Հարիւրամեակի սպասուած ֆիլմը՝ Monsieur Aznavour

October 17, 2024
Monsieur Aznavour 1

23 հոկտեմբեր 2024-ին, Ֆրանսայի մէջ պիտի սկսի ցուցադրուիլ Monsieur Aznavour(1) ֆիլմը, Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով (1924-2018), իսկ մէկ օր առաջ՝ պաշտօնական առաջնախաղը: Ֆիլմին բեմադրիչներն են երգիչ, բանաստեղծ, ասմունքող, երաժիշտ, այժմ բեմադրիչ Grand Corps Malade-ը (բուն անունով՝ Fabien Marsaud) եւ Mehdi Idir-ը:

Marie-Julie Baup Edith Piaf-ի դերով 2

Ֆիլմը կը ներկայացնէ Շարլ Ազնաւուրը՝ մանկութենէն մինչեւ «Ազնաւուր» դառնալը` զէրոյէն մինչեւ հռչակ, քսանական թուականներէն մինչեւ յիսունական թուականները: Յատուկ լուսարձակի տակ առնուած են անոր բարեկամութիւնները տարբեր արուեստագէտներու հետ, յատկապէս Էտիթ Փիաֆին(2), որ առիթ ընծայեց Ազնաւուրին դառնալու իր բեմակիցը Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի իր ելոյթներուն:

Կենսագրական տուեալները ամողջացնելու համար, արտադրիչ Jean-Rachid Kallouche, Ազնաւուրի փեսան՝ Քաթիա Ազնաւուրի ամուսինը, Ազնաւուրի օրհնութիւնը ստացած էր անոր մահէն առաջ, 2018-ին: Եւ այսպէս, 2020-էն ի վեր, Ազնաւուրի զաւակներուն՝ Միշա եւ Նիքոլա Ազնաւուրներու հսկողութեան տակ ծրագիրը սկսած է առջեւ երթալ:

Թահար Ռահիմ Ազնաւուրի դերով 3

Ֆիլմին մէջ ներառուած հայ դերասաններն են ֆրանսահայ Յովնաթան Աւետիքեան (Սերժ Աւետիքեանի տղան) որ կը խաղայ Միշա Ազնաւուրեանի՝ Շարլի հօր դերը, Հայաստանէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան, որ կը խաղայ Քնար Պաղտասարեանի՝ Շարլի մօր դերը, ֆրանսահայ Տիգրան Մխիթարեան՝ Միսաք Մանուշեանի դերով, եւ իր կինը՝ Ճուլիա Աւետիսեան` Մելինէի դերով, վերջին  երկուքը Ազնաւուրեան ընտանիքի մօտիկ բարեկամներ:

Շարլ Ազնաւուրի դերը կը խաղայ ծագումով Ալճերեացի, ֆրանսացի հռչակաւոր դերասան Թահար Ռահիմը(3)՝ հանրածանօթ A Prophet եւ The Past ֆիլմերով: Թահար Ռահիմ առաջին անգամը չէ որ հայու դեր կը խաղայ. ան 2014ին թուրք հանրածանօթ բեմադրիչ Fatih Akin-ի The Cut ֆիլմին մէջ խաղցաւ Նազարէթ Մանուկեանի դերը:  Թահար Ռահիմ, Ազնաւուրի պատասխանատու դերը խաղալու համար ձայնամարզութեան եւ դաշնամուրի դասընթացքի հետեւած է՝ ֆիլմին մէջ քանի մը երգ ինք մեկնաբանելու մտադրութեամբ:

Ֆիլմին նկարահանումը կը սկսի 2023-ի մայիսին Normandie-ի մէջ, Ֆրանսա, ապա Փարիզի վեցերորդ arrondissement՝ Monsieur-le-Prince, Ազնաւուրի ապրած թաղամասը եւ յետոյ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի տարբեր շրջաններ, եւ կ’աւարտի նոյն տարուան նոյեմբերին:  22 մայիս 2024ին, Ազնաւուրի ծննդեան օրը, Pathé՝ ֆիլմին արտադրութեան ընկերութիւնը կը հրատարակէ ֆիլմին պաստառը եւ առաջին trailer-ը:

Նարինէ Գրիգորեան – Երբ որ Քամին Հանդարտուի 4

Բայց թէ ինչպէ՞ս Նարինէ Գրիգորեան դեր ստնանձնեց այս ֆիլմին մէջ, այդ իմ սրտիս մօտիկ նիւթ մըն է:

Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի եւ Երեւանի «Սօս Սարգսեան»ի անուան Համազգայինի թատրոններու միջեւ սերտ կապերու ընդմէջէն,  ծանօթացած եմ Նարինէին: Կարճ կտրուկ հարց ու փորձով (ոչ հարցազրոյց) հետաքրքրութիւնս յագեցուցի. ուրեմն, Քնար Պաղտասարեանի դերը  խաղալու համար, բեմադրիչները, արտադրիչը եւ պատասխանատու կազմը ֆրանսացի

Երիտասարդ եւ տարեց Քնար Պաղտասարեան 5

դերասանուհիներու խաղարկութեամբ չտպաւորուելով, կ’որոշեն դիմել Հայաստանէն դերասանուհիի մը: David Bertrand՝ ֆիլմին casting director-ը, որ նաեւ 2020-ին Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ Քամին Հանդարտուի» (Si le Vent Tombe)(4) ֆիլմին casting director-ը եղած է, կը յիշէ Նարինէն: Օրին, Նարինէին բազմազբաղութեան պատճառով, բեմադրիչները կը կարենան video call-ով  ժամադրուիլ հետը: Ժամանակ խնայելու համար, video call-ը կ’ըլլայ թէ՛ ծանօթացում եւ թէ՛ նախնական փորձ (audition): Նարինէէն կը խնդրեն կարդալ Սայաթ Նովայէն (իրենց ընտրած) գործ մը… եւ տեղուոյն վրայ կը համաձայնին: Նարինէն պիտի խաղար թէ՛ երիտասարդ եւ թէ՛ տարեց Քնար Պաղտասարեանի դերերը(5):

Փարիզ կը մնայ մէկ ու կէս ամիս, որուն տասնհինգ օրը իր դերին նկարահանումին կը յատկացուի: Բազմաթիւ տեսարաններու մէջ ներկայութիւն ունի, ըլլա՛յ խօսքով կա՛մ պարզապէս ներկայութիւն:

Վերջնական ֆիլմը կը տեւէ երկու ժամ եւ տասներեք վայրկեան, բայց ըստ Նարինէին, եթէ կրճատած չըլլային «ահաւոր երկար ֆիլմ մը պիտի ըլլար»:

Mehdi Idir, Նարինէ Գրիգորեան եւ Grand Corps Malade

Նարինէն նաեւ հետաքրքրական դրուագներ պատմեց  նկարահանումներէն: Այսպէս, Նարինէի եւ Թահարի առաջին հանդիպումը եւ ծանօթացումը կ’ըլլայ… նկարահանումի ժամանակ: Միասին առաջին տեսարանն է, երբ Շարլ Ազնաւուր տուն կը մտնէ հետը բերած հիւրեր (հրեաներ, որոնք համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Շարլ Ազնաւուրի հօրենական տունը ապաստան պիտի գտնեն), եւ մայրը կ’ըսէ թէ բոլորին համար բաւարար ուտելու բան չկայ:

Ազնաւուրի մանկութեան օրերուն, երիտասարդ Քնարը արեւմտահայերէն կը խօսի՝ ըլլալով Ադաբազարցի, մինչեւ Թահար Ռահիմի յայտնուիլը (չափահաս Ազնաւուրը), ուր այլեւս ֆրանսերէն կը խօսին…

Ֆրանսայի մէջ cinema-ի եւ հեռատեսիլի ֆիլմերը միշտ պէտք է հրամցուին ֆրանսերէնով: Այս պատճառով Նարինէն նորէն կ’ուղուի Փարիզ, doublage-ի համար: Եւ արեւմտահայերէնով իր խաղցած բոլոր խօսքերը կ’արձանագրէ ֆրանսերէնով: Նարինէն ֆրանսերէնի չի տիրապետեր, եւ այս մեծ մարտահրաւէր եղած է իրեն: Իսկ Ազնաւուրի քրոջ` Այտայի դերը ստանձնող դերասանուհին, ծագումով մարոքցի, ֆրանսացի Camille Moutawakil, ֆիլմին սկիզբը արեւմտահայերէնով Շարլին կ’ըսէ «յիշէ պապան միշտ կ’ըսէր, ուր էինք ուր հասանք»: Moutawakil ոչ միայն հայերէն չի գիտեր այլ նաեւ «ր» տառը պէտք էր արտասաներ փոխան «ղ»-ի:

Սպասենք 23 հոկտեմբերը եւ լսենք ֆիլմին արձագանգը

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x