Մարմնին վրայ կրելի օդափոխիչը (air-conditioner)՝ իրականութիւն

May 3, 2024

Sony ընկերութիւնը վերջերս ներկայացուցած է «Reon Pocket 5»ը` կրելի փոքր սարք մը, որուն պաշտօնն է կարգաւորել մեր մարմնին ջերմաստիճանը, ինչպէս շարժական օդափոխիչ մը (air-conditioner): Հետաքրքրական այս սարքը կը կը գործէ աւանդական մեթոտներէն տարբեր, ինչպէս հովահարները եւ մեծածաւալ հանդերձանքները՝ աւելի պատշաճ լուծում առաջադրելով կլիմայական տարբեր պայմաններու մէջ մարմնի ջերմաստիճանին կառավարման:

«Reon Pocket 5»ը պարզ հովահար մը չէ: Ան կ’ընդգրկէ ջերմաելեկտրական կազմած մը (module) եւ խումբ մը զգայակներ (sensors) մեր իրանին (մեր մարմնին մէջքէն վեր, առանց թեւերուն ու գլուխին) շուրջ կլիմայական պայմանները բարելաւելու համար: Այս զգայակները կը հետեւին մեր մարմնի ջերմաստիճանին, խոնաւութեան եւ նոյնիսկ շարժումին:

Այս նոր սարքը ունի զովացնող հինգ աստիճան տաք օրերու եւ չորս ջեռուցման աստիճան՝ աւելի պաղ պայմաններու համար: Առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան նպատակով՝ զայն կարելի է օժտել «Reon Pocket Tag»ով՝ փոքր զգայակ մը, որ կը զգայ ու կը մատնանշէ շրջապատող միջավայրին ջերմաստիճանը եւ խոնաւութիւնը ու այդ տուեալները կ’ուղարկէ պարանոցի միաւորին: Արդիւնքը. մեր նախքան տաքնալը կամ պաղիլը, «Reon Pocket 5» գործնապէս կը ստեղծէ հանգստաւէտ պայմաններ:

Անոնք, որոնք կը նախընտրեն ձեռքով կառավարել օդափոխիչին ջերմաստիճանը, պատրաստուած են Bluetooth-ով կիրարկելի յատուկ յաւելուածներ (Apps) iOS եւ Android համակարգերու համար:

Այս նորարար սարքին բարդը (battery) կը դիմանայ 17 ժամ իւրաքանչիւր լիցքաւորումէ ետք:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x