Մ. Սիմիկեան. «Գարեգին Նժդեհ»

November 29, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Մարինէ Սիմիկեանի (Հայաստան) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022):

Վերջին 300 տարիներուն, հայ ժողովուրդը ծնունդ տուած է բազմաթիւ շնորհալի եւ նշանաւոր հայորդիներու,  որոնք իրենց մեծ  ներդրումը ունեցած են հայ ժողովուրդի անկախութեան կերտման, պետականաշինութեան, ընկերային-տնտեսական, հոգեւոր-մշակութային, առողջապահական, կրթագիտական եւ այլ ոլորտներու զարգացման  գործին մէջ:

Հայոց պատմութեան վերջին 300 տարիներու կերտողները եղան հայ ազատագրական շարժման գործիչներ Աղբիւր Սերոբը, Գեւորգ Չաուշը, Անդրանիկ Օզանեանը,Գարեգին Նժդեհը, Աւետիս Ահարոնեանը, անկախութեան գործիչներ Պարոյր Հայրիկեանը, Վազգէն Սարգսեանը,Կարէն Դէմիրճեանը, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, Ռոբերտ Քոչարեանը, յեղափոխական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանը:

Հայ ազգի պետականաշինութեան նշանաւոր գործիչներէն  են մեծահարուստներ Քըրք Գրգորեանը, Սթիվըն Կանտարեանը, Էտուարդօ Էռնեկեանը, Գեւորգ Յովնանեանը, Ճերարտ Կաֆէսճեանը, Վաչէ Մանուկեանը, Սարգիս Իզմիրլեանը եւ այլն, որոնք հայ ազգին աջակցած են նիւթապէս, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի մէջ հայ ազգի հեղինակութեան բարձրացման առումով  եւ ոչ միայն: Աշխարհի մէջ հայ ազգին անունը բարձր պահած են նաեւ Նոր Զելանտայի գերագոյն դատաւոր Սիան Սրբուհի Էլիասը, ճարտարագէտ Աննա Կազանչեանը, կորիզային բնագէտներ Աբրահամ եւ Արտեմ Ալիխանեան եղբայրները, երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանը, լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշը, երգիչ Սերժ Թանքեանը, աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանը, Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տոքմէճեանը, ճատրակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանը, գրող Ուիլեըմ Սարոյեանը, լրագրող եւ բեմադրիչ Քարլա Կարապետեանը, սպայ Սիւ Սարաֆեանը, բեմադրիչներ Ալեն եւ Ալբերթ Հիւզ, երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեանը, քաղաքագէտ Պատրիկ Ղեւետճեանը, լրագրող Տէյւիտ Իկնաթիուսը, տնտեսագէտ Տարօն Աճեմողլուն, երգչուհի Շերը, երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, գիտնական Ռեյմոնտ Վահան Տամատեանը, քաղաքական ռազմավարութեան փորձագէտ Քէննեթ Խաչիկեանը, դիւանագէտ Արթուրօ Սարուխանը, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը, երաժշտահան Ալան Յովհաննէսը, գերհամակարգիչներու գիւտարար Պորիս Պապայեանը, Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար Փաշան, նաւթային առեւտրական Ալեքսանդր Մանթաշեանը, բեմադրիչ Հանրի Վերնէոյը, ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին, լրագրող Հրանտ Տինքը, ATM-ի հեղինակ Լիւթեր Ժորժ Սիմճեանը, ԱՄՆ (պատմութեան մէջ առաջին կին) ռազմածովային ուժերու ենթասպայ Աննա Տէր-Վարդանեանը, գունաւոր պատկերասփիւռի գիւտի հեղինակ Յովհաննէս Ադամեանը եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող բազմաթիւ այլ հայորդիներ:

Հայ ժողովուրդի 18-21րդ դարերու պատմութեան վրայ մեծագոյն ազդեցութիւնը ձգած է մեծ զինուորական եւ մտածող, ազգային բարոյախօս եւ հեռատես քաղաքական գործիչ, իմաստասէր  Գարեգին Նժդեհը, որուն կեանքն ու գործունէութիւնը, միտքերն ու գաղափարներն ունին ռազմահայրենասիրական եւ դաստիարակչական այժմէական նշանակութիւն: Գարեգին Նժդեհը մայիսեան հերոսամարտերու ղեկավարներէն մէկն էր, որ հարիւր տարի առաջ, իր կողմնակիցներուն հետ միասին յաղթանակի դրօշը բարձրացուց Հայաստանի դարպասը հանդիսացող Լեռնահայաստանի մէջ (Սիւնիք): Անոր պայքարը ազատագրական էր` միտուած հայ մարդու բարօրութեան, անոր ստեղծագործ կեանքին համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման:

Գարեգին Նժդեհը կը շարունակէ մնալ ամէնէն հանճարեղ հայ զօրահրամանատարներէն մէկը, որուն կեանքը նուիրուած էր ժողովուրդին, որուն կեանքը միայն թշնամիներուն դէմ մերկացուած սուր էր: Ան ոչ միայն զօրահրամանատար էր, այլեւ գաղափարակիր, եւ անոր գաղափարները այսօր ալ ճրագի դեր կը կատարեն: Հայոց պատմութեան մէջ Գարեգին Նժդեհի ունեցած մեծ դերը յատկապէս կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ ան եղաւ մեր հայ ազգային գաղափարախօսութեան ամբողջական համակարգի ստեղծողներէն մէկը, ինչպէս Մովսէս Խորենացին եւ Նիկողայոս Ադոնցը: Նժդեհի հայ ազգային գաղափարախօսութեան հիմնաքարերն են ազգի, հայրենիքի, պետականութեան, մշակոյթի եւ կրօնի գաղափարները, ինչպէս նաեւ հայ մարդու գոյապահպանութեան եւ ինքնապաշտպանական բնազդի արթնացման, հայ ազգի համար ռազմավարական եւ մարտավարական նշանակութիւն ունեցող գաղափարները, անոր ազատ, անվտանգ, բնականոն ու բազմակողմանի զարգացումը: Նժդեհի գաղափարախօսութիւնը արդիական է նաեւ մեր օրերուն, երբ հայ ազգը կրկին շրջապատուած է իրեն ոչնչացնել ուզող եւ իր շահերուն համար շահագործող պատմական թշնամի ազգերով: Հայ քրիստոնեայ ազգին գլխուն հիմա ալ կը ճօճուի իսլամութեան թուրը, որ կը սպառնայ մեզ ոչնչացնել ինչպէս Նժդեհի օրերուն: Այսօր կրկին հայ ազգը կը գտնուի իր անկախութիւնը եւ պետականութիւնը կորսնցնելու եզրին եւ Խորենացիի «ողբը» նոյնպէս արդիական դարձած է հայոց ազգային գաղափարախօսութենէն հեռանալու պատճառով: Միակ փրկութիւնը աշխարհի բոլոր Նժդեհներուն համախմբութիւնն է ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ եւ մեծ իմաստասէրին ու ռազմաքաղաքական գործիչին ազգանուէր գործին շարունակութիւնը: Եկէք փորձենք նմանիլ մեր մեծերուն եւ մեծանուն գործիչներուն, ճանչնանք ու հասկանանք զանոնք, դառնանք անոնց երազած ազգը, ստեղծենք անոց երազած հայրենիքը, մենք ալ երազենք, մենք ալ ունենանք նոր տեսլական մը մեր ազգին ու հայրենիքին համար, որ մեր յաջորդ սերունդներն ալ ստեղծեն արդէն մեր երազած ազգն ու հայրենիքը:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարուժ Թէնպէլեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x