Հրաժարիմք ի կրկնաբանութենէ
October 14, 2022
«Ազդակ»-ի բարեկամներուս ուշադրութեան
***Հակասական պատկերներ համաձայնող կողմերուն մօտ (5-10-22, էջ 1):
Պէտք է ըլլայ միջեւ, քանի ինչ-որ փոխադարձութիւն մը կայ. մէկը կը հակասէ միւսին:
Միւս կողմէ՝ մoտ-էն ընդհանրապէս խուսափիլ. արդի հայերէնը աղարտող ամենազզուելի գործօններէն մէկն է, որ դժբախտաբար մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ արդի արեւմտահայուն քով (ոչ՝ մօտ):
Նաեւ՝ « Երկու երկիրներուն մէջ երկխօսութիւններ սկսելու քաղաքական կամքի գոյութիւնն է (20-9-2022, էջ 8):
Երկխօսութիւնը (բաներու) մէջ չ’ըլլար, այլ (բաներու) միջեւ:
Երկխօսութիւններ յոգնակին անմարսելի է. պէտք է եզակի գործածել զայն:
Ասոր համար քիչ մը խելք եւ քիչ մըն ալ ճաշակ պէտք է գործադրէ գրողը: Փառք Աստուծոյ, երկուքն ալ լիաբուռն տրուած է մեր լրագրողներուն, ա՛լ ինչու խնայել, ո՞ր օրուան ի պահ կը դրուի ան: Գործածեցէ՛ք, եղբա՛յր, գործածեցէ՛ք, բարեխնամ Աստուած կը շարունակէ փոխարէնը ղրկել, անտես չի ձգեր:
***Հայ դատի մարմինը անոր ուշադրութեան հրաւիրեց տեսանիւթը (անդ):
Պէտք է ըլլայ՝ «ուշադրութեան յանձնեց տեսանիւթը»:
***Հանդէս եկած էր Ազրպեյճանին ամերիկեան օժանդակութենէ զրկող…(3-10-22, էջ 1):
Պէտք է ըլլայ՝ Ազրպեյճանը՝ հայցական հոլով, ուղիղ խնդիր:
Ազրպեյճանին ուղղակիօրէն պիտի զրկէ ամերիկեան օժանդակութենէ (անդ, էջ 7):
Նոյն սխալն է, որ կը կրկնուի. պէտք է ըլլայ Ազրպեյճանը՝ հայցական հոլով:
Ողղակիօրէն շատ ծանր ու ճնշիչ ոճ մըն է՝ կրկնակի մակբայ:
Ուղղակի բաւարար է:
***Նորայրը հետ չեկաւ …(1-10-2022, էջ 3):
Յետ չեկաւ, այսինքն՝ ի ետ չեկաւ՝ յետ չեկաւ:
***Կողմերը պէտք է յանձնառու մնան Կապոյտ գիծին դէմ որեւէ խախտում կասեցնելու (անդ, էջ 2):
Պէտք է ըլլայ՝ «Կապոյտ գիծին հանդէպ»:
***Սապի Ապու Մունա իր խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց ընտրելու…(4-10-2022, էջ 2):
Պէտք է ըսել, որ մեր գեղագէտները յատուկ տկարութիւն մը ունին «կրկնաբանութիւն» ըսուածին հանդէպ՝ չըսելու համար, որ յատուկ ձգողականութիւն մը կը ցուցաբերեն եւ ընդառաջ կ’երթան անոր, այլեւ կը փնտռեն զայն:
Ահա թէ ինչու կրկնաբանութիւնները կը վխտան հերթական թիւերու մէջ:
Մինչ պէտք է ըլլար հակառակը:
Եւ կրնար դիւրաւ ըլլալ:
«Սապի Ապի Մունա խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն թելադրեց ընտրել…»:
Կարելի է ըսել նաեւ՝ «հրաւիրեց զանոնք ընտրելու…» եւ ուրիշ շատ բաներ, կարեւորը փափաքիլն է:
Նաեւ՝ «համապատասխան գործիքակազմերու գործարկումով ճնշում գործադրելու Ազրպեյճանի վրայ (30-9-2022, էջ 1):
Եթէ քիչ մը յարգուի մեր լեզուն եւ ընթերցողը, ապա կարելի էր գրել՝ «համապատասխան գործիքակազմերու կիրարկումով ճնշում բանեցնելու Ազրպեյճանի վրայ»:
***Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բարձր կրակի վրայ պիտի զետեղուի (անդ, էջ 4):
Այս «բարձր կրակի վրայ զետեղումը» ասացուածքը, որ բոլորովին օտար է, հազիւ թէ բան մը ըսէ արդի հայուն:
Մանաւանդ որ սխալ ընտրուած է «բարձր» ածականը:
Թերեւս «թէժ կրակի վրայ»-ն (feu artent, scorching fire) բան մը թելադրէր, թէեւ ատոր ալ կը կասկածիմ:
Լաւ կ’ըլլայ, որ այսպիսիներուն հայերէն համարժէքը,− թէկուզ մօտաւոր համարժէքը,− տրուի, քանի ազգային դարձուածքները սովորաբար լիովին թարգմանելի չեն:
Յիշենք պատմական փորձանք դարձած հետեւեալները՝
—Դիակը գարեջուրին մէջ դնելը…
–Պատերուն վրայ մողէզներու երեւումը…
—Attachons à la confiture-ը:
***Կը փորձէ իր պայմանները պարտադրել Հայաստանի վրայ (17-9-2022, էջ 8):
Պարտադրել բայը մաքուր տրական հոլով կը պահանջէ՝ առանց վրայ յետադրութեան. ուրեմն՝ «պայմանները պարտադրել Հայաստանի»:
–Քու պայմաններդ մի՛ պարտադրեր ինծի:
–Մեր պայմանները չպարտադրենք ուրիշներուն:
–Դահիճը իր պայմանները պարտադրեց զոհին:
Ինծի, ուրիշներուն, զոհին՝ երեքն ալ տրական հոլով դրուած են:
***Սահմանագծումը կը գտնուի վերջին փուլին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք Լիբանան պիտի կարենայ… (6-10-2022, էջ 7):
Հայոց լեզուն աղաւաղելու առաքելութեան հաւատարիմ՝ մեր արդի լրագրողները խոր կառչածութիւն կը ցուցաբերեն այս զազրելի ռուսաբանութեան եւ անոր երկուորեակին՝ իբրեւ հետեւանք-ին,− որոնք ամէնօրեայ ներկայութիւն են այլեւս,− ընդմիշտ մոռցած ըլլալով հայերէն միւռոնաբոյր շնորհիւ, հետեւանքով, պատճառով, բերումով յետադրութիւնները
Հայը իր սեփական կամքով կ’ընէ այս բոլորը: