Յարութիւն Ղեւոնդեան. «Հայ ուսուցիչը» (Յատուկ գնահատանքի մրցանակ -2)

September 13, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022) եւ դատակազմին կողմէ արժանացած  է յատուկ գնահատանքի մրցանակին: 

Ինչ արհաւիրք ըսես, որ չէ տեսած հայ ազգը վերջին 300 տարիներուն ընթացքին ` ալան, թալան, կոտորած, բռնագաղթ ու մշակութային արժէքներու ոչնչացում: Սակայն հրաշքով մը հայ ազգը դեռ կը շարունակէ գոյատեւել, ապրիլ ու արարել, սերունդ տալ ու պետականութիւն ունենալ:

Ինչպէ՞ս, ի՞նչ հրաշքով, այդ ի՞նչ է, որ ուժ ու հաւատամք կու տայ հայ ժողովուրդին եւ այդ ալ դժուարին պահերուն: Անշուշտ այս բոլորին ետեւ կանգնած է հզօր ուժ մը, որ ուսումն է: Ո՞վ եթէ ոչ հայ ուսուցիչը նպաստած է, որ հայ ազգը չկորսուի, կեանքի ամէնէն դժուարին պահերուն անգամ ան պահած է իր լաւատեսութիւնը, անտեսած է չարչարանքները եւ շարունակած է սերունդներ կրթել:

Մենք այսօր կը բողոքենք դպրոցի պայմաններուն դէմ, իսկ անոնք պայմաններ ստեղծած են, որ աշակերտ պահեն եւ ուսում տան: Սերունդներու դաստիարակութիւնը հայ ուսուցիչները տեսած են նաեւ այլ տիպի ուսումնառութեան մէջ, սեփական օրինակով, ազնիւ ու աշխատասէր վարքով անոնք օրինակ հանդիսացած են մատղաշ սերունդին համար: Քանի որ դաստիարակութիւնը յարատեւ գործընթաց է, ան անընդհատ է եւ դրական կամ բացասական իմաստով կ’ընթանայ իւրաքանչիւր քայլափոխին:

Անգնահատելի է հայ բազմաթիւ մանկավարժներու դերը, որոնք արժանի են սերունդներու երախտագիտութեան եւ յարգանքին: Ներկայացուող երկու օրինակները հայ ոսուցիչի բնորոշ տեսակներն են:

Առաջինը Ղազարոս Աղայեանի մասին է, որու ապրած ժամանակաշրջանը եղած է բաւական դժուար, սակայն ան մեծ ներդրում ունեցած է հայ մանկավարժութեան մէջ: Ղազարոս Աղայեան ծնած է 1840-ին Պոլնիս–Խաչէն հայաբնակ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին եւ Շամշուլդա գիւղին մէջ` Տէր Պետրոս քահանային մօտ: 1853-ին ընդունուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, սակայն մէկ տարի ետք, ինքնակամ հեռացած է: Այնուհետեւ իր գիտելիքները ամբողջացուցած է ինքնակրթութեամբ: Աշխատած է որպէս գրաշար Թիֆլիսի, Մոսկուայի եւ Սան Փեթերպուրկի մէջ: 1867-ին վերադարձած է Անդրկովկաս, եղած է Էջմիածինի տպարանի կառավարիչ. խմբագրած է «Արարատ» ամսագիրը: Դասաւանդած է Ախալցխայի, Ալեքսանդրապոլի, Երեւանի, Շուշիի դպրոցներուն մէջ, եղած է Վրաստանի եւ Իմերեթիայի հայկական դպրոցներու թեմական տեսուչ: Մաս կազմած է «Փորձ» հանդէսի խմբագրութեան,  որպէս քարտուղար, գործուն մասնակցութիւն ցուցաբերած է «Աղբիւր» մանկական պատկերազարդ ամսագիրի խմբագրման: 1895-ին ձերբակալուած է Հնչակեան կուսակցութեան պատկանելու մեղադրանքով, աքսորուած է Նոր Նախիջեւան, ապա` Խրիմ (1898-1900): Այնուհետեւ մինչեւ կեանքին վերջը եղած է ցարական ոստիկանութեան հսկողութեան տակ: 1902 Մայիսին տօնուած է Աղայեանի գրական գործունէութեան 40-ամեակը: 1905-ին մասնակցած է Թիֆլիսի հոկտեմբերեան ցոյցին` ցարը տապալելու կոչով: Մահացած է 1911 Յունիս 20-ին, Թիֆլիսի մէջ: Հակառակ դժուարին ու փորձութիւններով լեցուն իր կեանքին, ան գրած է մանկավարժական–մեթոտական բազմաթիւ աշխատութիւններ: Առանձնակի կարեւորութիւն ունի անոր «Ուսումն մայրենի լեզուի» Ա, Բ, Գ, Դ տարիներու համար դասագիրքերը, որոնցմէ առաջինը շուրջ 40 տարի (1875-1916) եղած է ամենատարածուած այբբենարանը հայկական դպրոցներուն մէջ: 1869-ին «Արարատ» ամսագիրի առաջին համարներուն մէջ հրապարակած է «Խորհրդածութիւն դաստիարակութեան վերաբերեալ» յօդուածաշարքը: Աղայեան հիմնականօրէն զբաղած է տարրական ուսուցման հարցերով եւ մշակած մայրենի լեզուի ուսուցման ու գրագիտութեան մեթոտաբանութիւն: Ճիշդ այդ սկզբունքներով կազմուած են անոր «Արեւիկ» այբբենարանը, տարրական դպրոցի չորս տարիներու «Ուսումն մայրենի լեզուի» դասագիրքերը, իսկ «Ուսումն մայրենի լեզուի, պատկերաւոր, այբբենարան եւ առաջին ընթերցարան»–ը 1875–1916 թուականներու միջոցին լոյս տեսած է 33 անգամ, գրեթէ վերահրատարակուելով ամէն տարի: Անոնց մէջ ներկայացուած են բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, առակներ, հեքիաթներ եւ այլն: 1869 Մայիսէն ստանձնելով «Արարատ» հանդէսի խմբագիրի պաշտօնը, առաջին իսկ համարին մէջ կը զետեղէ «Քանի մը խօսք մեր սիրելի ազգակիցներուն» առաջնորդող յօդուածը, նուիրուած աշխատանքի գովքին: Աղայեան նաեւ  հարստացուցած է մեր թարգմանական գրականութիւնը ռուս եւ արեւմտաեւրոպական դասական գրողներէ կատարած թարգմանութիւններով ու փոխադրութիւններով: Ան թարգմանած է Իւան Կռիլովի, Ֆրիտրիխ Շիլլերի, Հայնրիխ Հայնէի, Լեւ Թոլսթոյի, Ուիլեամ Շեյքսփիրի գործերը: Առանձնապէս յիշատակութեան արժանի է Ալեքսանտր Փուշկինի «Ոսկի ձկնիկ» հեքիաթի փոխադրութիւնը:

Անգնահատելի է նաեւ մեծն վարպետ Կոմիտասի գործունէութեան նշանակութիւնը: Ան մեծ հայ երգահան է, երգիչ, երաժշտական ազգագիր, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ, հայկական ազգային երաժշտահաններու դպրոցի հիմնադիր: 1881-1893, ուսանած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ: 1894-ին ձեռնադրուած է աբեղայ եւ ստացած Կոմիտաս անունը: Անգնահատելի է Կոմիտասի աւանդը բանահաւաքութեան գործին մէջ: Շրջելով հայաբնակ բազմաթիւ բնակավայրեր` հմուտ երաժիշտը ձայնագրած է հայ ժողովրդական երգարուեստի տարբեր ժանրերու պատկանող քանի մը հազար երգ` այսպիսով մոռացումէ փրկելով հայ ժողովուրդի ստեղծած ամբողջ մշակոյթ մը: Այդ երգերը իր գիտական եւ ստեղծագործական երկերու ատաղձը կը կազմեն: Ան հաւաքած եւ գրառած է աւելի քան 3000 հայկական ժողովրդական երաժշտութեան նմուշներ, որոնցմէ աւելի քան կէսը հետագային կորսուած են եւ միայն շուրջ 1200-ն է պահպանուած: Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ` 1915 Ապրիլին, բազմաթիւ հայ մտաւորականներու կողքին, Օսմանեան կառավարութեան կողմէ Կոմիտաս կը ձերբակալուի եւ կ’աքսորուի բանտարկեալներու ճամբար: Զինք շուտով ազատ կ’արձակեն, որմէ ետք ան կ’ունենայ հոգեկան խանգարում եւ անոր մօտ կը զարգանայ սթրեսը: Կոմիտաս կը նկատուի ժամանակակից հայկական դասական երաժշտութեան հիմնադիրը: Յայտնի է որպէս երաժշտական ազգագրութեան ռահվիրաներէն մէկը:Մեր հայ գրականութեան ու մանկավարժութեան հսկաներէն բացի, ինչպէս նաեւ անոնց օրինակով կարելի է նշել այն հազարաւոր մանկավարժները, որոնք ապրած են Հայաստանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, մաքառած են, դաժան պայքարի միջէն անցած, կոտորած ու ցեղասպանութիւն տեսած, բայց երբեք չեն կորսնցուցած իրենց լաւատեսութիւնը:

Կը սիրեմ հայու այս տեսակը, երբեք չկոտրուելու կամքն ու կարողութիւնը: Շատ յաճախ դասերը կատարուած են ուղղակի բացօթեայ․ ակամայ յիշեցի պատմութիւն մը, ուր նկարագրուած էր, թէ ինչպէս դասերը կ’ըլլային գետի ափին, ընկուզենիի ծառին տակ: Եւ ի՜նչ ջանասիրութեամբ երեխաները կը սորվէին: Իրենց անձնական կեանքը մէկ կողմ ձգելով, շատ-շատերը նուիրուած են սերունդներ կրթելու դժուար ու պատասխանատու գործին:

Վերջին 300 տարիներու ամենայայտնի հայն ու հերոսը հայ ուսուցիչն է, որ մինչեւ  հիմա ալ կը տանի բոլոր դժուարութիւնները, կ’ապրի, կը պայքարի, իր անձնական օրինակով սերունդներ կը կրթէ ու կը դաստիարակէ, չվախնալով կրել տուեալ ժամանակի բոլոր տեսակի խնդիրներն ու փորձութիւնները:

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x