Հայերը աշխարհի 8 րդ ամենէն բարձր IQ-ն ունին
January 18, 2025
«International IQ Test» հարթակը 2025 Յունուար 1-ին հրապարակած է աշխարհի ամենէն խելացի ազգերու վիճակագրական ցանկը, ուր լաւագոյն տասնեակին մէջ կը գտնուի Հայաստան։ Հայ ժողովուրդը կը գրաւէ 8-րդ տեղը 127 պետութիւններու ցանկին մէջ։
2024-ի ընթացքին, հարթակին կողմէ առաջարկուած «IQ test»-ին, որուն ամբողջ աշխարհէն մասնակցած է շուրջ մէկ միլիոն 400 հազար հոգի, հայաստանցիները զգալիօրէն բարելաւած են իրենց ցուցանիշը՝ նախորդ «IQ Test»-ին բաղդատմամբ։
Առաջին տասնեակին մէջ են Չինաստան, Հարաւային Քորէա, Ճափոն, Իրան, Սինկափուր, Ռուսիա, Մոնկոլիա, Հայաստան, Աւստրալիա եւ Սպանիա, մինչ Ֆրանսա կը գրաւէ 17-րդ դիրքը, իսկ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան՝ 46-րդ եւ 48-րդ տեղերը յաջորդաբար։