Ծախու պատրաստ ուղեղներ

July 18, 2024

«Skild AI» startup-ը (սթարթափը նորաստեղծ ընկերութիւն մըն է, որ սովորաբար կը գտնուի զարգացման նախնական փուլի մէջ, հիմնուած մէկ կամ քանի մը ձեռնարկատէրերու կողմէ` իւրայատուկ արտադրանք մը կամ ծառայութիւն մը մշակելու եւ զայն շուկայ իջեցնելու համար), ռոպոթներու յատուկ արուեստական ​​բանականութեամբ գործող ուղեղներ պատրաստելու նպատակով յաջողած է ձեռնարկատէրերէ հաւաքել է շուրջ 300 միլիոն տոլար: «Skild AI»ը կը մշակէ բազմակողմանի «համընդհանուր նպատակի ուղեղներ» ռոպոթներու համար՝ տարբեր առաջադրանքներ կատարելու հնարաւորութեամբ, ներառեալ՝ շարժելու եւ գործիքներ աշխատցնելու կարողութիւն: Արուեստական բանականութեամբ աշխատող այս ուղեղները կրնան տեղադրուիլ որեւէ ռոպոթի մէջ՝ լաւ տեսողութեամբ օժտուած մարդմեքենաներէն մինչեւ ճկուն չորքոտանիները:

Աւանդաբար, ռոպոթներու ուղեղները խիստ մասնագիտացուած են, բայց Skild AI-ը նպատակ ունի փոխելու այդ իր յարմարող AI ուղեղով, որ կրնայ բազմաթիւ առաջադրանքներ կատարել: Համահիմնադիրներ Տիբաք Փաթհաք եւ Ապհինաւ Կուփթա` Փիթսպուրկի Քարնեկի Մելլոն համալսարանի (Carnegie Mellon University) նախկին փրոֆէսորներէն, այս նպատակով ստեղծած են նախատիպ մը:

Ընկերութիւնը դիտել կու տայ Միացեալ Նահանգներու աշխատուժի պակասը, յատկապէս, օրինակ շինարարուեան եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ, որպէս իր արհեստագիտութեան հիմնական շարժիչ ուժը: Skild AI-ը կը հաւատայ, որ իրենց AI-ով օժտուած ռոպոթները կրնան լրացնել այդ բացերը` կատարելով կրկնուող եւ վտանգաւոր աշխատանքներ:

Այս սթարթափին արուեստական ​​բանականութեան նմուշները, որոնց մարզումին համար օգտագործուած են տուեալներու հսկայական շտեմարաններ, թոյլ կու տան ռոպոթներուն` կատարելու չմարզուած առաջադրանքներ «ինքնուս հնարաւորութիւններու» միջոցով, ինչպէս` ինկած առարկաներ վերցնելը կամ գործիքներ աշխատցնելու կարողութիւնը:

Skild AI իր պատրաստած ուղեղը կը դնէ յաճախորդներու տրամադրութեան տակ` թոյլ տալով անոնց յարմարեցնելու զայն ռոպոթներու գլխուն մէջ տարբեր առաջադրանքներու համար:

Ներդրողները եւ մասնագէտները լաւատես են` զուգահեռներ գծելով այս գիւտին եւ թուայնացած բանականութեան յառաջընթացին միջեւ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x