Լաստանաւ մը

August 22, 2021

Չեմ գիտեր`արդեօք երա՞զ էր թէ իրական, բայց  շատ հետաքրքրական էր, պատմեմ, լսեցէք …

Լոյսը բացուելուն դեռ երկու ժամ կար. դուրսը մութ էր, ներսն ալ, սովորականին պէս, լոյս չկար…Պատուհանէն դուրս նայեցայ՝ պարտէզիս մէջ մարդ մը կար: Դուռը բացի, դուրս ելայ: Ֆրանսացի զօրավար մըն էր: Եկած էր որ զիս իր հետ Ֆրանսա տանէր: Իր պապերուն սխալը սրբագրել կ’ուզէր… Չէ՞ որ իր մեծ հայրը իմ մեծ հայրս Մուսա լեռէն Այնճար բերած էր… Հիմա այս մարդը եկած էր, որ զիս լիբանանեան այս դժոխքէն դուրս հանէր:

Պարտէզին մուտքին մարտանաւ մը կար: Չեմ գիտեր ինչպէս այդտեղ հասած էր, բայց երբ նստանք, սկսաւ նաւարկել ու ծով հասաւ: Ծովուն մէջ ուրիշ մարտանաւեր ալ կային՝ գերմանական, անգլիական, ամերիկեան, ռուսական, նոյնիսկ թրքական… Բայց իմ ուշադրութիւնս գրաւեցին հազարաւոր փոքրիկ լաստանաւերը, որոնցմէ ամէն մէկուն մէջ մէկ հոգի կար, ու թափով կը նաւարկէր՝ մէկը դէպի ամերիկեան մարտանաւը, միւսը դէպի ռուսականը … մէկը դէպի անգլիականը, նոյնիսկ դէպի թրքականը…

Երբ ֆրանսական ծովափ հասանք, զօրավարը գրպանս քանի մը հազար եւրօ դրաւ ու ըսաւ.

-Գնայ քիչ մը հանգստացիր, պտտիր, յետոյ գործ մը գտիր, աշխատիր, ֆրանսացի դարձիր ու Ֆրանսան շէնցուր:

Դրամները գրպանս, գացի քիչ մը պտտեցայ, քէֆ ըրի, յետոյ գործ մը գտայ, աշխատեցայ, քիչ թէ շատ Ֆրանսային ալ օգտակար եղայ…Իմ կատարած ներդրումով ֆրանսական տնտեսութիւնը զարգացաւ ու կամաց կամաց անոր մարտանաւերուն թիւը աւելցաւ:

Չեմ գիտեր որքան ժամանակ անցաւ, սակայն օր մը նկատեցի, որ արմատներս չորնալու սկսած են… Սարսափեցայ ու անմիջապէս փոքրիկ լաստանաւ մը շինել տուի, մնացած դրամը գրպանս դրի, ծով մտայ, նաւարկեցի, տուն հասայ ու մուսալեռցիական արմատներուս վրայ թուխսի նստայ… Անշուշտ անկէ յետոյ շատ երջանիկ ապրեցայ, տարին երկու անգամ ալ ընտանիքս առի ու Հայաստան թուրիսթ գացի-եկայ…

Միայն մէկ բան պատմելու մոռցայ… Լաստանաւով Ֆրանսայէն վերադարձիս, այն հազարաւոր փոքրիկ լաստանաւերէն մէկը մօտեցաւ ինծի ու հայերէն խօսեցաւ .-

-Գիտե՞ս, ըսաւ, այս հազարաւոր փոքրիկ լաստանաւերը որ կը տեսնես, բոլորն ալ հայ են: Մէկ-մէկ կը մօտենամ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ու նոյն առաջարկը կ’ընեմ՝ եկէք, կ’ըսեմ, մեր այս լաստանաւերը ծախենք ու մենք ալ մեծ մարտանաւեր շինենք… Բայց փոխանակ զիս լսեն, թափով դէպի ամերիկեան, ռուսական, անգլիական, նոյնիսկ դէպի թրքական մարտանաւերը կը նաւարկեն … Ի՞նչ կ’ըսես, գոնէ դուն ինծի հետ համաձա՞յն ես…

-Խե՞նթ ես, ինչ ես… Ես ժամանակ չունիմ, յոգնած եմ.. Տուն պիտի երթամ, հանգստանամ ու արմատներուս սնունդ տամ…

Յետոյ ծովը փոթորկեցաւ ու չգիտցայ թէ այդ «խենթ» լաստանաւին գլուխը ինչ եկաւ … Իսկ ես արթնցայ, պարտէզ իջայ, սիկարէթ մը վառեցի ու մտածեցի.

Ճիշդ է, որ մենք՝ հայերս աշխատասէր ժողովուրդ ենք ու մեր արմատները ամուր պահել գիտենք, բայց մեր ծառը անընդհատ օտարները կը սղոցեն ու մեր փայտով իրենց համար մարտանաւեր կը շինեն:

Իսկ մենք այս փոթորկոտ աշխարհին մէջ լաստանաւերով կը գոհանանք ու «խենթերը» անտեսելով, դէպի օտար մարտանաւեր կը սուրանք …

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x