Պատերազմը եւ «խնդալիք» ֆիլմը

December 3, 2024

Լիբանանի մէջ, պատերազմական մթնոլորտէն անջատուիլը դժուար է: Բայց մանաւանդ վերջին քանի մը ամիսներուն՝ անհրաժեշտութիւն էր: Միջոցներէն մէկը արուեստն է: Հաւանաբար մեզմէ շատեր 1,5-2 ժամ տեւողութեամբ ֆիլմ մը լման դիտելու կեդրոնացում եւ համբերութիւն չունին, բայց փոխարէնը կրնան ֆիլմերէ հատուածներ դիտել:

Համացանցի վրայ բազմաթիւ միջոցներ, ոճեր, ձեւեր կան, որոնք թէ՛ արագ թէ՛ դիւրին ձեւով անպայման ժպիտ մը կը գծեն դիտողին դէմքին վրայ: 

Charlie Chaplin 1

Պատերազմի ծանր ու դժուար վիճակէն թեթեւնալու համար, հաւանաբար նախընտրելի է «խնդալիք» (comedy) ֆիլմերու կամ ֆիլմերէ հատուածներու օժանդակութեան  դիմել: Անկեղծ ըլլալու համար, չեմ կրնար նոր «խնդալիք» ֆիլմեր գտնել, որոնք կրնան այդ նպատակին ծառայել: Չեմ ուզեր նաեւ Չարլի Չափլին(1) վրայ կեդրոնանալ, որովհետեւ, ըստ ինծի, շատ դժբախտ կերպար մը կը ներկայացնէ եւ տխուր մթնոլորտ կը ստեղծէ՝ ինչպէս որ հինգերորդ դասարանի հայերէնի ուսուցիչս՝ պարոն Թորգոմը բացատրած է: Ուսուցիչս, խորունկ բացատրութիւններ տուած է Չափլինի կերպարին մասին, որ օրին շատ յուզած է զիս եւ մինչեւ օրս չեմ ուզեր

Mr. Bean 2

փորձառութիւնը կրկնել: Միեւնոյն ձեւով՝ լուռ, անխօս եւ ֆիզիքապէս ճկուն կերպար մըն է Մսթըր Պինը (Mr. Bean)(2), որ բնաւ սրտիս չէ խօսած եւ չեմ կրցած հետեւիլ անոր գործերուն: Անձնական ճաշակ, համոզում է:

Այս երկու օրինակներէն զատ, սիրած եմ նաեւ Լուի տը Ֆիւնէսը (Louis de Funès), Փիեռ Ռեշարը (Pierre Richard), Տը Թրի Սթուճըսը (The Three Stooges), Փոլիս Աքատեմին (Police Academy), Լեզլի Նիլսընը (Leslie Nielsen), Լորէլ եւ Հարտին (Laurel and Hardy) եւ Ճին Ուիլտըրը (Gene Wilder):

Louis de Funès 3

Լուի տը Ֆիւնէսը(3) (1914-1983), ֆրանսացի ամենէն յայտնի եւ շատ սիրուած (ըստ ֆրանսական վիճակագրութիւններու) դերասանն է, որուն ֆիլմերը մշակութային արգելքներ կտրեցին եւ դարձան ֆրանսական սինեմայի արժէք: Ան ծանօթ է իր դէմքին չափազանցուած արտայայտութիւններով, մանր եւ չափազանց ճկուն արտաքինով: Իր ամենէն յայտնի կերպարներէն է խիստ բայց անճարակ ոստիկանը՝ Լուտըվիք Քրոշէն (Ludovic Cruchot):

Le Corniaud (1965) 4

Ձեզի հետ բաժնեմ քանի մը  հետաքրքրական հատուածներ՝

  • Le Corniaud – Scéne de la réparation de la voiture en musique
  • Les Aventures de Rabbi Jacob(5) (1973) ֆիլմէն՝ danse juive | “Les Aventures de Rabbi Jacob” – 1973 (

    եւ ծամօնի մէջ լոգանքի հանրայայտ տեսարանը Louis de Funès scene

  • Le Gendarme de Saint-Tropez (1964) ֆիլմէն՝ Le Gendarme de Saint-Tropez – 7, Beach, Louis de Funès (1964)
Pierre Richard – Le Grand Blond avec une Chaussure Noire (1972) 6

Լուի տը Ֆիւնէսըն վերջ տպաւորուած եմ Փիեռ Ռեշարով, որ դարձեալ մարմնաւորած է անճարակ հմայիչ կերպարներ, եւ մանկութեան օրերուս կը կարծէի որ Լուի տը Ֆիւնէսի յաջորդն էր: Ամենէն նշանաւոր տեսարանն ու մանաւանդ երաժշտութիւնը կը մնայ՝ Le Grand Blond avec une Chaussure Noire(6) (1972) ֆիլմին առաջին իսկ տեսարանը, Le Grand blond avec une chaussure noire – Arrivée à l’aéroport:

եւ Pierre Richard, Gérard Depardieu – La Chèvre – Scène de L’aéroport

The Three Stooges 7

Տը Թրի Սթուճըսը (The Three Stooges)(7) երաժշտախառն կատակերգութիւն մըն է, որ սփռուած է 1922-էն մինչեւ 1970-ական թուականները: Երեք հիմնական կերպարներն են՝ Մօ (Moe), Լէրի (Larry) եւ Քըրլի (Curly), որոնք ֆիզիքական երեւոյթով թէեւ չեն ապացուցեր, բայց բաւական ճկուն եւ արագ խաղարկութեան տէր են: Իրար հետ վիճիլը, իրար չհանդուրժելը, ձախաւերութիւնները միշտ ներկայ են իրենց ֆիլմերուն մէջ: Հետաքրքրական հատուածներ են՝

A Plumbing We Will Go (1940) ֆիլմէն youtubeէն հատուած մը՝ Curly fixes some plumbing
Եւ Micro-Phonies (1945) կարճ ֆիլմէն հատուած մը՝ Micro-Phonies 3 Stooges “Voices Of Spring” segment

Police Academy                                                       եւ Laurel and Hardy 8

Չերկարելու համար, մնացեալ յիշածներս ալ (Police Academy(8), Leslie Nielsen, Laurel and Hardy(8), Gene Wilder) կարճ հատուածներով տեսարաններ ունին youtube-ի վրայ, կրնանք թէ լման ֆիլմերը եւ թէ հատուածներ դիտել:

Բարի վայելում:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x