Հայաստանի 16 դպրոցներու մէջ արուեստական բանականութիւն կը դասաւանդուի
June 8, 2024
Անցնող տարեշրջանին, գործակցութեամբ սեփական մարզին, Հայաստանի 16 դպրոցներու կրթական ծրագրին մէջ ընդգրկուած են արուեստական բանականութեան դասընթացքներ, վերջերս յայտարարեց Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան՝ Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու միացեալ նիստին:
Այս իմաստով, Չինաստանի, Հարաւային Քորիայի եւ Սինկափուրի կողքին, Հայաստան աշխարհի առաջին երկիրներէն մէկն է, որ արդէն դպրոցական մակարդակի վրայ արուեստական բանականութիւն ուսուցանելու ծրագիր ունի:
Ժաննա Անդրէասեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններուն մէջ credit-ներու դրութեան որդեգրումին, որոնք նկատի կ’առնուին համալսարաններու կողմէ: