Ճամբա՞յ, թէ՞ ճանապարհ. արեւմտահայերէ՞ն, թէ՞ արեւելահայերէն
June 27, 2024
1.Շնորհաւորենք «Մասիս»-ը (ՄՆ)՝ կարենալ բայի ճիշդ գործածութեան համար.
— Նուազագոյն վնասներով կանխարգիլել կարենալու համար:
- Աչքերնիս լոյս, վասնզի՝
«“Արմենպրես”-ը նոր հասցէ կ’ունենայ. կառավարութեան որոշմամբ գործակալութ-եանը նոր տարածք է յատկացւում» («Արմէնպրես», 14/6/2024):
Թախանձագին կը խնդրենք մեր բարեխնամ կառավարութենէն, որ քիչ մըն ալ մտահոգուի «Արմէնպրես»-ի անձնակազմի հայերէնագիտական մակարդակով եւ փորձէ «մի քիչ բարձրացնել այս այլասերած հաստատութեան նշաձողը»:
- Օրին մեզի կը սորվեցնէին ըսել՝
—Կղէոպատրա՝ Cléօpatre-ի դիմաց, արդի արեւմտահայը կը սորվի Քլէոփաթրա:
—Տրայանոս՝ Trajan-ին դիմաց, արդի արեւմտահայը կը սորվի Թրաճըն:
—Կոստանդիանոս՝ Constantine-ի դիմաց, արդի արեւմտահայը կը սորվի Քոնսթանթին:
—Իսահակ Նեւտոն՝ Isaac Newton-ի դիմաց, արդի արեւմտահայը կը սորվի Այզիք Նիւթըն:
—Դիոգենէս՝ Diogen-ի դիմաց արդի արեւմտահայը կը սորվի Տայոճին:
- Համարժէք կառոյցներ
Բաղդատել՝
–Համբիկ օղին խմելէ(ն) եւ գինովնալէ(ն) ետք երկար կը քնանար:
–Համբիկ օղին խմել-գինովնալէ(ն) ետք երկար կը քնանար:
- ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի մասնակցութեան սառեցումը կը նշանակէ անոր դիրքերու թուլացում:
Որո՞ւ դիրքերու… ՀԱՊՔ-ի՞, թէ՞ Հայաստանի:
Ահա երկիմաստ կառոյց մը, որ հայերէնը ի վիճակի չէ յստակացնելու:
Մի՞թէ միայն հայերէնը…
- ճանապարհել
–Մարդասիրական օգնութիւնը ճանապարհուեցաւ Ալահվերտի («Արարատ», 8/6/24):
–Ողբերգութիւնը պիտի շարունակուի, եթէ այս մարդիկը չճանապարհենք («Ազդակ», 7/6/24):
Քիչ մը ամէն հայ, ենթադրելի է, իւրովսանն «կը հասկնայ» այս բայը՝ ճանապարհել, որ սակայն գոյութիւն չէ ունեցած գրաբարի, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի մէջ. Գայայեան (1938) չունի զայն. զայն չունի հայր Ճիզմեճեանը եւս (1954):
Զայն ունին Տէր Խաչատուրեան (1968) եւ հայր Կռանեան (1982). երկուքն ալ կուրօրէն ընդօրինակած են Մալխասեանն ու այնուհետեւ Ակադեմիայի եւ Աղայեանի բացատրականները:
Ուրեմն, ինչպէս կռահելի է, ան ծնունդ առած է արեւելահայերէնի մէջ, եւ որքան ալ արեւմտահայ բառարաններ տեղ տուած ըլլան անոր, արեւմտահայը չէ կիրարկած զայն, իսկ վերը բերուած երկու օրինակներուն երկուքն ալ բառացի ու մեքենական թարգմանութիւն են արեւելահայ յօդուածներէ:
Ինչո՞ւ այսպէս է, ինչո՞ւ ան ընդունելութիւն չէ գտած արեւմտահայերէնի մէջ:
* * *
Պատճառը ճանապարհել բայի բունը՝ ճանապարհ գոյականն է, որ խորթ է արեւմտահայ լեզուամտածողութեան. Գայայեան, մեր բառարանագիրներուն ամենազտարիւն արեւմտահայը, այս բառին դիմաց գրած է՝ «տեսնել ճամբայ»: Այլ խօսքով՝ Գայայեան զայն արեւմտահայերէն չի սեպեր, որքան ալ գրաբարը ունեցած ըլլայ ճանապարհ-ը: Իր լեզումտածոթութեան հետ հաշտը ճամբայ-ն է, որ յառաջացած է պատմական ճանապարհ-ին այլազան հնչիւնափոխութիւններով. ան էապէս արեւմտահայ ստեղծագործութիւն է:
Ծանօթ.— Մալխասեան իր կարգին ճամբայ-ին դիմաց գրած է՝ «տեսնել ճանապարհ»: Սա իր կարգին կը մերժէ ճամբայ-ն եւ կը յանձնարարէ ճանապարհ-ը:
Այսպէս է ամէն արեւմտահայու ենթագիտակիցին մէջ եւս: Եւ ճիշդ ասոր հիմամբ ալ ան հնարած է ճամբել բայը, որ բոլորովին համարժէքն է ճանապարհել-.ին.
ճանապարհ ճամբայ
ճանապարհել ճամբել
ճանապարհուիլ ճամբուիլ
ճանապարհորդ ճամբորդ
ճանապարհորդական ճամբորդական
ճանապարհորդել ճամբորդել
Ունինք քանի մը հասարակաց կառոյցներ՝
ճանապարհածախս
ճանապարհագնաց
ճանապարհակից
ճանապարհացոյց
* * *
Պատմական
Այս բեւեռացումը շատ ուժեղ գործած է արեւելահայերու մէջ՝ սկսած Մալխասեանէն՝ հասնելու համար Ակադեմիային եւ Աղայեանին: Քիչ մը… զարմացնելու աստիճան:
Որովհետեւ ճամբայ բառը հեռաւոր անցեալին կիրարկուած կը գտնենք արեւելահայ դասականներու կողմէ եւս. օրինակ՝
–Անծայր ճամբան է իմ տունս հիմա (Աւ. Իսահակեան):
–Ելաւ Մհեր սիրտը խոլոր, միտքը՝ մոլոր, ճամբայ ընկաւ (նոյն):
–Հարկաւոր էր հազար ճամբաներ (Եղիշէ Չարենց):
—Ճամբայ ելան ողջ միասին (Յովհ. Թումանեան):
Զայն կը գտնենք արեւելահայերէն բաղադրեալ բառերու մէջ նմանապէս.
ճամբակէս ճամբապաշար ճամբամէջ ճամբապարկ
ճամբամոլոր ճամբարկղ ճամբանշան ճամբեզր
Վերջացնելու համար ըսեմ, որ փոփոխութիւնը ընդգրկեց բառին ուղղագրութիւնն ալ. ճամբայ՝ բ-ով, դարձաւ՝ ճամփայ՝ փ-ով:
Ինչո՞ւ նման փոփոխութիւն մը:
—Առեղծուած է:
- Ինչպէ՞ս խուսափիլ կրկնութենէ
–«Պայտընի առաջարկը ընդունուեցաւ շատ մը կողմերու կողմէ» («Արարատ», 19/6/2024):
Պայտընի առաջարկը ընդունուեցաւ շատերու կողմէ:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան