Ուղղագրական բարքեր եւ կրկնաբանութիւններ

May 2, 2024

1. Ուղղագրական բարքեր

«Զարթօնք»-ի 13/4/2024-ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք՝

              հրավառութիւն …  հրավարութիւն հրաւարութիւն

2.Շնորհաւորանք «Լուսաբաց»-ին՝ պայմանագրեր, օրհներգեր, ոչ-ներգրաւային, պատասխանատւութիւն  ճիշդ կիրարկութեանց համար:

  1. Կրկնաբանութիւն

Մեր թերթերը ընդհանրապէս անտարբեր են կրկնաբանութիւն կոչուած երեւոյթին հանդէպ, որ գրողական արուեստի մեծագոյն թերութիւններէն է.  ստորեւ օրինակ մը ինչ-որ «կնոջական էջ»-ի մը մէջ բերուած թելադրանքէ.

–«Ծլած ցորենը, սեւ տուրմը, կովու միսը, լեարդը նոյնպէս կ’ապահովեն մազերուն աճը եւ առողջ տեսքը: Թթխմորը նոյնպէս կը զօրացնէ մազերուն արմատները ու կը խթանէ անոնց աճը»:

Այստեղ, ինչպէս կ’ըսեն, «աչք կը ծակէ»  նոյնպէս բառին կրկնութիւնը՝ այսքան կարճ միջոցի մը՝ իրարայաջորդ երկու նախադասութեան մէջ, ուր առաջինին կիրարկութիւնը այնքան թարմ ու վառ է, ու վրայ կը հասնի երկրորդը՝ լախտի հարուածի մը պէս իջնելով ընթերցողի գեղագիտական  տարրական զգացումին վրայ:

Նոյնպէս-ը բազմիմաստ բառ մըն է, որ կը ծառայէ ընդհանրապէս փակելու համադաս թւումներու շարք մը՝ անոնց վրայ աւելցնելով նոր, մոռցուած, միւս կողմէ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող  տարր մը. այստեղ յաջորդաբար յիշուած  են՝ ցորենը, սեւ տուրմը, կովու միսը, լեարդը, որոնք  ինչ-որ օգուտ մը կը բերեն մազերուն: Եւ ահա վերջին պահուն գրողը կը յիշէ, որ դուրսը մնացած է… թթխմորը, որ իր կարգին, չըսելու համար՝ նախորդներէն աւելի,  կարեւոր օգուտ մը ունի մազերուն. այդ կարեւոր մոռացումը դարմանելու համար կիրարկած է նոյնպէս-ը, որ արդէն մէյ մը կիրարկուած է: Այս անհաճոյ կրկնութիւնը կը թուլացնէ   մեր ոճը եւ առ ոչինչ կը հանէ եղած թելադրանքէն ակնկալուած  տպաւորութիւնը:

Քիչ մը  ամէն կրկնութեան պէս:

Եւ ամէն կրկնութեան պէս՝ սա իր կարգին դարմանելի է, եթէ գրողը նուազագոյն ճիգը թափէ. փառք Աստուծոյ, հայերէնը իր ճոխ բառամթերքով, մանաւանդ հոմանիշներու ճոխ օժիտով, անպայման կը վարձատրէ մեզ, կը բաւէ որ փորձենք:

Խնդրեցէ՛ք, եւ պիտի տրուի:

Այս պարագային կարելի էր  կիրարկել իր կարգին, նմանապէս շաղկապական բառերէն մէկը. փորձենք, եւ պիտի տեսնենք ասոնց ոճական հրաշագործ նպաստը մեր խօսքի կառոյցին:

4.Իսկ հիմա փորձենք վերծանել  «Ազդակ»-ի քաղաքական էջի հետեւեալ  լուսաւոր ու լուսատու միտքը.

–«[Ալճերիա]  կը յանձնարարէ Պաղեստինի՝ ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը ընդունիլ» (18/4/2024, էջ 1):

Հարցում՝

–Ո՞վ կը յանձնարարէ,— Ալճերիա:

–Որո՞ւ կը յանձնարարէ,— Պաղեստինի:

–Ի՞նչ կը յանձնարարէ,— ընդունիլ ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը:

                                                                *   *   *

Ուրեմն կը հետեւի, թէ Պաղեստին մինչեւ հիմա չէ ուզած կամ պարզապէս մերժած է ընդունիլ ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը, եւ հիմա եղբայրաբար կը թելադրուի իրեն, որ յօժարի, ընդունի իր անդամակցութիւնը բերել  Միացեալ ազգերու համաշխարհային կազմակեր-պութեան:

Սակայն մի՞թէ այս է կամ այսպիսին է կացութիւնը, իրողութիւնը:

Խաշած հաւն ալ գիտէ,  որ Արեւմտեան ափի պաղեստինցիները  տասնամեակներէ ի վեր կը ջանան լիարժէք անդամակցիլ ՄԱԿ-ին եւ սակայն… կը մերժուին, կը հանդիպին քաղաքական արգելքներու, դուք ըսէք՝ մեքենայութեանց, եւ չեն յաջողիր հաւասար անդամ դառնալ միջազգային ընտանիքին:

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը չի՞ գիտեր այսքանը:

Շատ ալ լաւ գիտէ:

Եւ սակայն… բոլորովին ուրիշ բան կը գրէ:

Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ բան մը ճիշդ գիտնալը մէկ բան է,  զայն ճիշդ արտայայտելը ուրիշ բան է: Միւս կողմէ՝ այս քաղաքական էջը հետզհետէ կը ցուցաբերէ   իրողութիւնները ծուռ հայելիի մէջէն դիտելու ու տեսնելու զօրաւոր հակամէտութիւն մը:

5.Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը որդեգրած է  Ազրպեյճանին ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը արգելափակող  օրինագիծը («Ազդակ», 18/11/2023):

Այսինքն՝ ամերիկացիք օրինագիծը դրած են ամրակուռ սենեակի մը կամ պողպատեայ արկղի մը մէջ, կղպած են դուռ ու պատուհան եւ ամէն ելումուտք, որպէսզի չըլլայ,  թէ այդ օրինագիծը ծակ մը գտնէ ու փախչի: Հապա՞՞՞…

Ողբալի է, քսան անգամ այս բային մասին խօսած եւ առ որ անկ է   յղած եմ զայն,  բայց ահա անարգել կը շարունակէ ան իր յաղթական ընթացքը՝ ամէն  անգամ չսպասուած  անկիւնէ մը ցցելու  համար իր զազրելի գլուխը:

 Պոլսոյ մէջ օրին  Սուրբ Խաչի նկուղներուն մէջ կ’արգելափակէին ազգին խենթերը, աւելի ապահով ըլլալու համար  սիւնի մըն ալ կը կապէին  զանոնք ու հերթով… կը ծեծէին, որպէսզի «խելքերնին  գլուխնին գայ»: Եւ երկար տասնամեակներ   չգտնուեցաւ մէկը, որ  օրին այդ ոդոշումը տուող բժիշկները եւ պատրիարքները կապէր այդ սիւներուն եւ ծեծէր զանոնք, որպէսզի «անո՛նց խելքը տեղը գար»,  քանի իսկական յիմարները իրե՛նք էին: 

  1. Թիրախահար հրթիռ

Սփիւռքահայ թերթի  մը կիրարկած  բառակապակցութիւնն է այս:

Մեր բառարաններուն մէջ թիրախահար, իբրեւ՝ «թիրախ հարուածող» բառ չկայ. զայն հնարած են արդի լրագրողները՝ բնորոշելու համար արդի աշխարհը խճողող հրթիռի ինչ-որ որակ մը կամ տեսակ մը:

Մամուլը իր գովելի դերին  մէջ է, այս պարագային՝ փորձելով հայերէնի բառամթերքը օրը-օրին օժտել նորագոյն հասկացութիւնները նշող  բառամթերքով: Արդի արեւմտահայերէնէն ժամանակին հետ նահանջեցին գիտութեան գրեթէ բոլոր մարզերը, միայն  հրապարակագրութիւնն է  որ  պատուով տոկաց ու մանաւանդ քայլ պահեց ժամանակին հետ: Ան իր որակը չի զիջիր եւրոպական ոչ մէկ լեզուի:

 

            [email protected]                                                                                    Արմենակ Եղիայեան

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x