Կարելի՞ է լրտեսել մէկը իր բջիջայինին միջոցով. MIT ուսումնասիրութիւն

January 24, 2024

MIT համալսարանի գիտնականներուն կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը բացայայտէ թէ ձեր խելախօսին (smartphone) միջոցով ձեզ լրտեսուելու հաւանականութիւնը շատ բարձր է, կապուած ձեր խելախօսի շրջակայ լոյսի զգայակներուն (sensor), որոնք ենթադրաբար անվնաս մէկ բաղադրիչը կը կազմեն մեր բջիջայինին, եւ միայն կը ծառայեն պաստառին (screen) լուսաւորումը, պայծառութիւնը որոշելու նպատակին: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ծոնդիչները (hackers) կամ գաղտնի սպասարկութիւններ ու պետութիւններ, կրնան օգտագործել այս զգայակը` լրտեսելու խելախօս գործածողները՝ առանց անոր նկարչական ոսպնեակը աշխատցնելու:

Ծանօթ է, որ լոյսի զգայակները կ’օգտագործուին խելախօսի պաստառին պայծառութիւնը յարմարեցնելու շրջակայ միջավայրի լոյսի թանձրութեան: Ի տարբերութիւն նկարչական ոսպնեակներուն, այս զգայակները կ’աշխատին ինքնագործ՝ առանց արտօնութիւն պահանջելու, ինչ որ զանոնք ենթակայ կը դարձնէ չարաշահումի: MIT-ի համակարգչային գիտութեան եւ արուեստական բանականութեան տարրալուծարանի հետազօտողներուն համաձայն, ծոնդիչները կրնան օգտագործել այս զգայակները՝ վերականգնելու խելախօսի պաստառին առջեւ կատարուող շարժումներուն պատկերները, թէեւ ներկայիս ոչ շատ յստակ, բայց արհեստագիտութեան զարգացման հետ՝ ամբողջական յստակութեամբ: Երեւակայեցէք, որ օրինակ, երբ դուք ֆիլմ մը կը դիտէք՝ ուրիշներ ձեզ կը դիտեն ու ձեր արտայայտութիւնները կ’ուսումնասիրեն:

MIT-ի հետազօտողները այս հարցին լուծման համար կ’առաջադրեն վճռորոշ հակաքայլեր: Անոնք կ’առաջարկեն որ նշուած զգայակները չըլլան ինքնագործ եւ լոյսի աստիճանը ճշդուի գործածողին թոյլտուութեամբ: Առաւել, անոնք կը թելադրեն նուազեցնել զգայակին ճշգրտութիւնն ու արագութիւնը` սահմանափակելու անոր հաւաքած տեղեկութիւնները: Լուծումներու շարքին կը նկատեն նաեւ սարքային փոփոխութիւն մը՝ զգայակը տեղափոխելով ու զետեղելով գործածողին անմիջական շրջապատը տեսնելու գօտիէն հեռու:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x