Լէյզըրը՝ հրթիռներ ոչնչացնելու նոր միջոց

April 17, 2024

Չինացի գիտնականներու համաձայն, բարձր զօրութեամբ լէյզըրները կրնան ազդու միջոց հանդիսանալ չէզոքացնելու գերձայնային (աւելի քան Mach 5 արագութեամբ) հրթիռնեը: Անոնք յայտնաբերած են, թէ կարելիութիւնը կայ հասնելու լէյզըրներու առաւելագոյն հզօրութեան, կը յայտնէ «South China Morning Post» թերթը:

Գերձայնային զէնքերը առաւելութիւն կը ստանան իրենց յատուկ ծածկոյթով, առանց որուն, անոնք հակուած կ’ըլլան գերտաքացումի, ապակայունացման եւ թռիչքի կիսուն քանդուելու: Կայ տարածուած սխալ կարծիք մը, որ գերձայնային հրթիռին ծածկոյթը կրնայ դիմանալ հազարաւոր ջերմաստիճան տաքութեան, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ դիմացկուն լէյզերային յարձակումներուն դէմ: Այդ նպատակով, հողմային փապուղիի (wind tunnel) մը մէջ, չինացի գիտնականներ ուսումնասիրած են լէյզըրի ազդեցութիւնը 6 Mach արագութեամբ թռչող գերձայնային հրթիռներու տարբերակներու վրայ:

Այդ փորձով, չինացի գիտնականները պարզած, որ իրականութեան մէջ լէյզըրները ազդու են: Լէյզըրները կրնան մերկացնել գերձայնային հրթիռին արտաքին ծածկոյթը` զայն դարձնելով աւելի հակամէտ գերտաքացումի, ապակայունացման եւ թռիչքի ընթացքին քայքայուելու: Աւելին, անոնք պարզած, որ իւրաքանչիւր քիլօուաթ լէյզըրը մէկ քառակուսի սանթիմեթր տարածքի վրայ (1kW/cm2), իբրեւ հզօրութեան խտութիւն, կատարեալ ուժ է եւ անկէ աւելին կը դադրի արդիւնաւէտ ըլլալէ: Գերձայնային հրթիռին ծածկոյթին կեղեւատումը, ըստ երեւոյթին, կը սկսի նուազիլ աւելի մեծ զօրութեամբ լէյզըրի դիմաց:

«Գերձայնային օդային հոսքի ազդեցութեան տակ ծածկոյթը աւելի մեծ վնաս կը ստանայ, երբ հարուածուի աւելի նուազ զօրութեամբ լէյզերով», – կը գրէ Չինաստանի օդային եւ անջրպետային գիտութիւններու ակադեմիայի գիտաշխատողներէն Լին Ճիան «Physics of Gases» պաշտօնաթերթին մէջ:

Գերձայնային զէնքերէ պաշտպանուելու նպատակով լէյզըրի օգտագործման արդիւնաւէտութեան մասին մնայուն բանավէճ գոյութիւն ունի: Լէյզըրի կողմնակիցները կը պնդեն, որ ան նուազ ծախսալից է եւ գրեթէ լոյսի արագութեամբ կը ճամբորդէ, ինչ որ զայն կը դարձնէ գերձայնային զէնքի սպառնալիքը դիմակալելու ամենէն յարմար միջոցներէն մէկը: Հակառակորդները կը պնդեն, որ ներկայիս լէյզըրի արհեստագիտութիւնը ունի սահմանափակ հասողութիւն եւ բաւարար զօրութիւն չունի՝ դժուարացնելով ժամանող հրթիռներու արդիւնաւէտ վնասազերծումը սահմանափակ ժամանակի մէջ:

Իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին, Լին եւ իր աշխատակիցները պարզած են, որ նախկին հետազօտութիւնները պատշաճ կերպով չէին կրկնօրինակած գերձայնային զէնքի պայմանները թռիչքի ժամանակ, երբ օդին հոսքը սովորաբար սառեցնող ազդեցութիւն ունի: Անոնք կը նշեն, որ թռիչքի իսկական պայմաններուն մէջ, օդանաւները հակուած են տաքնալու:

Լէյզերային զինարշաւի սկի՞զբ

Ընթացիկ հետազօտութիւնը նկատի չ’առներ այրումին ազդեցութիւնը օդային հոսքի յետադարձ կապին հետեւանքով յառաջացած միջամտութեան վրայ: «Լէյզըրային ճառագայթման միջոցով նիւթերու ոչնչացումը անպայման կը փոխէ օդի հոսքի դաշտին կառուցուածքը, եւ նիւթին վրայ օդի հոսքին համապատասխան մեքանիզմը նոյնպէս կը փոխուի», – կը յայտնեն Լին եւ իր աշխատակիցները:

Հողմային փապուղիին մէջ կատարուած նոր փորձերուն ընթացքին, հետազօտողները նկատած են, որ լէյզըրի ազդեցութեան տակ գոլորշիացած նիւթը 6 Mach օդային հոսքով կը յառաջացնէ հոսքի բարդ կառուցուածք մը՝ վերածուելով օդանաւի մակերեսի վրայ կաթիլաձեւ պայթումային ալիքի: Երբ կ’ենթարկուի երկու քիլօուաթ լէյզըր մէկ քառակուսի սանթիմեթր տարածքի վրայ (2kW/cm2) հզօրութեամբ ճառագայթներու ազդեցութեան, ծածկոյթը կ’այրի մէկ երկվայրկեանի մէջ՝ վնաս պատճառելով խորքի մետաղին:

Երեւան կու գայ, որ լէյզըրը այնքան զօրաւոր չէ վնասելու հիմնական մետաղը, երբ կը կիրարկուի մէկ քառակուսի սանթիմեթր տարածքի վրայ (1kW/cm2) խտութեամբ, սակայն, ան բաւարար է կեղեւատելու նիւթին ծածկոյթը:  Ի սկզբանէ լէյզըրով զէնքերու ստեղծման նպատակը եղած է այրել թիրախին մարմինը, սակայն այժմ, ծածկոյթի ոչնչացման կարելիութեան յայտնաբերումով, լէյզերով զէնքերու ստեղծումը կրնայ լայնօրէն տարածուիլ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x