Հայաստանի Ameriabank-ը վարկեր (mortgage) կը տրամադրէ սփիւռքահայերու
May 24, 2024
Հայաստանեան Ameriabank-ը կ’առաջարկէ սփիւռքահայերուն համար (mortgage) վարկեր։
Այն սփիւռքահայերը, որոնք կը փափաքին անշարժ գոյք գնել Հայաստանի մէջ, կամ հոն իրենց արդէն ունեցածը վերանորոգել, կառուցապատել եւ այլն, կրնան առցանց դիմել Ameriabank-ին՝ անկախ իրենց բնակած կամ տուեալ պահուն գտնուած երկրէն։
Դիմումի ընդունման համար էական չեն Հայաստանի մէջ արձանա- գրուած եկամուտի աղբիւրը, ինչպէս նաեւ՝ մնայուն բնակութեան վայրը։ Որպէս եկամուտի աղբիւր նկատի կ՚առնուի յաճախորդին՝ այլ երկրի մէջ ունեցած եկամուտները։ Վարկը կը հաստատուի առանց տրամադրման եւ սպասարկման վճարումի։
Գրաւով վարկը կրնայ տրամադրուիլ հայաստանեան դրամով, ամերիկեան տոլարով կամ եւրոյով, (5000-էն 300.000 ամերիկեան տոլար եւ 5000-էն 300.000 եւրո) 60-էն մինչեւ 360 ամիս պայմանաժամով։ Վարկի տրամադրման պայմաններն ու միւս մանրամասնութիւնները կարելի է քաղել Ameriabank կայքէջին, հետեւեալ կապով:
Առաջարկէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է Ameriabank-ի կայքին մէջ լրացնել համապատասխան դիմումը, որմէ ետք դրամատան աշխատակից մը կապ կը հաստատէ՝ քննարկելու համար վարկա- ւորման պայմանները։
Ameriabank-ը կը գտնուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան վերահսկողութեան տակ։