Քարէն Բարսեղեան. Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփը» Խարիսխն է Հայութեան

January 8, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Քարէն Բարսեղեանի (Լիբանան) սոյն յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022):

Հայ ժողովուրդը հարուստ է մշակութային բնորոշ ժառանգութեամբ՝ դրսեւորուած յառաջադէմ կեանքի տարբեր ճիւղերու մէջ՝ շնորհիւ իր հետամտութեան, ուսումնա-տենչութեան, բարեկրթութեան, արուեստի բարձր գնահատանքի արժեւորման, իր յատկանշական սովորութիւններով եւ ազատատենչ նկարագրով: Շնորհիւ այս տեսակի վեհանձն նկարագրի տէր ազգութեան, պատահական չէ, որ հայ ազգը օժտուած ըլլայ յառաջադէմ զաւակներով, որոնց դերն ու ձեռք ձգած յաջողութիւնները կ’արձագանգեն մինչեւ այսօր եւ կը գնահատուին համաշխարհային չափանիշերով: Իսկ ժամանակակից պատմութեան մէջ, հայութիւնը ունեցած է մեծ թիւով երախտաշատ զաւակներ, որոնք իրենց բաժինը բերին հայ դատին ծառայութեան մէջ:

19-րդ դարավերջին, Հայկական հարցը  միջազգային հետաքրքրութեան արժանացաւ եւ 1878 Մարտ 3-ին, Սան Սթեֆանոյի վեհաժողովին ան տեղ գտաւ 16-րդ յօդուածին մէջ: Քանի մը ամիս ետք տեղի ունեցաւ Պերլինի վեհաժողովը եւ հայերը պատուիրակութիւն մը ղրկեցին գլխաւորութեամբ  Խրիմեան Հայրիկին, եւրոպական պետութիւններուն ներկայացնելու հայաբնակ տարածքներու կենցաղային բարեփոխման առաջարկը, սակայն հայկական պատուիրակութեան ներկայութիւնն իսկ չթոյլատրուեցաւ Պերլինի Վեհաժողովին: Այս ժողովին աւարտին, Յուլիս 13, 1878-ին, հայոց տրամադրուած յօդուածին թիւը եղաւ 61: Այս դէպքին վրայ, Խրիմեան հայրիկը ունեցաւ պատմական կեցուածք մը, որ մինչեւ այսօր բոլոր սերունդներուն համար կ’ըլլայ ուղեցոյց եւ աոաջնորդ. «Երկաթէ Շերեփ»ի գաղափարախօսութիւնն է այդ: Ակնյայտ է հայկական հարցի կնճռոտ հարցը լուծելու Խրիմեան Հայրիկի յորդորը, դերն ու կարեւորութիւնը՝ յեղաշրջելու օտարներու ապաւինելու հայ ժողովրդի հիմնական սխալը: Եւ Հայրիկին այս յորդորը զինք կը վերածէ ժամանակակից հայկական պատմութեան ամենատպաւորիչ եւ ազդեցիկ անձնաւորութեան:

1878-ին Պերլինի վեհաժողովի ընթացքին, Խրիմեան Հայրիկը ականատես եղաւ համաշխարհային քաղաքական հիմնական փոփոխութեան մը եւ իր վերադարձին ան հիմը դրաւ ռազմական համահայկական մտածողութեան մը եւ զայն դրոշմեց «Երկաթէ Շերեփ» հրաշք անունով, ուր յստակօրէն կը յայտնէ իր պատգամը թէ ազգի մը գոյատեւման հիմնական պայմանը կը կայանայ ազգային սեփական ուժին վստահելու հրամայականը՝ առանց օտարներու միջամտութեան եւ օգնութեան ակնկալութեան: Ան վեհաժողովը նմանցուց հերիսայի հսկայ կաթսայի մը, ուրկէ աշխարհի բոլոր ազգերը իրենց բաժինը կ’առնեն երկաթէ շերեփներով, մինչ հայութիւնը հոն ներկայացած էր թուղթէ շերե-փով: Հայրիկը խրախուսեց այսուհետեւ երկաթէ շերեփով ներկայանալ որեւէ պահանջատիրութեան ժամանակ: Ան եղաւ խիզախ առաջնորդ մը, որուն օրինակին հետեւելու է համայն հայութիւնը:

Իր այս պատգամէն ոգեւորուած, հայկական կուսակցութիւնները ծագում առին, եւ եթէ անոնց զինանշաններուն նայինք, կը տեսնենք նոյն գաղափարները: Անոնց վրան կը գտնուին սուրի մը, փետուրի մը եւ բահի մը նկարները: Սուրը կը խորհրդանշէ ռազմական ճակատը, փետուրը՝ մտաւորական մշակութային ճակատները, բահը՝ բանուորական եւ գոյամարտի ճակատները: Այս երեք գաղափարները բխած են հանճարեղ հայրիկին օրհնուած երկաթէ շերեփէն: Կուսակցութիւններուն օրինակին հետեւեցան նաեւ բարեգործական միութիւնները: Աւելի քան հարիւրամեակ մը շարունակ այս հիման վրայ գործելով, հայկական բոլոր խմբաւորումները իրենց գործունէութեամբ եղան օգտաւէտ համայն հայութեան: Սփիւռքի մէջ գոյացան հայ կրթական օճախներ, եկեղեցիներ, մամուլ, մարզական, երիտասարդական եւ մշակութային շարժումներ, հիւանդանոցներ, դարմանատուներ, ակումբներ:  Մանաւանդ սփիւռքի մէջ, շնորհիւ բոլորին ջանքերուն, աշխարհի վրայ այսօր կարեւոր թիւով երկիրներ ճանչցած են հայկական ցեղասպանութիւնը: Հետեււաբար, Հայրիկը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի ազատատենչութեան ջատագովը, որուն օրով եւ վախճանումէն մինչեւ այսօր զոհողութիւնները հոյակապ արդիւնքներ կու տան:

Խրիմեան Հայրիկին յորդորը կ’ապրի մինչեւ այսօր: Այս առումով կը տեսնենք թէ հանճարեղ Հայրիկին ցոյց տուած ճամբան ներկայիս ալ հայութեան փրկութեան միակ լաստն է: Այս օրերուն աւելի քան երբեք հիմնական տեղ պէտք է գրաւէ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ: Համաշխարհային բարդ քաղաքականութեան հետ քայլ պահելը, իրաւունքներ ապահովելը, գոյատեւելը եւ հաստատ հիմի վրայ կենալը համահայկական անխուսափելի պարտականութիւն է: 44 օրուան պատերազմը եկաւ փաստելու, թէ հայրենաբնակ մեր եղբայրները եւ սփիւռքահայութիւնը նոյն զգացումը  ունին, նոյն ձեւով կ’ըմբոստանան: Աշխարհի չորս ծագերուն, հայութիւնը ոտքի ելաւ եւ պատերազմելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց: Այս միասնական ընդվզումը եւ մեր իրաւունքները քաղաքական ամէնէն բարձր ատեաններուն առջեւ ներկայացնելն ու պահանջելը ճկուն եւ հմուտ մտաւորական-քաղաքական ուժերու կը կաօտին: Այսպիսի բարդ քաղաքականութեան մէջ թափանցելը կարելի կ’ըլլայ միայն ժողովրդային բոլոր հատուածներուն միասնական աշխատանքով: Տեղին է նշել նաեւ, թէ անհրաժեշտ է սփիւռքն ու Հայաստանի ղեկավարութեան զուգահեռ քայլ պահեն քաղաքական բոլոր կարեւոր որոշումներուն մէջ: Հետեւաբար, իրենց յարատեւ խորհրդակցութիւններով, համագումարներով, մամուլով եւ այլ տեսակի գործունէութիւններով երբ միացեալ ճակատ կազմեն, հայութեան պահանջատիրութիւնը կը թափանցէ ամենախրթին քաղաքական խմբաւորումներէն ներս եւ միայն այն ատեն յոյսը կ’ունենանք լուծելու հայկական հարցը եւ դիմակալել ամէն տեսակի սպառնալիքներն ու յաղթահարել դժուարութիւնները:

Անցնող աւելի քան 150 տարուան ժամանակակից պատմութեան մէջ ամէնէն ազդու եւ օրինակելի ազգային հերոսը վսրահաբար եղաւ Խրիմեան Հայրիկը: Մեր բազմավաստակ հայրիկը ոչ միայն եղած է կաթողիկոս՝ հայոց հոգեւոր հայրը, այլեւ կրթական մշակ եւ գրական հեղինակ, ինչպէս «Պապիկն ու Թոռնիկը», «Հերիսայի Կաթսան եւ Երկաթէ Շերեփը», «Խաչի Ճառը», քերթողական ժողովածուն «Վերջալոյսի Ձայներ»: Ան ունեցած է բազմաթիւ մարդասիրական առաքելութիւններ, որոնց շնորհիւ ժողովուրդը զինք կոչած է հայրիկ:

Հայկական մտաւորական դասը եւ յատկապէս քաղաքական շրջանակները երկաթէ շերեփին փայլքին մէջը տեսնելու են ցոլացումը Հայկ Նահապետին յաղթական նետին, Սասունցի Դաւիթին հզօր թուրին, Սուրբ Վարդանին հոգեւոր սուրին, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին հանճարեղ գիւտին եւ այլ ազգային զօրութեանց ցոլացումները: Մաղթելով որ ապագայ սերունդներն ալ մեր Հայրիկին պատգամին հետեւելով շարունակեն այս ազգօգուտ երթը:

 

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x