Հայերէնը կը զուարճանայ
October 10, 2024
Եւ ինչպէ՞ս չզուարճանայ հայերէնը՝ ի տես Ամերիկայի «Պոլսահայ օգնութեան միութիւն»-ի՝ «Պայքար»-ի 392-րդ թիւին մէջ լոյս ընծայած հետեւեալ յայտարարութեան այսքան ողբալի շարադրութեան.
Ուր, միւս կողմէ, չորս անգամ բարբարոսաբար խաչուած է մեր ոսկեղէնիկը.
–Մասնակցութեամբ… հայ միութիւններով
Այսքա՞ն է, ուրեմն, մեր թեմերու հոգեւոր հովիւներուն, դուք ըսէք՝ եպիսկոպոսներուն, գիտցած հայերէնը հոն, ուր պէտք է ունենայինք միութիւններու:
Ու տակաւին՝
—ընդացքին
Որ պէստք է ըլլայ՝ ընթացքին՝ թ-ով:
—չի դադրի
Որ պէտք է ըլլայ՝ չդադրի:
–Նիւ Եօրք
Որ պէստք է ըլլայ՝ Նիւ Եորք:
Նախակրթարանի մակարդակին ալ չհասնող իր հոգեւոր հովիւներու ու միութիւններու այս հայերէնո՞վ պիտի հայութիւն ու հայերէն փրկուին Ատլանտեանէն այն կողմ…
Այս յայտարարութիւնը «Պայքար»-ի 393-րդ թիւով «սրբագրուեցաւ»՝ այս անգամ տեղ տալու համար լեզուական ուրիշ մարգարիտի, որ ահաւասիկ.
Ուր գրասէր հասարակութիւնը հրաւիրուած է «վայելելու հայկական գինին՝ համադամ աղանդներուն հետ»:
- Մարժեհիուն
Օրերս «Ազդակ» իր քաղաքական էջով կը թուէր հարաւային Լիբանանի կարգ մը տեղանունները, ի շարս որոնց նաեւ Մարժեհիուն: Որքան ալ արաբերէնս շատ հեռու գտնուի նախանձելի ըլլալէ, այսուհանդերձ ինչ-որ խորթ գրելաձեւի մը թաքուն թելադրանքը կ’ընէր նման տառադարձումը, ուստի փութացի դիմելու արաբական աղբիւներու, ուր مرجعيون է բնագիրը:
Բարդ բառ մըն է այս, որուն զոյգ արմատներն են՝
— مرج որ կը նշանակէ մարգ կամ մարգագետին, արօտ, մարմանդ, խոտաւէտ տարածութիւն:
–عيون որ կը նշանակէ աչքեր, ակեր. եզակին՝ عين՝ աչք, ակ, աղբիւր, բխող ջուր:
* * *
Ինչպէ՞ս արտասանել ասոնց առաջինը:
Արաբները զայն կ’արտասանեն մäրժ:
Այս ä հնչիւնը, որ կը գտնուի գրաւոր գերմաներէնի ու բանաւոր թրքերէնի մէջ եւս, առնուած է գրադարձութեան միջազգային այբուբենէն եւ հայերէն կը կոչուի «քմային այբ». հայերէնը քմային այբ չունի: Ան համարժէք է արաբերէն ալեֆի արտասանութեան, որ ոչ ա է, ոչ է է. ասոնց միջեւ արտասանութիւն մըն է, որ կը ստանանք, երբ մեր ա տառը հնչելու առթիւ լեզուի երկու եզերքները կ’ոլորենք եւ կը տանինք-կը փակցնենք վերին ատամներուն:
«Ազդակ» զայն մարժ տառադարձած է, ինչ որ ընդունելի է. ֆրանսերէնը իր կարգին զայն կը տառադարձէ marj, որ բոլորովին համահունչ է մերինին:
Երկրորդ արմատին առաջին տառը՝ ع է, որ կոկորդային հնչիւն մըն է եւ յատուկ է միայն սեմական լեզուներուն, յատկապէս՝ արաբերէնին: Այս հնչիւնը իր կարգին հայերէն կը տառադարձենք ա. ուստի ամբողջ արմատը կ’արտասանուի այուն, եւ ճիշդ այսպէս ալ կը հնչեն ու կ’արտասանեն օտարները՝ ayoun:
Որով՝ ամբողջ բառը կու տայ մարժ այուն > Մարժայուն:
Վիքիփետիան իր կողմէ կու տայ՝ Marjayoun:
Որ բաւական հեռու է յերիւրածոյ Մարժեհիուն-էն:
* * *
Գալով բառիս նշանակութեան՝ ապա մարժ-ը պարսկերէնէ փոխառեալ marg բառն է, որ մենք եւս օրին փոխ առած ենք մարգ ձեւով:
Նկատել, որ սեմական/արաբական ج տառը համարժէք է հայերէնի գ-ին:
Այլ օրինակներ՝ منخل “մինժալ” = մանգաղ (ج=գ), جب “ժուպ” = գուբ (ج=գ):
Ուրեմն՝ Մարժայուն կը նշանակէ մարգ ակերու, մարգ մը, ուրկէ ջուրի մեծաթիւ ակեր կը բխին: Եթէ փորձենք բառացի թարգմանել, պիտի ըսէինք՝ ջրամարգ, իսկ գրաբար՝ մարգ ականց, եւ մէկ բառով՝ մարգականց:
* * *
«Ազդակ»-ի քաղաքական էջի միակ սխրանքը չէ այս: Քա՛ւ լիցի:
Անոր գլխարկին մէջ կան «գրոց յիշատակութեան արժանի» շա՜՜՜տ ուրիշ նապաստակներ եւս, որոնք յաւուր պատշաճի լոյս աշխարհ կու գան: Այսպէս՝
Լիբանանեան ուժերու երբեմնի հրամանատարին անունը՝ جعجع,— որ անգլիագիր եւ ֆրանսագիր մամուլին համար Geagea է,— ինք կը տառադարձէ Ժահժահ հոն, ուր պէտք է ունենայինք՝ կա՛մ Ժաժա, կա՛մ նախընտրաբար Ժաաժա:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան