ՆԱԶԱ-ի X-59-ը պատրաստ է ճեղքելու ձայնի պատնէշը (առանց պատուհանները կոտրելու)
January 11, 2024
Պատկերացուցէք աշխարհ մը, ուր ցամաքամասերու միջեւ թռիչքը կը տեւէ ընդամէնը քանի մը ժամ, ոչ թէ օրեր: Աշխարհ մը՝ ուր գերձայնային ինքնաթիռներու անցեալի մռնչիւնը փոխարինուած նուրբ տոփիւնով, որ հազիւ աւելի զօրաւոր է, քան ինքնաշարժի դրան փակումը: Խօսքը ՆԱԶԱ-ի ապագայ X-59 օդանաւին մասին է, որուն բացման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Ուրթաթ, 12 Յունուարին:
Գիտական այս նոր նուաճումը գեղեցիկ նոր օդանաւի մը ստեղծումը չէ, այլ յեղափոխական քայլ մը գերձայնային թռիչքը իրականութիւն դարձնելու բոլորին եւ ոչ միայն՝ պատերազմական օդանաւերուն:
Բայց ինչու՞ այս ամբողջ աղմուկը գերձայնային թռիչքի մը շուրջ. ժամանակը: Պատկերացուցէք որ 90 վայրկեանէն Լոնտոնէն Նիւ Եորք կ’այցելէք կամ կիսով կը կրճատէք ձեր անդրխաղաղական ովկիանոսի ճամբորդութիւնը: Տնտեսական եւ անձնական օգուտները հսկայական են:
Կարելի է դիտել տալ, թէ արդէն նման օդանաւեր կային. նշանաւոր ֆրանսեւբրիտանական Քոնքորտ օտանաւը, որուն թռիչքները ջնջուեցան:
Նորարարութիւնը ձայնի պատին ճեղքումին ստեղծած պայթումին կանխումն է, որ ժամանակին կը ցնցէր գետինը եւ փշրէր պատուհանները, երբ Քոնքորտը կը թռչէր բնկարանային շրջաններու վերեւեն: Այդ իսկ պատճառով գերձայնային թռիչքները ներկային արգիլուած են ցամաքի վրայով:
X-59-ը` ՆԱԶԱ,ի պատասխանն է ձայնի պատի պայթումի առեղծուածին: Այս նրբագեղ, 99 ոտք երկարութեամբ օդանաւը նախագծուած է ձայնի պատնէշը ճեղքելու մեղմ տոփիւնով` խլացնող պայթիւնին փոխարէն: Անոր իւրայատուկ ձեւը եւ խնամքով մշակուած առանձնայատկութիւնները այդ ցնցող ալիքները կը վերածեն մեղմ ցնցումի:
Այս արհեստագիտութիւնը պարզապէս նորարար սխրանք մը չէ: Ան կրնայ խաղին բոլոր օրէնքները փոխել ճամբորդութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ: Եթէ X-59-ն փաստէ իր գործնականութիւնը, ան կրնայ ճամբան հարթել գերձայնային ճամբորդութիւններու վերսկսումին՝ բանալով աւելի արագ եւ արդիւնաւէտ ճամբորդութիւններու աշխարհը: