Յուշամատեան Հայ Ազգային Բուժարանի Հարիւրամեակի

February 17, 2025

Աւետիս Ռազմիկ

2023-ին լրացաւ Հայ Ազգային Բուժարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակը: Աշխարհով մէկ սփռուած հայկական ազգային կառոյցներուն թէ միութիւններուն, հաստատութեանց թէ հիմնարկութեանց պատմութիւնը, բնականաբար, անտրոհելի մէկ մասնիկն է մեր ընդհանուր պատմութեան: Եւ անոնց պատմութիւնը, մէկ առ մէկ, անհրաժեշտ է որ գրուին եւ դառնան սեփականութիւնը յետնորդ սերունդներուն:

Այս առումով, ուրախալի է մեր գրասեղաններուն վրայ տեսնել Հայ Ազգային Բուժարանին համապարփակ պատմութեան պատկերազարդ յուշամատեանը, որ լոյս տեսաւ 2024-ին` խմբագրութեամբ Վարուժան Թէնպէլեանի: Հատորը կը բաղկանայ 140 էջերէ: Այն հրատարակութիւնն է հաստատութեան խնամակալութեան:

Յուշամատեանը կը բացուի Արամ Ա. Վեհափառին հարիւրամեակին առիթով հրապարակած սրբատառ կոնդակով, ուր դրուատալից տողերէ եւ հայրական ջերմ խօսքերէ ետք կը կարդանք` «100-ամեակը առիթ մըն է բանալու Բուժարանի անցեալի պատմութեան էջերը, եւ մեր սէրն ու յարգանքը արտայայտելու բոլոր անոնց, որոնք Աւետարանի բառերով` իրենց այրիի լուման դրին Ազունիէի Ազգ. Բուժարանի ծառայական գանձանակին մէջ»: Ան երախտագիտական խօսքեր ունի հաստատութեան խնամակալութեան, օժանդակ մարմիններուն ու բոլոր նուիրեալներուն եւ աղօթք առ Բարձրեալն Աստուած` որ «օրհնութեամբ ծաղկեցնէ ձեր նուիրեալ ծառայութիւնը»։ Ապա, ողջոյնի խօսք գրած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի տեղապահ` Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, ուր անդրադառնալէ ետք հաստատութեան եզակի ու կենսալից տեսլականին, Բուժարանին ազգանուէր առաքելութեան, Աստուածահաճոյ աշխատանքին, յուսալից ոգիով կը գրէ` «յառաջիկայ տասնամեակները յոյսով դիմաւորելու հեռանկարով, հաստատուն եւ ամուր քայլերով կ՚ուղղուինք դէպի երկրորդ հարիւրամեակ, միշտ ապաւինելով Բարձրեալին»։ Խնամակալութեան խօսքը վերնագրուած է` «Հարիւրամեակ Մը Կարեկցանքի Եւ Վճռականութեան», որ ակնարկ մըն է Բուժարանի ծննդոցին պատմութեան եւ մարդասիրական նպատակին, ուր կը գրուի` «աչքէ անցընելով Բուժարանի անցեալ հարիւր տարիներու պատմութիւնը, պիտի նկատենք, որ մեծագոյն իրագործումը եղած է հաւաքական կամքի, համերաշխութեան ու վճռականութեան յաղթանակը թշուառութեան եւ հիւանդութեան դէմ»: Այնուհետեւ կը կարդանք ԱՄՆ-ի մէջ գործող Հայկական Բժշկական Հիմնադրամի ողջոյնի խօսքը ուղղուած այս առթիւ: Վ. Թ. ստորագրութեամբ հեղինակը հակիրճ ակնարկ մը նետած է թոքախտի պատմութեան, անոր աղիտաբեր հետեւանքներուն` հինէն այսօր, վարակիչ բնոյթին եւ անոր դարմանումին ջանքերուն: Իսկ գիրքին մասին խմբագրութիւնը կը նշէ` «100-ամեակին նուիրուած այս հրատարակութեան բովանդակութիւնը մտածուած կերպով մշակուած է մասնակցութեամբ Բուժարանի այժմու եւ նախորդ խնամակալութիւններուն, նաեւ գործակցութեամբ` Կարօ Տէրունեանի, Վահէ Գամպուրեանի եւ Թագուշ Ղազարեանի»։

Այնուհետեւ, հետագայ էջերով կը կարդանք Բուժարանին պատմութեան գլխաւոր հանգրուաններուն մասին` իր հարուստ տեղեկութիւններով, հիմնական բարերարներուն անուններով, խնամակալութեանց, արտաքին օժանդակութեանց, դժուարութեանց եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ: 1921-ին, երբ հայեր զանգուածաբար հաստատուեցան Լիբանան եւ Սուրիա, կ՚ապրէին ծայրայեղօրէն թշուառ պայմաններու տակ եւ մանաւանդ հակաառողջապահական միջավայրի մը մէջ, ուր ծայր կ՚առնէր մահացու թոքախտը, կը վարակէր շատերը եւ անգթօրէն կը հնձէր շատերու կեանքը: Ազգային ու մարդկային ցաւ ու կորուստ էր սա: Ահա այս յուսալքիչ եւ մտալլկիչ կացութեան դիմաց, Վերապատուելի Ենովք Հատիտեան կը մտայղանայ եւ կը նախաձեռնէ թոքախտանոցի մը հաստատման: Իր գաղափարը դրական արձագանգ կը գտնէ Լիբանանի մէջ գործող ամերիկեան, զուիցերիական առաքելութեանց եւ երիցական եկեղեցւոյ մօտ, որոնք կ՚օժանդակեն սոյն ձեռնարկին յաջողութեան: Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի տնօրէն Չարլզ Ֆաուլ ու երիցական եկեղեցւոյ քարտուղար Ճէյմզս Նիքըլ այս նպատակին համար կ՚առաջարկեն առանց վարձքի տրամադրել Մաամըլթէյնի որբանոց- աշխատանոցի շէնքը: Այս գաղափարին ու գործին շուրջ` աւետարանական համայնքի կողքին անմիջապէս կը մէկտեղուին հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիները եւ կը կազմուի առաջին խնամակալութիւնը Սուրէն Վրդ. Քէմհաճեանի (առաքելական), Յակովբոս Վրդ. Նեսիմեանի (կաթողիկէ) եւ Վեր. Ենովք Հատիտեանի կողմէ: Բուժարանին բացումը տեղի կ՚ունենայ 1 Յուլիս 1923-ին: Անոր անմիջական օգնութեան կը հասնին մարդասիրական կազմակերպութիւններ, բարեխնամ անհատներ եւ բարերարներ, ինչպէս Ամերիկեան Նպաստամատոյցը, Մարթա Ֆրիրսըն, Դանիական առաքելութիւնը, Հայ Կարմիր Խաչը, աւետարանական եկեղեցիներ, հայրենակցական միութիւններ, օտարներէն առաջինը` Միսիս Կրահամ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, նոյնիսկ որբեր կը մասնակցին նուիրատուութեան: Պէտք է յիշատակել առաջին բարերար նկատուող Մարտիրոս Կէրթմէնեանի անունը, որ տարիներով նպաստած է Բուժարանին յարատեւման: Հոն կը կարդանք` «հայկական բուժարանը կը հանդիսանայ ազգային միջյարանուանական առաջին հաստատութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ»: Խնամակալութեան կը միանան Եղիշէ Արք. Կարոյեան, Գէորգ Վրդ. Ճանսըզեան (առաքելականներ) եւ Աւետիս Արք. Արփիարեան (կաթողիկէ): Բուժարանին նիւթապէս օժանդակած են տարբեր ուխտերու առիթներով ղրկուած նուէրները։ Սակայն, հայրախնամ քայլ մը նախաձեռնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տարագրեալ կաթողիկոս Սահակ Բ. Վեհափառը, որ 22 Դեկտեմբեր 1931-ի, թիւ 92 կոնդակով «Բուժարանի Օր» կը հռչակէր Բարեկենդանի առաջին Կիրակին, այդպիսով լայնատարած հանգանակութիւն կազմակերպելով ժողովրդային մակարդակով: Այս Աստուածահաճոյ աւանդութիւնը պիտի շարունակուէր մինչեւ 1975 թուականը` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին: Կոնդակին մէջ կը կարդանք` «Հայրական նուաղկոտ ձայնով կոչ կ՚ուղղեմ ինքնաբաւ եւ աղքատ հայուն, չափաւորեցէ՛ք Ձեր հաճութեան եւ զուարճութեան ծախսերը, ամէն բան ունայնութիւն է, միայն բարիքը անմահ է: Ուստի տուէ՛ք, ունեւորը իր աւելորդաց ինչքից թող տայ, աղքատը իր չորաբեկ հացէն բաժին թող հանէ: Տուէ՛ք ինչ որ եւ ինչ չափով կը թելադրեն Ձեր խիղճն ու հոգին»։ Մինչեւ 1930 Մաամըլթէյնի թոքախտանոցը կ՚ընդունուին եւ կը խնամուին 616 հիւանդ։ Կը կարդանք անուանացանկը մնայուն թէ այցելու բժիշկներուն, ինչպէս` բժիշկներ` Մայիլեան, Ս. Պէտիր, Խ. Երէցեան, Հ. Չաղլասեան, Ս. Սէմէրճեան, Ա. Պաղտասարեան, Գ. Վարդապետեան, Ա. Գույումճեան, Տ. Սիւլահեան, Կ. Այվազեան:

Ժամանակի ընթացքին, կարիքը կը զգացուի աւելի օդասուն միջավայրի եւ արդիական կառոյցի մը, որովհետեւ Մաամըլթէյնի շրջանը հեղձուցիչ տաք կ՚ընէր ամառը։ 1931-ին, Բուժարանին խնամակալութիւնը, նկատի առնելով իր առաքելութեան ծաւալումն ու ծանրութիւնը, անհրաժեշտ կը նկատէ իրեն կից ունենալու օժանդակ մարմին մը` վարչութիւն մը։ Այս վարչութիւնը լրջօրէն կ՚անցնի գործի` իրագործելով հսկայական աշխատանք: Հոս երախտարժան ներդրում կ՚ունենան բժիշկներ Յովսէփ Ենիգոմշեան, Գարեգին Վարդա- պետեան, Տիգրան Պէրպէրեան. նաեւ հաշուակալ Տաճատ Սրապեան, երկ- րաչափ Գ. Նաֆիլեան: Այս վարչութեան առաջին առաջադրանքը կ՚ըլլայ նոր եւ յարմարաւէտ վայրի մը փնտռտուքն ու ապահովումը: Այս վարչութեան մեծ օգտակարութիւն կ՚ունենայ եւ կը միանայ Զուիցերիոյ Հայասէր Ընկերութեան ներկայացուցիչ, միսիոնար, Ուրֆայի հայ որբերու հայրիկ Եաքոպ Քիւնցլէր (Փափա Քիւնցլէր): Ան 1935-ին կ՚ուղղուի ԱՄՆ` հանգանակութեան առաքելութեամբ: Մինչայդ, երկար որոնումներէ ետք, 1934-ին կը գնուի Բուժարանին հողատարածքը` Շուֆի շրջանին մէջ Ազունիէ գիւղին մօտ: ԱՄՆ-էն Տիգրան Թէյլըր իշխանական նուիրատուութեամբ կը մասնակցի այս ծրագրին յաջողութեան: Նորակառոյց շէնքին շինութիւնը կը յանձնարարուի մեծանուն ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանին: Եւ վերջապէս նոր Բուժարանին բացումը տեղի կ՚ունենայ 12 Օգոստոս 1938-ին։ Կը սկսի Բուժարանին պատմութեան նոր էջը: Առաջինին` 1923-1938 (Մաամըլթէյն) բուժուած էին 888 հիւանդ։ Նոր շէնքին կառուցումով` հիւանդները կը փոխադրուին Ազունիէ: Միւս կողմէ, հայ կաթողիկէ համայնքը կը քաշուի այս նախաձեռնութենէն. ուստի` առաքելութիւնը, մինչեւ օրս, կը շարունակեն առաքելական եւ աւետարանական համայնքները:

Յուշամատեանին յաջորդ գլուխները կ՚ուրուագծեն Բուժարանին պատմութեան գլխաւոր դրուագները` հետեւեալ խորագիրներուն տակ` «Շինարարութեան, Ինքնամրապնդման Եւ Յարատեւ Ծառայութեան Քսանամեակ 1939-1959», «Կազմակերպումի, Ինքնափնտռտուքի Եւ Հասունացման Տարիներ 1959-1975», «Պատերազմի, Խարխափումի Եւ Վերանորոգումի Տարիներ 1975-1991», «Յետպատերազմեան Շրջան. Իրագործումներ Եւ Վերիվայրումներ 1991-2023»։ Նախ, Բուժարանը լայն ժողովրդականութիւն կը գտնէ Լիբանանէն դուրս։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանց Բուժարանին օժանդակութեան շուրջ կոնդակ մը կու տայ 23 Փետրուար 1943-ին։ Խնամակալութեան նախագահ կը դառնայ Խադ Արք. Աջապահեան: Վարչութիւնը ատենապետութեամբ տոքթ. Յ. Ենիգոմշեանի ձեռնհասօրէն կ՚աշխատի ամրապնդելու Բուժարանը եւ բազմաթիւ գաղութներու մէջ կը կազմուին օժանդակ մարմիններ` ինչպէս` ԱՄՆ, Եգիպտոս, Կիպրոս, Երուսաղէմ, Պաղտատ, Պասրա, Հայֆա, Լոնտոն, Հալէպ, Դամասկոս եւ այլն: Հոն կը ծառայեն անուանի բժիշկներ` տոթք. Սիւլահեանի կողքին` տոքթ. Բաբգէն Մկրտիչեան, տոքթ. Ե. Ճիտէճեան եւ ուրիշներ։ 1939-ին, տնօրէնի պաշտօնին կը կոչուի Զուիցերիայէն օր. Ռէօզլի Քերխհոֆէր: ԱՄՆ-ի յանձնախումբին գլխաւորներն էին` Արշակ Գարակէօզեան եւ վեր. Միհրան Գալայճեան: Նկատի առնելով Բուժարանին յարաճուն կարիքները, խնամակալութիւնը կը ծրագրէ նոր հողեր գնելով ընդարձակել Բուժարանը, զայն օժտել նոր շէնքերով եւ արդիականացնել շինութիւններն ու բժշկական սարքերը: Բուժարանին տարածքը սկիզբը 20.000 քռ. մեթր էր. հինգ տարբեր առիթներով կալուածատէրերէ գնումներէ ետք, 1960-ին կը հասնի 192.412 քռ. մեթրի: Աշխատանքի լայն ասպարէզ մը կը բացուէր արդարեւ:

Առաջին հերթին, նպատակայարմար էր մատուռի մը կառուցումը։ 1949-50 տարեշրջանին ճարտարապետներ Մ. Ալթունեան եւ Խ. Երամեան կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։ Հայկական ճարտարապետութեամբ Սբ. Աստուածածին մատուռին մէջ առաջին պատարագը կը մատուցուի 3 Փետրուար 1952-ին: Ապա կը կառուցուին Սէմէրճեան ապաքինարանը (1950-51), Քալիֆորնիահայոց շէնքը (1949-50), Քէքլիկեան բժիշկներու տունը (1955), Մկրտիչ Գավուգճեան ատաղձագործատունը, Յովսէփեան տարրալուծարանը, Կիւլպէնկեան հետազօտութեան կեդրոնը եւ այլն: Մինչայդ, Բուժարանին նախագահները կ՚ըլլան Զարեհ եւ Խորէն կաթողիկոսներ եւ վերապատուելիներ Յովհ. Ահարոնեան եւ Յովհ. Գարճեան. նաեւ` Տաճատ Արք. Ուրֆալեան եւ վեր. Մանասէ Շնորհօքեան: Լիբանանի կառավարութիւնն ալ հիւանդներ կ՚ուղարկէ վճարելով հիւանդներուն ծախսերը։ Բուժարանը շինիչ եւ արդիւնաւէտ գործակցութիւն կը ստեղծէ հայկական տարբեր բարեսիրական կազմակերպութեանց հետ, ինչպէս` Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Հաուըրտ Գարակէօզեանի, Ճինիշեան Հիմնարկի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Կարմիր Խաչի, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ այլն: Կը կարդանք, թէ տարիներու ընթացքին, քանի-քանի կարկառուն դէմքեր այցելած եւ զօրավիգ կանգնած են Բուժարանին, ըլլան անոնք բարերարներ, բարեսիրական մարմիններու ղեկավարներ, մտաւորականներ թէ կղերականներ: 1960-ին կը մշակուի եւ կը վաւերացուի Բուժարանին ծրագիր-կանոնագիրը։ 1968-էն սկսեալ Բուժարանին բժշկապետ կը նշանակուի տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեան։ Կը մտածուի Բուժարանը դարձնել հիւանդանոց, սակայն չի յաջողիր: Կը հաստատուի կուրծքի քաղցկեղի կեդրոնը։ 1975-ին մայր շէնքէն անջատ կը հաստատուի ծերերու հանգստեան տունը բարերար Կարապետ Պէրպէրեանի անունով: Բուժարանը գրասենեակ մըն ալ կը հաստատէ Պէյրութի մէջ: 1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ծանր կ՚ազդէ Բուժարանին վրայ։ Շրջանը թատերաբեմ էր կատաղի մարտերու: Անապահով եւ անիշխանական կացութիւնը «կազմալոյծ վիճակ» կը ստեղծէ: Տնտեսական վիճակը նոյնպէս կը վատթարանայ: Զինեալներ կը կողոպտեն շատ մը սարքեր։ Աւելի ուշ` 1982-ին, իսրայէլեան ներխուժումին եւս Բուժարանը կը կրէ վնասներ: Տարիներու խարխափումներէ ետք, երբ 1990-ին վերջ կը գտնէ պատերազմը, հետզհետէ Բուժարանը կը վերագտնէ իր նախկին կենսունակութիւնը։ Հերթապահ բժիշկ կը նշանակուի տոքթ. Սերոբ Տէմիրճեան եւ այցելուներ` տոքթորներ Սկրտիչ Պետրոսեան ու Յովհաննէս Փափազեան: Կը սկսի վերաշխուժացման փուլը: Բուժարանը կ’օժտուի նոր բաժանմունքներով։ Ճափոն շտապ օգնութեան բաժանմունքով կ՚օգնէ Բուժարանը։ Պետութիւնը բանտ մըն ալ կը հաստատէ Բուժարանէն ներս։ 2006-ի իսրայէլեան յարձակումին դարձեալ կը տուժէ Բուժարանը։ Մինչայդ կը գործէ ծերերու յատուկ բաժինը: Covid-ը եւս իր հարուածը կու տայ Բուժարանին: Վերջին տնօրէնները կ՚ըլլան Վահէ Գամպուրեան եւ ապա Տաճատ Սրապեան: Իսկ խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան: Կը կարդանք նաեւ շրջանի արաբ լիբանանցի ժողովուրդին, տիւրզի ղեկավարութեան դրուատալից եւ երախտագիտական արտայայտութեանց մասին` Բուժարանին մարդասիրական առաքելութեան ուղղուած։ Յուշամատեանը յատուկ գլուխով կ՚անդրադառնայ առաջին հիմնադիրներու փաղանգին (Սահակ Բ. Կաթ., Վեր. Ենովք Հատիտեան, Եղիշէ Արք. Կարոյեան, Եաքոպ Քիւնցլէր եւ Սուրէն Արք. Քէմհաճեան): Բուժարան յաճախ այցելելով, հոն պատսպարուածներուն, հոգեւոր սնունդ կը բաշխեն Արամ Ա. Վեհափառն ու Վեր. Փօլ Հայտօսթեան: Յուշամատեանին մէջ տրուած է նաեւ Բուժարանին խնամակալութեան կազմերը 1960-էն այսօր, վարչական պատասխանատուներու եւ տնօրէններու անունները։ Կայ գրական-գեղարուեստական գրութիւն մը Բուժարանին բարեխնամ եւ սիրալիր մթնոլորտի մասին, գրուած Սոնա Խտըշեան-Ծառուկեանի կողմէ («Լիբանան «Դրախտ Կորուսեալ»» գիրքէն): Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ |Բուժարանին գործակցութեան մասին: Իսկ ամենավերջը, իր հետաքրքրական եւ արկածալից յուշերէն պատմած է տարիներու վաստակ ունեցած եւ Բուժարանին տագնապներով ապրած տոքթ. Մկրտիչ Պետրոսեան, որ գրի առնուած է Վ. Թ.-ի կողմէ (Վարուժան Թէնպէլեան)։ Յուշամատեանին մէջ կան յիշարժան եւ հետաքրքրաշարժ լուսանկարներ:

Աւետիս Ռազմիկ – Նիկոսիա

Քաղուածաբար՝ «Պայքար»էն

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x