Կամ, կա՛մ… կա՛մ…

November 8, 2024

Կամ-ը համադասական շաղկապի տրոհական տարբերակն է, որ ընդհանրապէս կը ծառայէ ընտրելու ներկայացող  քերականօրէն երկու համարժէք հասկացութիւններէ մէկը. օրինակ՝

–Որոշած եմ խնձոր կամ նարինջ  գնել:

–Գնա՛, Թորոսը կամ Մարկոսը  ինծի՛ կանչէ:

–Ձմռան  գիշերները անոնք  կը կարդային կամ հեքիաթ  մտիկ կ’ընէին:

–Նկատողութիւն լսելով՝ ան ապշած աչքերով երեսդ կը նայէր կամ երկու ափերովը դէմքը ծածկելով կը հեծկլտար:

Այս պարագային  կամ-ը չի՛ շեշտուիր, եւ իրմէ   առաջ   ստորակէտ  կամ  որեւէ այլ նշան չի՛ դրուիր:

                                                         *   *   *

Բերուած բոլոր օրինակները կարելի է գրել կա՛մ… կա՛մ… կրկնադիր շաղկապով, որ կը ծառայէ մեր միտքը  աւելի շեշտելու. այս պատճառով ալ նախընտրաբար  շեշտով կ’օժտենք  զոյգ շաղկապները.  օրինակ՝

–Որոշած եմ կա՛մ   խնձոր գնել, կա՛մ   նարինջ:

–Որոշած եմ կա՛մ  խնձոր, կա՛մ   նարինջ գնել:

–Ձմռան երկար գիշերները անոնք կամ՛  կը կարդային, կա՛մ  հեքիաթ մտիկ կ’ընէին:

Այս պարագային  մի՛այն երկրորդ կամ-էն առաջ ստորակէտ կը դնենք:

Բացառուած չէ, որ երկուքի փոխարէն ունենանք երեք կամ. օրինակ՝

–Որոշած եմ  կա՛մ խնձոր, կա՛մ նարինջ, կա՛մ տանձ գնել:

Այլ խօսքով՝ այս երեքին մէկէն մէկը մի՛այն:

Այս պարագային եւս առաջին կամ-ը կը մնայ անստորակէտ, միւս երկուքէն առաջ կը դնենք ստորակէտ:

Լեզուական որեւէ արգելք չկայ, որ ունենանք չորս կամ հինգ… կամ. սակայն ոճականօրէն ընդունելի չէ այդ, վասնզի երրորդէն անդին կը սկսի ճապաղութիւնն ու ծանծաղութիւնը, որմէ պէտք է խուսափի ամէն  հայերէն խօսող ու մանաւանդ… գրող՝ առանց հրեայի ու հեթանոսի խտրութեան:

                                                                        *   *   *

            Բացառուած չէ, որ նոյն նախադասութեան մէջ գոյակցին  եւ/ուկամ…  շաղկապները, այսինքն՝ միաւորիչն ու տրոհականը. օրինակ՝

            –Որոշած եմ խնձոր ու նարինջ կամ տանձ գնել:

            Այս կը նշանակէ, որ ստուգապէս խնձոր պիտի գնեմ, առաւել՝ նարինջ կամ տանձ՝ մէկէն միւսը: Ընդամէնը՝ երկու պտուղ:

            Նկատել, որ որեւէ ստորակէտ չկիրարկեցինք:

            –Որոշած եմ խնձոր կամ նարինջ ու տանձ գնել:

            Իսկ այս մէկը կը նշանակէ՝  կա՛մ միայն խնձոր կը գնեմ, կա՛մ միայն նարինջ ու տանձ միատեղ:

            Այս պարագային եւս որեւէ ստորակէտ չի կիրարկուիր:

                                                                    *   *   *

Կամ-ը կը ծառայէ նաեւ  նոյն հասկացութեան տալու երկրորդ անուանում մը, բացայայտիչ մը, եթէ կ’ուզենք.  օրինակ՝

Հայասատնի մայրաքաղաքը, կամ Երեւանը, օր ըստ օրէ կը գեղեցկանայ:

Կիրակոսը, կամ անդրանիկ զաւակը, իր քով աշխատանքի առաւ:

Արարատ լեռը, կամ Մասիսը, կը գտնուի Արաքսէն այն կողմը:

Այս պարագային կամ շաղկապն ու շաղկապուող բառը կամ բառակապակցութիւնը  կը մեկուսացնենք երկու ստորակէտերու միջեւ:

Ծանօթ.- Այս օրինակներու շաղկապուող անդամներուն դիրքը կրնանք ազատօրէն շրջել. Օրինակ` կրնանք ըսել նաեւ.

Երեւանը, կամ Հայաստանի մայրաքաղաքը, օր ըստ օրէ կը գեղեցկանայ:

Ասոնց կրնանք տալ նաեւ հետեւեալ գրային տարազները.

Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը, օր ըստ օրէ կը գեղեցկանայ:

–Հայաստանի մայրաքաղաքը, այսինքն՝ Երեւանը, օր ըստ օրէ կը գեղեցկանայ:

  1. Դիմերես եւ դարձերես

Իմ պատուական բարեկամս՝ տէր Աբէլ քհն. Մանուկեանը, վերջերս կիրարկած էր այս երկու բառերը՝ առանց մոռնալու ասոնց հետ երրորդութիւն կազմող շքադրամ-ը:

Խոստովանինք, որ ասոնք կը կազմեն մեր բառամթերքի այն նմուշներէն, որոնք ականջդ ու քիմքդ կը շոյեն իրենց քնարականութեամբ ու հիւթեղութեամբ:

Բառերն ալ ունին իրենց ուրախ եւ տխուր  ճակատագիրը:

Անդին չենք վարանիր հարց, վերաբերեալ, փոխանցել, մօտ, ասիկա, ատիկա, անիկա, ատենուընէ, օրուընէ   կոչուած աղբերով ալ  ողողել մեր խօսքը,- բացէք ձեր  ընթերցած  որեւէ  թերթի հերթական թիւերէն մէկը ու  պիտի  տեսնէք այս բոլորը,- մոռնալով  անոնց ամենաազնիւներն ու բարեհունչները:

Ասոնք կը վկայակոչեն հազարամեակներու վաղեմու-թիւն ունեցող   սովորութիւն մը,  որ յատուկ էր մասնաւորա-բար օրուան տիրակալ արքաներուն, որոնք ձուլուող մետա-ղադրամին մէկ երեսը պիտի  անպայման օժտէին իրենց պատկերով. օրինակ՝ մեր Տիգրան Մեծինը.   

 Այս մէկը կը կոչուէր դիմերես՝ դէմքը կրող երես, ուր բացառուած չէր, որ արձանագրուէր արքային անունը եւ տիտղոսը: Հակառակ կողմը կը կազմէր  դարձերեսը, ուր կը դրուէր այլ կարգի արձանագրութիւն մը: Ամբողջութիւնը կը կազմէ շքադրամը:

             Որուն հետագային հետեւեցան շքանշանները, որոնք կը միտէին անմահացնել ընդհանրապէս ազգային, երբեմն ալ միջազգային կարեւոր դէմքեր. մեր պարագային, օրինակ, Մեսրոպ Մաշտոցը, Մովսէս Խորենացին  եւ ուրիշներ:

Շքանշանը օժտուած կ’ըլլայ  մի՛այն դիմերեսով: Ան կը կրէ օղակ մը կամ գնդասեղ մը՝ ամրացնելու համար զայն ստացողի լամբակին:

Իսկ զայն կազմող  մետաղը այլազան է ՝ ոսկի, արծաթ,  պղինձ եւ այլն:

      Հայկական շքանշաններ՝ պատմական եւ արդի բնաբաններով, ինչպէս նաեւ    համաշխարհային փառքի արժանացած երկու կենդանի շքանշանակիր հայեր:

            [email protected]                                                                 Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x