Հայաստանի համալսարանները շուտով կը մէկտեղուին «Ակադեմական քաղաքի» մէջ

July 4, 2024
«Ակադեմական քաղաքին» պատկերացումը օդէն դիտուած (հեղինակային իրաւունք gmp)

Թէ՛ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութիւնը եւ թէ՛ Երեւանի քաղաքային համայնապատկերը վերափոխելու յաւակնոտ քայլով մը, Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացուցած է «Ակադեմական քաղաքի» ստեղծման ծրագիր մը: Այս ծրագիրը, որ կը միտի էականօրէն փոխելու երկրին բարձրագոյն կրթական եւ գիտահետազօտական ​​հաստատութիւններու համակարգը, կը նպատակադրէ անոնց համալրումը աւելի մեծ միաւորներով՝  մէկտեղուած նոր վայրի մը մէջ, մայրաքաղաքի ծայրամասին: Նկատի առնելով, որ ծրագիրը կը խոստանայ անվճար դասընթացքներ տրամադրել բոլոր դիմող ուսանողներուն, ան հրապարակային քննարկումներու եւ հակասութիւններու դուռ բացած է:

Քաղաքը պիտի կառուցուի Երեւանի 17-րդ թաղամասին կից շուրջ 680 հեքթար տարածութեան վրայ, որ սահմանակից է Արմաւիրի, Արագածոտնի եւ Կոտայքի մարզերուն եւ փոխադրական տարբեր միջոցներով կապուած պիտի ըլլայ թէ՛ Երեւանին, թէ՛ ալ մարզերուն:

Այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակներէն մէկը մօտաւորապէս 60 բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համախմբումն է շուրջ ութ աւելի մեծ միաւորներու մէջ: Այս հաստատութիւնները բոլորը կը փոխադրուին վերոնշեալ նորամշակ վայրը, որուն յատակագիծը պատրաստած է գերմանական Gerkan, Marg and Partners (gmp) ճարտարապետական ​​ընկերութիւնը: Նախագիծը կ’ընդգրկէ արդիական կառոյցներ եւ համարկուած ակադեմական համալիրներ:

Պատերացում մը Ակադեմական քաղաքի մէկ հատուածէն (հեղինակային իրաւունք gmp)

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորթի նախարար, դոկտ. Ժաննա Անդրէասեան կ’ընդգծէ, որ այս նախաձեռնութիւնը օրակարգի վրայ է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր՝ ընդգրկելով միջազգային խորհրդատու ընկերութիւններ: Անդրէասեանի համաձայն, անոր նպատակն է Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները համաշխարհային մակարդակով մրցունակ դարձնել: «Մենք հետամուտ ենք, որ առնուազն մեր համալսարաններէն չորսը մաս կազմեն աշխարհի 500 լաւագոյն ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններու վարկանիշներու ցանկին», – կը նշէ ան` նկատի ունենալով Times Educational Ranking-ի եւ Shanghai Ranking-ի նման վարկանշային դրութիւններ:

Ակադեմական քաղաքի ծրագիր յղանալու հիմնական հարցերէն մէկը Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու գերբնակեցումն է, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անարդիւնաւէտութեան եւ կրթական մակարդակի անկումին: Կ’ակնկալուի, որ անոնց մէկտեղումով աւելի մեծ կուտակումներու մէջ, առաւելագոյնի կը հասնի արդիւնաւէտութիւնը եւ կը կրճատուին վարչական ծախսերը: Անդրէասեան զուգահեռներ կը գծէ օրինակներու հետ, ինչպէս՝ Լոնտոնի Արուեստից Համալսարանը, որ յաջողութեամբ համարկած է բազմաթիւ գոլէճներ մէկ հովանիի ներքեւ` միաժամանակ պահպանելով անոնց առանձնայատկութիւնները:

Ակադեմական քաղաքին մէջ, ակադեմական իւրաքանչիւր համախմբում համագործակցութիւն պիտի հաստատէ միջազգային գիտական հիմնարկներու հետ, ինչպէս՝ Միւնիխի արհեստագիտութիւններու համալսարանը (TUM), Գալիֆորնիոյ արհեստագիտութիւններու հիմնարկը (CIT) եւ Armenian Society of Fellows (https://asof.am/)` համաշխարհային լաւագոյն փորձառութիւն ապահովելու հեռանկարով:

Ծրագիրը կ’ընթանայ փուլային մօտեցումով. նախագծման փուլ (2023 հոկտեմբերէն մինչեւ 2025 սեպտեմբեր), շինարարութիւն (2025-էն մինչեւ 2029) եւ ակադեմական խմբաւորուներու նախնական օգտագործում՝ 2030-էն սկսեալ: Կառավարութիւնը կ’ակնկալէ, որ ծրագրին ամբողջական իրագործումը տեւէ 30-50 տարի: Առաջին հիմնարկները կրնան 5-7 տարուան ընթացքին տեղափոխուիլ:

Տակաւին յստակ չէ, թէ ծրագրին ընդհանուր ծախսը որքա՞ն է: Միայն նախագծումի եւ նախնական աշխատանքներուն սկսելու համար նախատեսած է շուրջ 3 միլիառ տոլար յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէին մէջ: Այս ծրագիրը եւ անոր ընդհանուր ծախսը մտահոգութիւն յառաջացուցած է՝ նկատի առնելով ազգային այլ առաջնահերթութիւններ, ինչպէս՝ պաշտպանութիւնը եւ գաղթականներու օժանդակութիւնը: Քննադատները կը պնդեն, որ այդ միջոցները կրնան աւելի լաւ ծախսուիլ անմիջական կարիքներու համար, մինչդեռ կողմնակիցները ծրագիրը կը նկատեն կենսական ներդրում մը Հայաստանի ապագային համար:

Ընդդիմութիւն գոյութիւն ունի նաեւ Երեւանի մշակութային կեանքին անբաժանելի մասը նկատուող հիմնարկներու տեղափոխման դէմ, ինչպէս՝ Կոմիտասի անուան պետական ​​երաժշտանոցը: Կրթական նախարարութիւնը սակայն, կը խոստանայ, որ Ակադեմական քաղաքին մէջ բարելաւուած փոխադրամիջոցները եւ նախատեսուած արդիական յարմարութիւնները կ’երաշխաւորեն մշակութային ներգրաւուածութիւնը:

Ակադեմական քաղաքի կառուցման առաջին փուլով կը նախատեսուի գործարկել համալսարանական խմբաւորումներու չորսը` կրթական, արուեստներու, արհեստագիտական եւ սպայական ուղղութիւններով: Նշուած խմբաւորումներուն եւ անոնց յարակից տարածքներուն մէջ, նախնական տուեալներով կը նախատեսուի, որ աշխատին ու բնակին շուրջ 44.000 անձեր: ԸՆթացքի մէջ են ենթակառոյցներու ծրագրումի եւ փոխադրամիջոցներու ցանցի նախագիծի պատրաստութեան աշխատանքները, որոնք կ’աւարտին 2025-ին, որմէ ետք կը սկսի  կառուցապատման առաջին փուլը. նախնական գնահատումով, առաջին փուլի աշխատանքները կ’աւարտին 2030-ին:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x