Մի՛ ըսէք ու գրէք
October 4, 2024
- Մի՛ ըսէք ու գրէք՝
–(այս)օրուընէ, շաբթուընէ, ամսուընէ, տարուընէ, ատենուընէ…
Որոնք գռեհիկ ըլլաու չափ ռամիկ են:
Հայերէնը աւելի արժանապատիւ վերաբերումի կը կարօտի:
Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝
–(այս)օրէ(ն), շաբաթէ(ն), ամիսէ(ն), տարիէ(ն), ատենէ(ն):
- 2. Յետ, ետ, ետք, ետեւ
Ուղղագրական ինքնուրոյն ծուղակ սկսած են դառնալ այս բառերը:
Գրաբարեան յետ-ը նախադրութիւն մըն էր, որ կազմուած է ետ արմատով եւ յ նախդիրով՝ ի ետ > յետ:
***Կը պահանջէ սեռական հոլով խնդիր եւ կը նշանակէ ետք. օրինակ՝
— յետ մահու՝ մահէն ետք. մահու՝ սեռական հոլով:
— յետ գերութեան՝ գերութենէ ետք. գերութեան՝ սեռական հոլով:
Շատ յատկանշական է, որ անոր աշխարհաբար հոմանիշը, աւելի ճիշդը՝ նոյնանիշը՝ ետք, կը պահանջէ հայցական եւ բացառական հոլով խնդիրներ.
–մէկ ժամ ետք, երկու օր ետք, վայրկեան մը ետք:
—կէսօրէն ետք, նախաճաշէն ետք, կոտրելէ ետք, ասկէ ետք:
***Գրաբարեան յետ-ը ունէր երկրորդ նշանակութիւն մըն ալ, որ էր դէպի ետեւ կամ դէպի ետ. օրինակ՝
–Փոյթ ընդ փոյթ յետ հայի,— այսինքն՝ արագ-արագ դէպի ետեւ կը նայի:
—Յետ դարձուցանէ զջուրն Յորդանանու,— այսինքն՝ Յորդանան գետի ջուրը դէպի ետեւ կամ դէպի ետ՝ հակառակ ուղղութեամբ կը դարձնէ:
- Աշխարհաբարի մէջ յետ-ը կը պահէ իր առաջին նշանակութիւնը՝ ետք, նոյն խնդրառութեամբ. օրինակ՝
–-Յետ երկար վիճաբանութեան անոնք համաձայնեցան:
(Վիճաբանութենէ ետք…)
—Յետ համաճարակի երեւան եկան նոր հիւանդութիւններ:
(Համաճարակէն ետք…)
Նկատենք, որ ասոնք քիչ մը գրքունակ են, եւ մենք կը նախընտրենք կիրարկել ախարհաբար ետք հոմանիշը, որ ժողովրդախօսակցական է. գրաբարը չունէր ետք:
Իսկ անոր երկրորդ՝ ետեւ, նշանակութիւնը այլեւս ի զօրու չէ աշխարհաբարի մէջ: Անոր փոխարէն ահա աշխարհաբարը հնարած է ետեւ բառը:
- Բառակազմութիւն
Աշխարհաբարի մէջ յետ-ը ստացած է երկրորդ դերակատարութիւն մը. կցուելով իր խնդիրին՝ ան կը կազմէ զանազան ածականներ. օրինակ՝
— յետ պատերազմի > յետպատերազմեան
— յետ ջրհեղեղի > յետջրհեղեղեան
— յետ եղեռնի > յետեղեռնեան
Նաեւ՝ յետհամիտեան, յետխորհրդային, յետսահմանադրական եւ այլն:
Նկատել, որ ասոնք միակտուր բառեր են եւ սխալ է բաղադրիչները գծիկով կապել, ինչպէս կ’ընեն մեր կարգ մը թերթերը. օրինակ՝
— յետ-եղեռնեան՝ «Պայքար»:
— յետ-յեղափոխութիւն՝ «Ասպարէզ»:
—յետ-խորհրդային, յետ պատերազմեան՝ «Հայրենիք»:
- Ետ
Արմատն է, ինչպէս ըսինք յետ-ին:
Աշխարհաբարի մէջ մակբայ է եւ կը նշանակէ կրկին, վերստին, երկրորդ անգամ. օրինակ՝
–Ձգեց գնաց, յետոյ ետ դարձաւ:
–Մէյ մը յիշեց անունը, հիմա ետ մոռցած է զայն:
* * *
Արեւելահայերէնը ետ չունի. փոխարէնը ունէր յետ, որ աբեղեան ուղղագրութեամբ դարձաւ հետ. նոյն ձեւով կը գրուի հետ (միասին) յետադրութիւնը:
–Թոորոսը մի քիչ հետ (յետ ՝ետ, ետեւ) եկաւ:
–Մարկոսը Կիրակոսի հետ (միասին) շուկայ գնաց:
Արեւելահայ բառարաններու եւ գրութեանց մէջ այս երկուքը կը ներկայացնեն ուղղագրական եւ իմաստային լաբիւրինթոս մը, որ մերթ անուշադրութեամբ, մերթ անփութութեամբ, եւ ընդհանրապէս տգիտութեամբ կը փոխադրուի սփիւռքահայ մամուլի մէջ:
Այսպէս՝
–Մեզ մասնատելով տիրեցին մեր հողերին. հարկաւոր է հետ բերենք («Պայքար», 30/6/2024, էջ 3), փոխանակ յետ-ի, այսինքն՝ յետ բերենք կամ ետ բերենք:
–Ցանկացած բարեգործութեան հետեւում թաքնուած են շահեր («Պայքար»,7/1/2024, էջ 3), այսինքն՝ յետեւում կամ ետեւում:
–Ի՞նչ ենք կորցրել, ինչի՞ հետեւից ենք գնում (նոյն տեղը), այսինքն՝ յետեւից, ետեւէն:
–Արդիւնքում մենք ունենք հասարակութիւն, որը գնում է Փաշինեանի հետեւից։ Իսկ աւելի ճիշտ՝ Փաշինեանն է գնում այդ հասարակութեան հետեւից («Յուսաբեր», 23/9/2024)յ այսինքն՝ յետեւից, ետեւէն:
–Տնտեսական աճի հետեւում հիմնականում կանգնած է ոսկու արտահանումը (Յուսաբեր, 22/8/2024, էջ ), այսինքն՝ յետեւում, ետեւը:
–Այս իշխանութիւնները չեն կարող մեզ հետ պահել մեր իղձերից («Հորիզոն», 23/9/2024), այսինքն՝ յետ, ետ:
- Հետեւանքներ
Անշուշտ այս շփոթին առաջին հետեւանքը արեւմտահայուն համար անըմբռնելի բնագիրի մատուցումն է. բերուած օրինակները արեւմտահայուն համար անիմաստ են:
Նոյն շփոթին հետեւանքն են՝ յետայսու եւ յետագայ սխալ ու անգոյ կառոյցները:
Պարտինք գրել՝ այսուհետեւ եւ հետագայ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան