Ինչպէ՞ս դատել Օսքարի թեկնածու ֆիլմ մը

March 7, 2024

Ընդհանուր առմամբ, որեւէ ֆիլմ դիտելու համար կարեւոր է նշել քանի մը տուեալ՝
– Վայրը՝ ֆիզիքապէս cinema երթալով, կամ տունը նստած, ամէն տեսակի հանգստութիւն վայելելով։
– Մթնոլորտը՝ խմբային – զբաղումի կամ քննարկելու նպատակով, կամ առանձին՝ կեդրոնացած։
– Ժամանակը՝ անմիջապէս երբ հասանելի ըլլայ դիտողին կամ աւելի ուշ։
– Եղանակը՝ մրցանակի թեկնածութեան արժանանալէ շատ առաջ կամ բաւական վերջ:

Իւրաքանչիւր տուեալ իր դերը կը խաղայ ֆիլմի մը մասին կարծիք կազմելու համար, եւ վերջ ի վերջոյ ճաշակի հարց է եւ ոչ ճիշդ-սխալի:

Կը կարեւորեմ ֆիլմի եւ movieի տարբերութիւնը: Ֆիլմը, թէեւ կրնայ առեւտրական (commercial) նպատակով պատրաստուած ըլլալ, բայց տարբեր նպատակ ունի. իր մէջ կ’ընդգրկէ արուեստ, բեմադրիչին անհատականութիւնը, գրողին համոզումը, գաղափարը, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական գործ մը մէջտեղ բերելու ազատութիւնը: Իսկ movieն միմիայն առեւտրական նպատակով կը պատրաստուի, զուտ շահ ապահովելու համար. կը կեդրոնանայ մակերեսային, արտաքին երեւոյթներու վրայ՝ դերասաններու կատարեալ կերպարանք, չափազանցուած արկածախնդրական պատկերներ… շահագրգռուած գործին նիւթական հասոյթով, movieներու արտադրիչները կը պատրաստեն յաջորդական մասեր, հասնելով մինչեւ իսկ 10րդ մասի:

Film

Պարզ երեւոյթ մը՝ երբ Googleի վրայ «film» բառին նկարը փնտռէք, clap-ի կամ camera-ի նկար կը ստանաք: «Movie» բառին պարագային, անպայման popcornն ալ ներկայ է:

Movie

Hollywoodի մէջ կան ֆիլմի մօտ 25 մրցանակներ, որոնք կը բաշխուին նախքան հասնիլը եզրափակիչ Oscarներու տուչութեան (Academy Awards), որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ քանի մը օր ետք, մարտ 11ին: Ամենէն յատկանշական մրցանակներն են Golden Globe Awards, Critics Choice Awards, Emmy Awards, BAFTA Awards, Screen Actors Guild Awards (SAG): Անոնք կը սկսին յունուարի սկիզբը եւ կ’երկարին մինչեւ փետրուարի աւարտը: Մրցանակներուն մեծ մասը նոյն ֆիլմերուն շուրջ կը դառնան՝ լաւագոյն ֆիլմ, լաւագոյն դերասան եւ դերասանուհի, լաւագոյն երկրորդական դերասան եւ դերասանուհի, լաւագոյն բեմադրիչ, եւ այլն:

Shrek

Խօսինք բարձրագոյն մրցանակ նկատուած «Oscarներուն» մասին. 96 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի եւ կը շարունակուի գրեթէ նոյն ձեւաչափով, բայց ատենը մէկ փոքրիկ փոփոխութեան մը կ’ենթարկուի: Օրինակ, 2001ին աւելցաւ Best Animated Feature բաժինը, որուն արժանացաւ շատ սիրուած Shrekը: Իսկ ամենէն յատկանշականը՝ լաւագոյն ֆիլմի պարագան է, որ 1945էն մինչեւ 2008 կ’ընդգրկէր 5 թեկնածու ֆիլմեր, 2009էն 2020՝ 5էն 10 (տարի մը 8, ուրիշ մը 9), իսկ 2022ին՝ թեկնածու ֆիմներու թիւը պաշտօնապէս դարձաւ 10: Մնացեալ բաժինները մնացին 5: 2026ին կը մտածուի Best Achievement in Casting բաժին մը աւելցնել:

2023ի լաւագոյն ֆիլմի եւ այլ բաժիններու թեկնածուներն են Oppenheimer, Barbie, The Holdovers, Killers of the Flower Moon, Maestro, Past Lives, Poor Things, American Fiction, Anatomy of a Fall, The Zone of Interest:

Oppenheimer

Ֆիլմերու բաժինը 10-ի վերածելը ճարպիկութիւն եւ ճկունութիւն կը նկատուի: Նկատի առնուած են օտար (ոչ անգլերէն) լեզուներով ֆիլմեր, ինչպէս նաեւ՝ տարուան մեծագոյն արտադրութիւններէն նկատուող ֆիլմեր: Ինչո՞ւ. պարզապէս կարգ մը ֆիլմերու (ինչու չէ նաեւ movieներու) «հռչակը» օգտագործելով, միաժամանակ ծանուցում ընել թէ՛ մնացեալ բոլոր բաժիններուն թեկնածու ֆիլմերուն եւ թէ՛ մրցանակի արարողութեան ընդհանրապէս: Այս տարուան լաւագոյն օրինակը Oppenheimerի եւ Barbieի հանած աղմուկն էր:

Barbie

Մինչեւ հիմա վերը նշած ցանկէս միայն Past Lives դիտած եմ, 5 ամիս առաջ, օդանաւի մէջ: Միտքիս ծայրէն չանցուցի, որ կրնար մեծ մրցանակի արժանանալ` տրուած ըլլալով որ հիմնուած է խօսակցութեան վրայ եւ ուրիշ ֆիլմերու բաղդատմամբ, փոքր արտադրութիւն մըն է:

Past lives

Արդե՞օք ճիշդ է, երբ կ’ըսեն թէ կանխող մրցանակները կրնան յանգեցնել Oscarներու արդիւնքին: Չեմ ուզեր նիւթին այդպէս մօտենալ: Կը նախընտրեմ ըսել թէ պատահականութիւնը իր տեղը ունի:

Օրինակ՝ 2002ին, Russell Crowe, A Beautiful Mind ֆիլմին մէջ իբրեւ լաւագոյն դերասան շահեցաւ Golden Globe, Critics Choice, Emmy, BAFTA եւ Screen Actors Guild (SAG) մրցանակները բայց ոչ Oscar-ը: Աւելի զարմանալին՝ 2019ին, Glenn Close The Wife ֆիլմին մէջ իբրեւ լաւագոյն դերասանուհի շահեցաւ Golden Globe-ը, Critics Choice-ը եւ Screen Actors Guild-ը (SAG) բայց՝ ոչ Oscar-ը: Ցանկը շատ երկար է:

1997ին, Titanic-ը այնքան աղմուկ հանած էր, որ սրահները միշտ լեցուն ըլլալուն, առաւօտեան ժամերուն ալ սկսաւ ցուցադրուիլ (կարծեմ ժամը 11ին էր): Վերջապէս կրցայ տոմսակ ապահովել ու դիտել. օրին ցնցուած, տպաւորուած ելայ սրահէն, եւ շատ ուրախացայ, երբ Oscarի 11 մրցանակներու արժանացաւ եւ հարիւրաւոր ուրիշ մրցանակներու: Բայց ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ, որ անդադար ծանուցումը լսելը եւ ֆիլմի հանած աղմուկն էին որ մղած էին զիս այդպէս մտածելու:

Այս փորձառութիւնը չափանիշս եղաւ եւ այսպիսով նախնտրութիւնս եղաւ ֆիլմեր դիտել առանձին, արտադրութեան թուականէն բաւական ուշ, մրցանակներու եղանակէն ետք (կամ շատ աւելի առաջ). մէկ խօսքով՝ hypeի արձագանգէն հեռու։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x