Ծովու ջուրը կարելի է վերածել ըմպելիի՝ տան մէջ

September 14, 2024

Գանատայի Ուաթըրլու համալսարանի գիտնականները մշակած են արեւու ուժով բանող աղազերծող գործիք մը, զոր կարելի է օգտագործել ծովու ջուրը վերածելու ըմպելի ջուրի: Այս գիւտը կրնայ մշտակայ լուծում բերել ջուրի համաշխարհային տագնապին, յատկապէս ծովեզերեայ եւ կղզի երկիրներու մէջ, ուր անուշ ջուրը ընդհանրապէս սակաւ կը գտնուի: Այս նոր արհեստագիտութիւնը կրնայ յեղաշրջել աղազերծման աւանդական մեթոդները եւ զանոնք փոխարինել աժան եւ կենսոլորտային մաքուր այլընտրանքով մը:

Անուշ ջուրի պահանջը երթալով կը սրի: Աշխարհի տարածքին շուրջ 2,2 միլիառ հոգի զրկուած է ըմպելի ջուրի հասանելիութենէ: Բնակչութեան արագ աճը եւ անոր զուգահեռ ջուրի սպառումը աւելի եւս կ’աւելցնեն ճնշումը ծովեզերեայ երկիրներու եւ կղզիներու վրայ, ուր աղազերծումը դարձած է կենսական:

ՄԱԿ-ի Ջուրի համաշխարհային զարգացման 2024-ի տեղեկագրին համաձայն, անուշ ջուր արտադրող արդիւնաւէտ նոր արհեստագիտութիւններու պահանջը այսքան մեծ չէ եղած:

Ծովու ջուրի աղազերծման աւանդական դրութիւնները, որոնք հիմնուած են թաղանթներու միջոցով ջուրը եւ աղը իրարմէ անջատելու սկզբունքին վրայ, շատ մեծ ուժ կը պահանջեն եւ յաճախ կը խանգարուին, որովհետեւ սարքին մակերեսին վրայ կուտակուած աղը շատ անգամ կը խցանէ ամբողջ համակարգը:

Ուաթըրլույի համալսարանի գիտնականները, սակայն, գտած են գործնական լուծում մը: Բնութենէն ներշնչուած՝ անոնք մշակած են արեւային ուժով աղազերծող գործիք մը, որ կ’ընդօրինակէ ծառերու բնական հունով ջուրը արմատներէն դէպի իրենց տերեւներ փոխադրելու եղանակը: «Մեր ներշնչումը կու գայ անկէ, թէ բնութիւնը ինչպէս կ’երաշխաւորէ ինքն իր գոյատեւումը եւ ինչպէս ջուրը կը գոլորշինայ ու կը խտանայ շրջապատին մէջ», – կը բացատրէ Ուաթըրլույի քիմիաճարտարագիտութեան ամբիոնի դասախօսներէն՝ դոկտ. Մայքլ Թէմ:

Նոր գործիքը արդիւնաւէտօրէն կը գոլորշիացնէ եւ կը խտացնէ ջուրը փակ համակարգի մը մէջ՝ կանխելով աղի կուտակումը եւ զգալիօրէն բարելաւելով գործընթացին յարատեւականութիւնը: Ի տարբերութիւն աւանդական համակարգերուն, որոնք ​​մաքրուելու մնայուն կարիք ունին, այս նոր արհեստագիտութիւնը կ’երաշխաւորէ անընդհատ աղազերծում առանց խանգարումներու:

Waterloo-ի այս գործիքը յաւելեալ ուշադրութիւն կը գրաւէ յատկապէս անով, որ հիմնուած է արեւային ուժի վրայ եւ կախեալ է անկէ: Օգտագործելով առաջացեալ նիւթեր՝ նորաստեղծ այս համակարգը կրնայ արեւի լոյսի 93 տոկոսը վերածել օգտագործելի ուժի, ինչ որ մեծ բարելաւում կը նկատուի աղազերծման աւանդական արհեստագիտութիւններուն հետ բաղդատած:

Այս բարձր արդիւնաւէտութեան բերումով, գործիքը կրնայ օրական արտադրել շուրջ 20 լիթր անուշ ջուր մէկ քառակուսի մեթրի արեւու երեսիկով (solar panel)՝ բաւարարելով իւրաքանչիւր անձի՝ Առողպապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան առաջադրած ջուրի օրական պահանջը :

Բացի ուժանիւթի խնայողութեան իր արդիւնաւէտութենէն, այս նորաստեղծ գործիքը նաեւ շարժական է, այսինքն՝ իտէալական լուծում մը այն ​​շրջաններուն համար, ուր անուշ ջուրը սակաւ կը գտնուի:

Ապագային անոնք կը ծրագրեն կառուցել աւելի մեծ նախատիպ մը՝ նոյն արհեստագիտութիւնը ծովը փորձարկելու եւ գործիքին ծաւալման եւ արդիւնաբերութեան ներուժը գնահատելու համար:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x