«Մետալի հակառակ կողմը»՝ ֆիլմ մը, որ պէտք է անպայմա՛ն տեսնել

May 5, 2025
ՋԱՀ-ի Մետալի հակառակ կողմը 1

Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ-ի (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան յանձնախումբ), 27 եւ 28 ապրիլ 2025-ին, Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Մետալի հակառակ կողմը»(1) ֆիլմը: Այս ցուցադրութեան առիթով, Լիբանան ժամանած էր ֆիլմին գլխաւոր դերասան, բեմադրիչ, script-ի հեղինակ եւ արտադրիչ Աննա Մաքսիմ Յարութիւնեանը:

Այս ֆիլմին մասին առաջին անգամ իմացայ մարտ 2024-ին, Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» թատերախումբի ինծի ծանօթ, ֆիլմին մէջ

2 Աննա Մաքսիմ եւ Յասմիկ Սուվարեան

դերակատար, շատ սիրելի դերասաններէ՝  Նառա Սանթոյեանէն եւ Յասմիկ Սուվարեանէն(2), որոնք շատ հպարտ էին մասնակցած ըլլալնուն այս գործին, իրենց բառերով նոյնիսկ «շատ փոքր դերով»: Հետագային իմացայ, որ դերեր ստանձնած են նաեւ «Վարդան Աճէմեան» թատերախումբի դերասաններ եւ դարձեալ հարազատ դէմքեր՝ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ  Անահիտ Գոչարեան  (Նազիկի մօր դերով),  Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտներ Յովհաննէս Յովհաննէսեան (Գիւմրեցի քահանայ) եւ Սուսաննա Պաղտասարեան (քաղաքացի), Վարագ Գրիգորեան (մարզասրահին պահակ), եւ Երեւանէն, Լիբանանահայութեան ծանօթ եւ սիրելի Դաւիթ Յակոբեանը(4), բժիշկի դերով:Տարօրինակ ազդեցութիւն ունէր մեծ թիւով ծանօթ եւ սիրելի դէմքերով ֆիլմ դիտելը, շատ հաճելի էր եւ հարազատ: Աննա Մաքսիմ Յարութիւնեանի (Նազիկ Ավդալեանի դերով) կողքին, դերասանական կազմին մէջ կան Հայաստանի շատ փայլուն դէմքերէն՝ Արտաշէս Ալեքսանեան(5),

3 Անահիտ Գոչարեան
4 Դաւիթ Յակոբեան եւ Աննա Մաքսիմ

Սօս Ջանիբեկեան, Խորէն Լեւոնեան, Մկրտիչ Արզումանեան եւ Բաբգէն Չոպանեան: Նազիկ Ավդալեանն ալ դեր ունի իբր իրաւարար, Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին:  

Նախապէս, Նազիկ Ավդալեանին(6) մասին տեղեկութիւններս կը սահմանափակուէին ծանրաբարձրութեան աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան ըլլալու իրողութեամբ: Այսինքն ունէի այնքան տեղեկութիւն որքան Արթուր Ալեքսանեանի յունահռոմէական ոճի  բազմաթիւ մետալակիր ըմբշամարտիկ ըլլալուն մասին: Սակայն, ֆիլմին մասին պրպտումներուս ընթացքին, իմացայ որ ան Գիւմրեցի էր: Ան

5 Արտաշէս Ալեքսանեան եւ Աննա Մաքսիմ

ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան առաջին հայ մարզիկն է եւ աշխարհի ախոյեան առաջին հայ կին մարզիկը. ուստի ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս Գիւմրիի մէջ խորհրդանշական դէմք է: 

6 Նազիկ Ավդալեան

Աննա Մաքսիմ Յարութիւնեանին դէմքով ծանօթ էի տարիներ առաջ երբ Հ1 կայանէն առաջին անգամ ըլլալով  սերիալ մը դիտեցի՝ «Գեներալին աղջիկը». Աննայի անունը չէի իսկ լսած այն ատեն եւ իր դերով յատուկ տպաւորութիւն մը չէր ձգած վրաս:  Իսկ ինչ որ գտայ իր մասին այդ էր որ սերիալներու աշխարհէն հեռանալով կ’անցնի բեմադրութեան եւ արտադրութեան: 2023-ին Yelaket.am-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շատ կարճ ձեւով կ’անդրադառնայ այս ֆիլմին, թէ ինչպէ՞ս կ’որոշէ Նազիկին մասին ֆիլմ պատրաստել (շատ պատահաբար). մարզասրահին մէջ, իր սովորական մարզանքի ընթացքին մէջքը կը ցաւցնէ եւ այդ վիճակին մէջ միտքը կու գայ թէ մարզիկները ինչպէ՞ս կը դիմանան նոյնանման ցաւի կամ աւելիին, եւ առաջին անունը որ միտքէն կ’անցնի Նազիկ Ավդալեանն է:

7 Նազիկ Ավդալեան Եւրոպայի ախոյեան 2016

Ոչ վաւերագրական այլ գեղարուեստական ֆիլմը կը կեդրոնանայ Նազիկ Ավդալեանի կեանքի ամենէն կարեւոր հանգրուաններուն վրայ. 2009-ին կը դառնայ ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան, եւ նոյն տարին կ’ենթարկուի ինքնաշարժի մեծ արկածի` վնասելով ողնաշարը, որուն պատճառով անոր կ’արգիլուի ծանրաբարձութիւնը: 2012-ին կ’ամուսնանայ, 2013-ին կը ծննդաբերէ, եւ 2016-ին, յամառօրէն կ’որոշէ վերադառնալ ծանրաբարձրութեան. կը սկսի նախ գաղտնի մարզուիլ, ապա պաշտօնապէս եւ նոյն տարուան ապրիլին, Արցախի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին, կը դառնայ Եւրոպայի ախոյեան(7), եւ իր յաղթանակը կը նուիրէ պատերազմող մարտիկներուն:

8 Աննա Մաքսիմ Նազիկի դերով

Յանուն ֆիլմի գաղափարին եւ անոր յաջողութեան, Աննա Նազիկի դերը խաղալու համար կ’առնէ դժուար բայց կարեւոր որոշում մը. ան լրջօրէն կը մարզուի, եւ այդ պատճառով կը շահի 8,5 քկ. մկան փոխելով իր արտաքին երեւոյթը(8):

Ֆիլմին առաջնախաղը տեղի կ’ունենայ սեպտեմբեր 2024-ին, Երեւան՝ Կարէն Տէմիրճեան համալիր, եւ մինչեւ օրս ֆիլմը կը շրջագայի աշխարհի տարբեր կողմեր, Ամերիկա, Գանատա (Թորոնթոյի մէջ առժանանալով Pomegranate Film Festival-ի լաւագոյն ֆիլմի մրցանակին), Եւրոպայի տարբեր երկիրներ, իսկ վերջինը Լիբանան: Վստահ ճամբան տակաւին երկար է: Արժանի է:

9 Bleed for This – Mile Teller, Vinny Pazienza-ի դերով

Hollywood-եան ֆիլմերու մէջ (ինչպէս՝ Creed, Rocky, Bleed for this(9)), երբ մարզիկ մը նպատակ ունի հասնելու ախոյեանութեան կամ մետալի մը, մարզուելու ընթացքը ցոյց կու տան երաժշտութեան ընկերակցութեամբ պատկերներով, քրտինքի մէջ լողալով մարզական փորձեր, յուսալքութեան պահեր, մարզիչին խօսքերով ոգեւորում, մինչեւ որ լսենք մարզիչին դասական «պատրաստ ես» խօսքը, ուր երաժշտութիւնն ալ կանգ կ’առնէ, եւ վերջապէս ախոյեանութիւն եւ յաղթանակ:

Աննա իր գեղարուեստական ֆիլմին մէջ յաջողած է այս բոլորը ներկայացնել, եւ մէկ կարեւոր տարբերութեամբ՝ բան մը որ, գոնէ ինծի համար, ֆիլմը դարձուց իրական եւ տրամաբանական. ֆիլմին հերոսներուն կողքին, կար նաեւ հերոս տող մը, զոր Նազիկ կը պատասխանէ իր մարզական կարողութեան վրայ հաւատք չունեցով ամուսինի հարցումին. «կը կարծե՞ս որ պիտի յաղթես»` «ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԵՄ»:

«Պիտի փորձեմ» խօսքը գեղարուեստական այս ֆիլմը դարձուց իրապաշտ:

Փաթիլ Գուլաճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x