Նոյն մօր միաժամանակ ծնունդ տուած երեք երեխաները կը կոչուին եռուորեակ
June 8, 2022
1.Եռեակ եւ եռուորեակ
«Արմէնպրես»-ը իր հերթական թողարկումներէն մէկուն մէջ կու տայ հետեւեալ ուրախալի լուրը. «Բազմաբերդի 41-ամեայ բնակչուհին եռեակ է լոյս աշխարհ բերել»:
−Ինչ լա՜ւ,− կը հրճուիս եւ իսկոյն կ’օրհնես արգանդը այն հայուհիին, որ այս թանկագին պարգեւը կու տայ իր ազգին, մանաւանդ այս օրերուն, ուր այնքան շատ կարիքը ունինք նման հաճելի անակնկալներու:
Չենք մոռնար նաեւ մաղթել՝ տառոսը մայրանալու կոչուած բոլոր հայուհիներուն:
Սակայն, միւս կողմէ, չ’ուշանար սթափումն ալ.
−Եռեակ բառը ճիշդ չի հնչեր:
Այս կը յուշէ մեզի անվիճելի երկուորեակ բառը, որուն ածանցական բաղադրիչն է «ուորեակ[1]» (երկ+ուորեակ): Ուրե՞մն… ուրեմն պէտք է ունենայինք եռ+ուորեակ[2], որ կ’արտասանուի եռվորեակ:
Կը դիմեմ մեր բառարաններուն… ոչ մէկը նուազագոյն յիշատակութիւն ունի:
Կարծի ոչ երբեք գոյր արգանդ գերբեղմնաւոր ի մերում աշխարհի:
Եւ ակնարկս կ’ուղղեմ դէպի արեւելահայ բառարանները՝ Ակադեմիայի քառահատորը եւ Աղայեանի բացատրականը. երկուքն ալ դրած են ակնկալուած եռուորեակ (աբեղեանական ուղղագրութեամբ՝ երվորյակ) եզրը:
Յատկանշական է, որ ոչ Մալխասեանը ու ոչ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը ունին զայն: Ենթադրելի է, որ հասկացութիւնը 20-րդ դարու երկրորդ կէսին է, որ պարտադրած է ինքզինք ու ապա արժանացած է համապատասխան եզրին:
Այս դիտարկումը քիչ մը աւելի կը հիմնաւորուի եւրոպական բառարաններու պարզած կացութեամբ. աստեղ եւս մօտաւոարապէս այդ թուականներուն տեղ սկսած է գտնել triplet եզրը, որ անգլերէնի ու ֆրասնսերէնի մէջ նմանապէս կը նշանակէ «նոյն մօրմէն միաժամանակ ծնած երեք երեխաներէն մէկը»:
Հետաքրքրական է, թէ ինչո՛ւ այսպէս է, քանի պատմութեան ողջ տեւողութեան միշտ ալ, թէկուզ ոչ-յաճախակի, ծնած են եռուորեակներ:
Յամենայնդէպս, կանխելու համար անակնկալները՝ ըսենք. նոյն մօր միաժամանակ ծնունդ տուած չորս երեխաները պիտի կոչուին քառուորեակ, ապա՝ հնգուորեակ եւ… այլն:
Ծանօթ.− Ուղեղեէն մեկնող 12 զոյգ ջիղերէն հինգերորդը կը կոչուի ֆրանսերէն՝ trijumeau, անգլերէն՝ trigeminal, իտալերէն՝ trigemino: Այս ջիղը, դուրս գալով գանկէն, կը բաժնուի երեք ճիւղի, որոնցմէ մէկը կը սնուցէ վերին կզակը (յատկապէս այտերը), միւսը՝ աչքերը, երրորդը՝ ստորին կզակը: Արեւմտահայ երկլեզուեան բառարանագիրներէն Տեմիրճիպաշեան եւ Մեսրոպ Նուպարեան զայն կոչած են եռորեակ, Գուիտոն Լուսինեան՝ եռերկուորեակ (tri=եռ, jumeau=երկուորեակ), Գույումճեան՝ եռազուգորեակ: Նոյն ջիղը արեւելահայերը կը կոչեն եռուորեակ (եռվորեակ) ճիշդ ինչպէս կը կոչեն նոյն մօրմէ միաժամանակ ծնած երեք երեխաները: Մեզի կը թուի, թէ ամէնէն ճիշդ վարուողը այս պարագային արեւելահայ բառարանագիրներն են:
— երկուորածին − երկուորեակի ծնունդ տուած կին
— եռուորածին − եռուորեակի ծնունդ տուած կին
- Բարե՛ւ, Թորո՛ս:
Թորոս-ը կոչական է, ուրեմն կը տրոհենք զայն ստորակէտով:
- ան, որ… ինչ, որ… ով, որ…
Ան, որ քաջ է, թող մօտենայ:
Ինչ, որ կ’ուզես, պիտի ունենաս:
Ով, որ փորձեց մինչեւ ծայրը երթալ, յաջողեցաւ:
Բերուած օրինակները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ ան, ինչ, ով կը պատկանին գլխաւոր նախադասութեան (ան թող մօտենայ), իսկ որ-ով կը սկսի երկրորդական նախադասութիւնը, որ կարմիրով ներկած ենք:
- Քիչ մը աւելի դժուար է ուրեմն եւ հետեւաբար շաղկապներուն կիրարկութիւնը, որ բաւական հմտութիւն կը պահանջէ:
Ասոնք կրնան գտնուիլ՝
ա) Մէկ բարդ նախադասութեան մէջ. օրինակ՝
–Ուզածդ ստացար, ուրեմն ել-գնա:
–Այս ակնկալութիւնդ պիտի չգոհացուի, հետեւաբար անիմաստ է յոյսեր կապել:
Ուրեմն ասոնց իւրաքանչիւրը մէկ բարդ ստորադասական նախադասութիւն է, ուր երկրորդական նախադասութիւնը կը սկսի ուրեմն, հետեւաբար շաղկապներով, որոնք բացարաձակապէս ստորակէտ չեն պահանջեր:
բ)Վերջակէտէ մը ետք, նոր պարբերութեան մը սկիզբը. օրինակ՝
–«Մեր ամբողջ կարելին փորձեցինք, ու չյաջողեցանք համոզել զինք, եւ հիմա ամէն կապ խզուած է: Ուրեմն կամ հետեւաբար, մեզի կը մնայ այլեւս հրաժարիլ այս ծրագիրէն»:
Այս պարագային քիչ մը դժուար է կողմնորոշուիլ, երկւութիւններ կան, նայած թէ ուրեմն-ով սկսող նոր պարբերութեան կապը որքանով թարմ է նախորդ պարբերութեան հետ: Չեմ երկարեր, քիչ մը բարդ է. այս պարագային թելադրելի է, որ միշտ ստորակէտ դրուի ուրեմն, հետեւաբար շաղկապին աջին:
- այլ … այլեւ
–Ան պարտականութիւնը չկատարեց, այլ ամբողջ ժամանակը խաղաց:
–Անոր փնտռածը աշխատանք չէր, այլ պարզ զբաղում մը:
–Աջէն մի՛քալէք, այլ ձախէն:
Ասոնցմէ ոչ մէկը այլ-ին կից բութ կը պահանջէ:
Բութ կը դնենք զեղչուած անդամի մը փոխարէն, արդ, ո՞ր անդամը զեղչուած է, նման բան չկայ: Մինչդեռ՝ «Ես խնձոր կ’ուտեմ, ան՝ նարինջ» նախադասութեան մէջ ուտել բայը, որ նախորդին մէջ կը գտնուի, զեղչուած է:
–Ես խնձոր չեմ ուտեր, այլ նարինջ:
–Ես ոչ թէ խնձոր, այլ նարինջ կ’ուտեմ:
Ընդհանուր առմամբ ոչ մէկ շաղկապի վրայ բութ կը դրուի:
–Ան ոչ միայն կ’աշխատի, այլեւ կը խաղայ:
–Մենք ոչ միայն կողոպտուեցանք, այլեւ անարգուեցանք:
–Ոչ միայն այսօրը, այլեւ յառաջիկայ բոլոր օրերը ապահոված ենք:
[1] Բաղադրեալ ածանց մըն է այս. բաղադրիչներն են՝ ուոր եւ եակ:
[2] Ստուգաբանական տարազ՝ երեր-ուորեակ > երր-ուորեակ > եռ-ուորեակ > եռուորեակ: