուին համար :

Այսպիսով յառաջատար գրող, հայամէտ գործիչ Զապէլ Եսայեանը իր աննկուն պայքարին շնորհիւ կերտեց հայ հերոսուհիի փայլուն կերպար: Անխօս, Զապէլ Եսայեանը կարելի է դասել վերջին 300 տարիներու ամէնէն ազդեցիկ հայ կին գործիչներուն շարքին: Զապէլ Եսայեանի եւ անոր նման մարդոց օրինակներով ոգեւորուած, իւրաքանչիւրս կրկնակի չափով պէտք է գործենք` յանուն նորօրեայ յաղթանակներուն:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Կարինէ Մինասեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x