Մ. Գէորգեան. Վերջին հարիւր տարիներու ամէնէն ազդեցիկ հայը` Անդրանիկ Օզանեան

November 14, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Մարիամ Գէորգեանի (Հայաստան) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022): 

Հայոց պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած են անհատներ, որոնց դերը  եղած է մեծ հայոց պետականութեան պահպանման մէջ: Այդ բացառիկ մարդոց շարքին է Զօրավար Անդրանիկը:

Անդրանիկ Օզանեանը/ Զօրավար Անդրանիկ/` ռազմի դաշտերու բոցերուն մէջ ձեւաւորուած, կերտուած հերոսաշունչ կերպարը մեր մօտ կը կրէ միմիայն համազգայնի եւ համաժողովրդական բնոյթ: Ընդ որում, զինք այդպէս կ’ընդունի ոչ միայն հայ ազգը, այլեւ միջազգային պատմագիտական միտքը:

Օզանեանը ծնած է Շապին Գարահիսար 1865 թուականին: Դեռ երիտասարդ տարիքին, ան կը միանայ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին: 19-րդ դարու 90-ական թուականներուն կը միանայ Աղբիւր Սերոբի Ֆետայական խումբին: Համագործակցած է Հրայրի, Նիկոլ Դումանի, Սեպուհի, Մուրատի հետ: Երբ Աղբիւր Սերոբը մահացած է, գլխաւորած է շարք մը ինքնապաշտպանական մարտեր: Մեծ ճանաչում ձեռք բերած եւ փառքի արժանացած է Առաքելոց վանքի եւ Ախթամարի մարտերէն յետոյ:

Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն Անդրանիկ Օզանեան կը մեկնի Թիֆլիս եւ Կովկասեան բանակի կազմին մէջ առաջին հայ կամաւորական ջոկատի հրամանատար կը նշանակուի:

Անդրանիկի ջոկատը անհաւասար կռիւներ կը մղր թրքական զօրքերու դէմ եւ հեղինակութիւն կը նուաճէ ռուսական

հրամանատարութեան շրջանակներուն մէջ: Ժեներալ- լիւթենընթ Չերնոզուպով կը գրէ. «ես միշտ յանձինս Անդրանիկի կը տեսնէի ջերմ հայրենասէրին, Հայաստանի ազատութեան մարտիկին, որ խորապէս կը սիրէր իր Հայրենիքը»:

Յայտնի ռուս զօրավարներէն Իւտենիչը Անդրանիկի մասին ըսած է, որ ան «խենթի պէս քաջ է»:

1915-1916 թուականներուն կը մասնակցի Կովկասի ճակատի մարտերուն, իր ցուցաբերած արիութեան համար կը պարգեւատրուի Գէորգիեւեան 4-րդ աստիճանի մետալով, Գէորգիեւեան 4-րդ եւ 3-րդ աստիճանի խաչերով:

Իսկ 1918-ին կը ստանայ ժեներալ-մայորի կոչում: 1918-ին հայկական գումարտակը կը մտնէ Նոր- Պայազէտ: Անդրանիկը վիթխարի դեր կը խաղայ Զանգեզուրի պաշտպանութեան մէջ: 1921-ին` Զօրավար Անդրանիկ կ’ուզէ մտնել Կիլիկիա, հոն գտնուող հայերու ինքնապաշտպանութիւնը իր վրայ վերցնելու եւ Քեմալական Թուրքիոյ դէմ պայքարելու համար: Սակայն Ֆրանսայի կառավարութիւնը կ’արգիլէ Զօրավարին մուտքը Կիլիկիա:

Անդրանիկ Օզանեան մահացաւ 1927-ի օգոստոսին Չիքոյ քաղաքի Ռիչարտսոն Սփրինկզ հանքային ջուրերու առողջարանային համալիրին մէջ` սիրտի կաթուածի հետեւանքով, իսկ սեպտեմբերին թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի   «Արարատ» գերեզմանատուն:

1928 յունուարին անոր աճիւնը փոխադրուեցաւ Փարիզ եւ վերաթաղուեցաւ Փեր-Լաշեզ գերեզմանոցի մէջ, իսկ տարիներ ետք տեղափոխուեցաւ Հայրենիք` Եռաբլուր պանթէոն:

Անդրանիկ զօրավարի կերպարին մէջ խտացուած է ամբողջ ըմբոստ ազգի մը կենսագրութիւնը: Զօրավարին կեանքն ու գործը մշտապէս ընկերակցած են հայութեան վերջին հարիւրամեակին եւ ընկերակցելու են մինչեւ մեր ազգին նպատակներուն լիակատար իրականացումը: Ես իբրեւ ուսուցիչ իմ պարտքս կը նկատեմ դաստիարակել այնպիսի սերունդ մը, որուն համար Զօրավար Անդրանիկի գործը շարունակելը բոլորին սրբազան պարտքը ըլլայ: Մենք շատ բան ունինք սովորելու Անդրանիկէն, պիտի սորվինք եւ երթանք դէպի իրեն, դէպի Մեծն Զօրավարը: Իւրաքանչիւրիս  պարտքն է գնահատել մեր երեւելի  անցեալը, մեր վեհ նախնիները, ճանչնալ անոնց վարքը եւ դասեր քաղել:

Մարիամ Գէորգեան (Հայաստան)

Գրականութիւն.

. Սուրէն Սահակեան «Զօրավար Անդրանիկ», «Հերոսապատում», Երեւան, 1990

. Արամայիս Մնացականեան, Յակոբ Յակոբեան «Զօրավար Անդրանիկ»

. Հրաչիկ Սիմոնեան «Անդրանիկի ժամանակը», Երեւան 1996

. Հրանտ Աբրահամեան «Արցախը կանչում է Անդրանիկին», Երեւան, 1995

. Զոհրաբեան Էդիկ «Պատմութիւններ Անդրանիկի մասին», Երեւան, 2004

. Սուրէն Սահակեան «Ասք Անդրանիկ զօրավարի», Երեւան 2012

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարուժ Թէնպէլեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x