Չկայ ոչ մէկ հրատարակութիւն, որ յարգէ տողադարձի կանոնները
March 31, 2022
- Տողադարձ (ա)
Նպատակս տողադարձի ամբողջական տեսութիւն մը շարադրել չէ, այլ շատ մասնակի պարագայ մը միայն, այն է՝ ութիւն ածանցը կրող բառերը:
Արդի հայը, առանց անդրադառնալու, այս եւ նմանները ուղղականի մէջ կը վանկատէ ու կ’արտասանէ երկու ձեւով՝ քաջու-թիուն եւ քաջութ-յուն: Ասոնց առաջինը կը համապատասխանէ գրաբարի արտասանութեան, երկրորդը յառաջացած է աշխարհաբարի մէջ: Եւ որովհետեւ հաւատարիմ մնացած ենք մեսրոպեան ուղղագրութեան, ուստի երկուքն ալ կը գրենք առաջին՝ գրաբարեան ձեւով՝ քաջու-թիւն:
Միւս հոլովները ունին աշխարհաբարեան միատեսակ ու կայուն արտասանութիւն՝ քաջութ-եան, քաջու-թենէ, քաջութ-եամբ: Սակայն ասոնց երկուքին ուղղագրութիւնը չի համապատասխաներ մեր արդի կիրարկութեան, որ է՝ քաջու-թեան եւ քաջու-թեամբ:
Ուրեմն արտասանութիւնն ու գրութիւնը ներդաշնակ են միայն բացառականի մէջ:
Միւս երկուքը կ’արտասանենք ձեւով մը եւ կը գրենք այլ ձեւով:
Այդ այլ ձեւը՝ գրաբարեանն է. կը գրենք գրաբարեա՛ն ձեւով:
Իսկ ինչո՞ւ գրաբարը կը գրէր քաջու-թեան եւ քաջու-թեամբ:
Որովհետեւ մեր նախնիները ունէին ուրիշ արտասանութիւն մը:
* * *
Արտասանութեան տարբերութիւնը կը վերաբերէր ե տառին, որ գրաբարի մէջ բոլոր դիրքերու վրայ՝ բառին սկիզբը, մէջը թէ վերջը կ’արտասանուէր é, այսինքն՝ «է»:
Ուրեմն եան մասնիկը կ’արտասանուէր éan, այսինքն՝ էան:
Եթէ պահ մը դուք ալ զայն արտասանէք էան, ապա պիտի նկատէք, որ ստիպողաբար պիտի վանկատէք քաջու-թէան:
Իսկ աշխարհաբարի մէջ եան մասնիկի ե տառը կ’արտասանուի կիսաձայն յ տառին պէս (հայ, նա –յիլ, կա-յան), որ կը համապատասխանէ եւրոպական y տառի արտասանութեան: Անգամ մը որ յարգենք ե տառի այս նոր արտասանութիւնը, ապա ստիպողաբար պիտի վանկատենք հետեւեալ ձեւով՝ քաջութ-yան կամ քաջութ-յան, այսինքն՝ քաջութ-եան[1]:
Ա՛յս է մեր բնական արտասանութիւնը եւ ա՛յս ալ պարտի ըլլալ մեր ուղղագրութիւնը:
Իսկ մենք ժառանգած ենք արուեստական ու բռնազբօսիկ ուղղագրութիւն մը՝ քաջու-թեան, որ չի համապատասխաներ աշխարհաբարի արդի արտասանութեան:
Ինչպէ՞ս կը լուծենք մենք կացութիւնը. կը գրենք քաջու-թեամբ եւ կարտասանենք՝ քաջութ-եամբ՝ ե տառին տալով աշխարհաբարեան արդի արտասանութիւնը, որ է y:
* * *
Ինչպէ՞ս դուրս գալ այս անելէն. պարզ է, հետեւելով մեր բոլորիս ուսուցչապետի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի օրինակին, որ կը գրէր այնպէս, ինչպէս իր օրին կ’արտասանէր հայը:
Ուրեմն մենք ալ գրենք յարգելով արդի հայուն արտասանութիւնը՝ քաջութ-եան:
Որով հոլովական յարացոյցը կու տայ՝
քաջու-թիւն, քաջութ-եան, քաջու-թենէ, քաջութ-եամբ:
Այս նոյն ձեւով ալ այն բազմահազար բառերը, որոնք կը կրեն ութիւն ածանցը:
Այլ նաեւ այն բոլոր բառերը, որոնց վերջավանկը կը սկսի ե տառով, օրինակ՝ ատ-եան, մատ-եան, արդ-եօք, երկաթ-եայ, ջրակ-եաց, երկվեց-եայ, շրջահայ-եաց, Մինոյ-եան եւ այլն:
Որով վերջ կը տրուի ուղղագրական ընդերկար քաշքշուող անհեթեթութեան մը:
Ուշադրութի՛ւն. այս բարեկարգութիւնը ոչ մէկ ոտնձգութիւն է մեսրոպեան ուղղագրութեան հանդէպ: Թող որ Մեսրոպի օրով տողադարձի կանոն գոյութիւն չունէր: Այդ կանոնները հաստատուեցան Մեսրոպէն 1000 տարի ետք՝ օրուան արտասանութեան համեմատ: Մենք ալ իրաւունք ունինք տողադարձելու մե՛ր արտասանութեան համեմատ:
Իսկ ո՞վ պիտի հաստատէ այս,− եւ ասոր նմանող շատ ուրիշ,− բարեկարգութիւնը:
Արեւմտահայութեան ու մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան տէր կանգնող, անոր գոյութեան վրայ իրենց վարկը, իշխանութիւնն ու փառքը հիմնող անհատներն ու կառոյցները պարտին մտածել ու գործել այս ուղութեամբ:
Այսինքն՝ հնազանդին իրենց քարոզած առաքելութեան:
Ծանօթ.− Ութիւն-ը միակը չէ, որ տողադարձական հարց ստեղծած է: Տողադարձը ինքնին շատ մեծ հարցականի մը առջեւ է այսօր, ուր ան ենթակայ է ամենաքմահաճ ոտնձգութիւններու: Մեր լեզուի պատմութեան մէջ ոչ մէկ ատեն տողադարձը խաթարուած է այնքան, որքան ներկայ փուլին: Չկայ, բացարձակապէս չկայ ոչ մէկ հրատարակութիւն, որ յարգէ տողադարձի ամենատարրական կանոնները:
Այս ալ ի՛ր կարգին մտածելու անյետաձգելի տեղիք կու տայ:
- Բառային յղկումներ
Այս խորագիրին տակ կ’երթան կարգ մը բառեր, որոնց ստուգաբանական ճշգրիտ կազմը քիչ մը խորթ ու անհարթ կը հնչէ, եւ լեզուն ու ժամանակը կամաց-կամաց կը ջանան հարթել այդպիսիները՝ ուղիղը մասամբ զոհելով գեղեցիկին:
Մեր լեզուն էապէս գեղապաշտ հիմքերու վրայ դրուած է:
Եւ որովհետեւ լեզուի ծնուցիչն ու դայեակը ժողովուրդն է, ապա բանիւ նովին պիտի ընդունինք, որ հայը ի՛նքը գեղապաշտ է նախախնամութեան իսկ տնօրինութեամբ:
Կը մնայ որ ան անդրադառնայ այս իրողութեան ու ջանայ արժեւորել այդ պատիւը:
Ստորեւ տեսնենք այդպիսի բառերու փունջ մը.
