Նոր հրաշալիք մը. աշխարհի բարձրագոյն անճաղ անիւը Սէուլի մէջ

January 30, 2024

Քաղաքի մը մէջ, ուր նորարարութիւնը եւ աւանդութիւնը կ’ընթանան միասին, UNStudio-ն (հոլանտական ճարտարապետական հաստատութիւն մը, որ մասնագիտացած է քաղաքաշինութեան եւ ենթակառոյցներու մէջ), համագործակցութեամբ Arup-ի (բրիտանական ընկերութիւն մը, որ գլխաւորաբար կը տրամադրէ ճարտարապետական գաղափարներ ու նախագիծեր, նաեւ՝ երկրաչափական ու շինարարական մասնագիտական խորհուրդներ) եւ տեղական Heerim երկրաչափական հաստատութեան, կը պատրաստուի ներկայացնելու ճարտարապետական հրաշք մը՝ հարաւային Քորիայի մայրաքաղաք Սէուլի «Երկուորեակ Աչք»ը: Այս անճաղ անիւը («սատանու անիւ»՝ Հայաստանի մէջ) նախագծուած է հպարտ կանգնելու Սէուլի Սանկամ (Sangam) կենսոլորտային պարտէզին մէջ, որ կառուցուած է 2002-ի Քորիաի եւ Ճաբոնի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի աշխարհի ախոյանութեան առիթով:

Նախաձեռնուած որպէս մէկ բաժինը Սէուլի քաղաքապետին՝ «Հան գետը հազար մայրամուտներով» ծրագրին, «երկուորեակ աչք»ը կը խորհրդանշէ միութիւն, նորարարութիւն եւ յառաջդիմութիւն: 180 մեթր բարձրութեամբ կառոյցը, որ նախատեսուած է դառնալու աշխարհի բարձրագոյն անճաղ անիւը (Ferris wheel), կը զարդարէ Հան գետի եզերքը:

Պէն վան Պերքել, UNStudio-ի հիմնադիրն ու գլխաւոր ճարտարապետը, կը բացատրէ ծրագրին էութիւնը` նշելով. «գտնուելով քաղաքին սիրտը, այս անճաղ կառոյցը կը վկայէ Քորէայի նորարարութեան եւ յառաջդիմելու ոգիին անսահման տենչը` արդիական արհեսատագիտութիւնը միախառնելով մնայունին եւ գեղեցիկին»:

Անոր անճաղ եզակի տեսքը, Սէուլի «Երկուորեակ Աչք»ը կը դարձնէ եզակի եւ գեղագիտականօրէն գերազանց. ան ունի երկու հատուող օղակներ, որոնք հեզասահ ու անխափան կը դառնան ներսի եւ դուրսի ուղիներով: Այս նորարարական մօտեցումը, որ ներշնչուած է Honcheonsigye աստղագիտական ժամացոյցէն, զոր պատրաստած է Սոնկ Եի-Եոնկ՝ հարաւային Քորիայի աստղագիտութեան, աշխարհագրութեան, օրացոյցի եւ կլիմայի Կուանսանկկամ (Gwansanggam) համալսրանի փրոֆեսորներէն, 1669-ին: Honcheonsigye-ը կը ներկայացնէ երկնային մարմիններու շարժումը ժամանակին մէջ:

Օղակներուն վրայ զետեղուած են 64 օթեակներ, որոնք իւրաքանչիւրը կրնայ ընդունիլ 20-25 հոգի, այլ խօսքով, 1400 հոգի միաժամանակ անիւին շուրջ դառնալ՝ գրեթէ կրկնապատիկը Լոնտոնի կոթողային «Լոնտոնի աչք»ին: Տեսքէն անդին, միութեան վրայ դրուած շեշտը Սէուլի «Երկուորեակ Աչք»ը կը դարձնէ մէկ արտայայտութիւնը Քորէայի յաջողասիրութեան եւ ոգիին:

180 մեթր տրամագիծով Սէուլի «Երկուորեակ Աչք»ը կը տեղադրուի 40 մեթր բարձրութեամբ մշակութային համալիրի մը վրայ՝ ստեղծելով կեդրոնական ներգրաւող կէտ մը Սանկամ պարտէզին համար: Այս համալիրը պիտի ընդգրկէ ցուցահանդէսի տարածքներ, ներկայացումներու սրահ, հատավաճառ առեւտուրի կէտեր, ուտելիքի եւ խմիչքներու կարելիութիւններ` զայն դարձնելով այցելուներ ներգրաւող մշակութային կեդրոն մը:

Մինչ աւարտելէ ետք անիւը պիտի հասնի 220 մեթր բարձրութեան, ան այցելուներուն կը խոստանայ վերէն դիտել ու վայելել Սէուլի ամէնէն ծաւալուն տեսարանները:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x