Մարդու ուրախութիւնը խաբուսիկ եւ անհեթեթ երեւոյթներու մէջ չէ

August 31, 2024

Յաճախ հարց տուած եմ ես ինծի, թէ ինչո՞ւ շատերու մօտ կեանքի իրական արժէքները իմաստաւորելու կարողութիւնը սկսած է նուաղիլ։ Արդեօ՞ք շատեր ընդունակ են այդ եղելութիւնը ընկալելու, իսկ ուրիշներ ո՞չ․․․Հաւանաբար ոմանք կ՝ըմբռնեն այդ իրականութիւնը, սակայն կը զլանան զայն գործադրելու, եւ այդ իրականութիւնը կը մնայ լոկ տեսութիւն մը։ Մեզմէ ո՞վ պիտի չուզէր երջանկութեան ուղին յայտնաբերել եւ բաւարարուած ու հաւասարակշռուած կեանք մը ապրիլ։

Չորս տարիներ անցան, երբ աշխարհը խուճապի մատնուած էր պսակաձեւ ժահրին պատճառով, որ անվերահսկելիօրէն սկսած էր տարածուիլ ամէն կողմ։ Առաջին տնափակումը վրայ հասաւ։ Նոր փորձառութեան մը սեմին էինք։ Յաջորդ շրջանի գոյավիճակը կանխատեսելը կարելի չէր։ Տան մէջ փակուած պիտի մնայինք, նոյնիսկ հարազատներու հետ տեսակցութիւնը «արգիլուած» էր։ Կը մտածէի ժամանակս առաւելագոյն ձեւով օգտագործել։ Կարելի էր «կեանքը ինչպէս որ է» ընդունիլ կամ բարեփոխել զայն։ Յարմարագոյն ատենն էր ընտանիքիս հետ յաւելեալ եւ հաճելի ժամանց ունենալու, որուն զուգահեռ՝ մտադրեցի առցանց դասընթացքի մըն ալ հետեւիլ։ Դասընթացքին նիւթը շատ այժմէական էր այդ օրերուն, ինչպէս եւ միշտ, «Երջանկութեան գիտութիւնը»։ Մեծ ոգեւորութեամբ սկսայ եւ երկու ամիսներու վրայ երկարաձգուող դասընթացքը արդէն իր աւարտին հասած էր։ Նոր գիտելիքներով եւ թելադրանքներով ուռճացած՝ գոհունակ էի եւ բաւարարուած։

 Հաստատ՝ մեզմէ շատեր իրազեկ են այդ դասընթացքի «խրատներուն», որոնք կը թերագնահատուին առհասարակ։ «Լաւ զգալու» համար ո՞ւր պէտք է փնտռել երջանկութիւնը։ Մարդ յաճախ կը տարուի խաբուսիկ եւ անհեթեթ երեւոյթներով, ենթադրելով թէ կեանքի ուրախութիւնը հո՛ն պիտի գտնէ։ Սխալ դատողութիւններու պատճառով կը յանգի սխալ եզրակացութիւններու։ Նիւթեղէն արժէքները եւ արտաքին երեւոյթները ժամանակաւորապէս կը խանդավառեն մեզ, ապա աստիճանաբար իրենց «հրապոյրը» կորսնցնելով ՝ կը դառնան սովորական։ Նոր երեւոյթներու շարան մը կը սկսի եւ կեանքը կը դառնայ անցողակի երազներու հաւաքածոյ մը։

Այսօր երջանկութեան չափանիշները փոխուած են։ Մեր շուրջ բազմաթիւ փորձութիւններ կան, որոնք մեր համոզումները կրնան շեղել։ Ճիշդ է, որ երջանկութեան հասկացողութիւնը յարաբերական է եւ կը փոխուի անձէ անձ, բայց որեւէ մտապատկեր կրնայ տարբերիլ իրականութենէն։ Պէտք է գիտնալ մեր տուեալները եւ ձգտումները հակակշիռի տակ առնել եւ մեր ներուժը օգտագործելով հասնիլ ճիշդ նպատակակէտին։ Երջանկութիւնը հեռու չի գտնուիր․ հո՛ս է, մեր ներաշխարհին մէջն է, ուրկէ իր արտացոլումը շօշափելի պիտի դառնայ արտաքնապէս։

Կեանքը յորդառատ է հպանցիկ երեւոյթներով։ Ինչո՞ւ վերատեսութեան չենթարկենք մեր համոզումները եւ ներդրում  չկատարենք մեր անձին վրայ։ Կեանքի բուն արժէքները եւ փորձառութիւնները ըմբոշխնելով եւ իմաստաւորելով, մարդ կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ե երջանիկ կեանք մը ապրիլ։ իրական երջանկութիւնը պէտք է պեղել հաճելի յիշատակներու մէջ, երախտագիտութեան մէջ, առօրեայ մանր եւ դրական կեցուացքներու մէջ, ինչո՞ւ չէ առտու կանուխ օտարի մը հանդիպելով՝ անոր բարեւելուն մէջ․․․

Կեանքը կը համեմուի եւ առաւել երանգ ու եռանդ կը ստանայ այս «մանրուքներով», որոնք չեն խամրիր ժամանակի վերիվայրումներուն մէջ։ Այլապէս կեանքը պիտի ըլլայ ունայն երազներու հաւաքածոյ մը։ Այս փոքր մանրուքներն են, որ խթանիչ ուժը կը հանդիսանան մեր բարօրութեան եւ երջանկութեան եւ մեր կեանքը կը ներարկեն գոյնով եւ կենսունակութեամբ։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x