հասարակակարգ > հասարակարգ
ճարտարասան > ճարտասան
երեսանակակալ > երեսանակալ
աշխարհահայեացք > աշխարհայեացք
շնորհահանդէս > շնորհանդէս
տաւարարած > տաւարած
Մարմարաշէն > Մարմաշէն
Համամաշէն > Համշէն
Եթէ ուշադիր բաղդադտէք զոյգ ցանկերը, ապա պիտի նկատէք, որ առաջինին մէջ ընդգծուած զոյգ-զոյգ կրկնադիր հնչիւնները երկրորդին մէջ վերածուած են մէկի՝ կա-կա > կա եւ այլն: Այս զեղչումը տեղի ունեցած է բծախնդիր ճշգրտութեամբ՝ առանց նուազագոյն շեղումի, եւ այս բոլորը՝ ի խնդիր բարեհնչութեան եւ արտասանական հեզասահութեան:
Վերանայումի կը կարօտին, սակայն, րհ հերթագայութիւնը կրող աշխարհայեացք եւ շնորհանդէս բառերը, որոնց տրուած լուծումը յաջող չէ:
Մենք,− հաւանաբար ոչ միայն հայերս,− որոշ դժուարութիւն ունինք արտասանելու այս զոյգը, մասնաւորաբար երբ ան կը գտնուի նոյն վանկին մէջ՝ աշ -խարհ, խո-նարհ, ճանա-պարհ, նիրհ, շնորհ, ժպիրհ[2]. արագախօսութեան առթիւ հակամէտ ենք «ուտելու» վերջին հ հնչիւնը եւ ըսելու՝ աշ-խար, խո-նար, ճանա-պար, նիր, շնոր: Այս դժուարութիւնը, որոշ չափով ներկայ է նաեւ հոն, ուր յիշեալ զոյգը բառին վերջը չէ, ինչպէս վերը բերուած ցանկին պարագան է: Այնպէս որ քիչ մը աւելի առաջ երթալով կարելի էր ըսել՝ աշխարահայեացք եւ շնորահանդէս, այսինքն քանդել կամ մեղմացնել րհ հերթականութիւնը ու րահ դարձնել զայն, որով աշխարա-հայեացք եւ շնորա-հանդէս բոլորովին հեզասահ կ’արտասանուին:
Յետագրութիւն
Նախորդ առաքումովս ակնարկած էի հարց բառի չարաշահութեան:
«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը նոր գոհարներ կը նուիրէ առ այդ.
–Հարցը անձնակազմի մարզումի եւ բազմաթիւ հարցերու կը կարօտի: Անոնց ցուցակին վրայ կան այլ հարցեր…» (21 մարտ 2022, էջ 8):
[1] Այսպէս կը վանկատէ նաեւ Յակոբ Չոլաքեանը:
[2] Հ-ի արտասանութիւնը դժուար է նոյնիսկ ձայնաւորէ ետք, օրինակ՝ նախագահ, Զարեհ, թոհուբոհ, որ հակամէտ ենք արտասանելու նախագա, Զարե, թոհուբո. ասոնք այսպէս ալ կ’արտասանուին… արեւելահայ ինտելիգենցիայի կողմէ:
Շնորհակալութիւն, պարոն Եղիայեան, տրուած օգտակար բացատրութեան համար:
Իսկապէս կնճռոտ հարց մը լուսաբանեցիք: Կը մնայ որ ամէն տեղ նոյն կիրքով կիրարկուի:
Աշխարհահայեացք եւ շնորհահանդէս – այսպէս աւելի յարմար է ինծի:
Իսկ մարմարէ շինուածին ի՞նչ ըսել – կը նախընտրեմ մարմարաշէնը:
Պիտի խնդրէի, որ անդրադառնայիք սուղ ըթ-ի գործածութեան եւ ու-ւ ջնջման կամ վերածման հարցերուն. ներկայ հայ մարդը ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործէ սուղ ըթ-ի պարագան, երբ կան թերթեր, որ ամբողջութեամբ անտեսած են, անգլերէնի պէս բառը իր հասած տեղէն կը տանին յաջորդ տող, եւ վերջ (եւ արդեօք պէ՞տք է պահել սուղ ըթ-ը արդի հայուն համար…):
Նաեւ, եթէ դժուար չէ, խնդրեմ յստակացնէք՝ պարսկահայութեան մօտ տողադարձային «իւրայատկութիւն»ը որեւէ հիմք ունի՞: Հայութեան այս թեւը լրիւ տարբեր (արդարացուա՞ծ) մօտեցում ունի տողադարձի կանոններուն կապուած: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս:
Ծանօթ է նաեւ, որ իւրաքանչիւր խմբագրատուն-տպարան իր «նուիրականացած» օրէնքները հաստատած է եւ այդպէս կը գոյատեւէ: Տեսնենք մինչեւ ե՞րբ:
Ի՞նչ է ձեր վերջնական առաջարկը՝ բոլորին համար եւ միօրինակութեան սկզբունքով կիրառելի դարձնելու համար արեւմտահայոց լեզուն եւ իր օրէնքները: