Ինչո՞ւ կաղանդի ֆիլմերը աւելի շատ են քան զատկուանները

April 22, 2025
1 Love Actually (2003)

Ամէն տարի, դեկտեմբեր ամսուն, Սուրբ Ծնունդի, ինչպէս նաեւ` կաղանդի նիւթերով կամ նիւթերուն առնչուող ֆիլմեր կը տեսնենք։ Կան դասականները, ինչպէս՝ Miracle on the 34th Street (1947), Home Alone (1990), Jack Frost (1998), Love Actually (2003)(1), Elf (2003), Joyeux Noël (2005), The Holiday (2006), A Christmas Carol (2009) նոյնիսկ How the Grinch Stole Christmas (2000), եւ միշտ ալ կան նոր արտադրութիւններ, ինչպէս The Holdovers (2023)։ Բայց երբ Զատիկը հասնի, ֆիլմերը աւելի սահմանափակ կ’ըլլան։

2 Jesus of Nazareth (1977)

Անպայման Jesus of Nazareth (1977)(2) կը տեսնենք, հռոմէական շարք մը ֆիլմեր, որոնք Աստուածաշունչի հետ ալ կապ ունին, մինչեւ քանի մը տարի առաջ տակաւին կը սփռէին բայց ոչ այլեւս, ինչպէս՝ The Robe (1953), The Ten Commandments (1956), Ben-Hur (1959): Նապաստակի կամ հաւկթախաղի հետ կապ  ունեցող ֆիլմեր կան, բայց ընդհանրապէս animation եւ ոչ Ծնունդի ֆիլմերու ջերմ զգացումներով եւ շուքով, ինչպէս՝ Hop (2011)(3), Rise of the Guardians (2012) եւ Peter Rabbit (2018):

3 Hop (2011)

Ինչո՞ւ կաղանդի մասին այսքան շատ ֆիլմեր կան, իսկ Զատիկի` գրեթէ ոչ։

Ծնունդն ու կաղանդը տօներ են, որոնք ամբողջ աշխարհը կը նշէ, ինչ ալ ըլլայ կրօնական պատկանելիութիւնը. ոմանց համար կրօնական պատճառներով, իսկ ուրիշներու համար պարզապէս այդ շրջանին ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին համար՝ ընտանեկան պահեր, նուէրներու փոխանակութիւն, ծառերու զարդարում։ Այս ձեւով կաղանդը վերածուած է մշակութային մեծ երեւոյթի։ Այս մէկը կը նշանակէ, որ աւելի դիւրին է այս նիւթով ֆիլմ պատրաստել, հոգեհարազատ նիւթերը ընդհանրացնելը աւելի հասանելի է։

Միւս կողմէ Զատիկը, հիմնականին մէջ կրօնական տօն մըն է։ Քրիստոնեաներուն համար շատ կարեւոր օր մըն է, որովհետեւ ան կը նշէ Յիսուսի յարութիւնը։ Որքան ալ փորձուի նիւթը շեղել դէպի հաւկթախաղ կամ նապաստակի կերպարով որեւէ նիւթ, Զատիկը չունի Ծնունդի/կաղանդի ազդեցութիւնը։

Եթէ մտածենք Ծնունդի/կաղանդի ֆիլմերու մասին, անոնք կը խօսին հաւատքի, ընտանիքի, սիրոյ, բարութեան եւ ներողամտութեան մասին, կամ տօնական օրերու կախարդական մթնոլորտին միջոցով (Կաղանդ Պապային, եղջերուներուն, սահնակին եւ ծխնելոյզէն իջնելով նուէրներ բաժնելու միջոցով) կը սորվեցնեն տօնին իմաստը։ Սրտի մօտ գաղափարներ են, յուզիչ, ջերմ:

Զատիկը այդքան շատ պատմելիք գաղափար չունի։ Այո, կան ֆիլմեր Յիսուսի յարութեան եւ խաչելութեան մասին, կան նաեւ Զատիկի նապաստակ, ներկուած խաշուած կամ շոգոլայէ հաւկիթի տարբեր խաղերու մասին, բայց այս բոլորը նոյն նպատակին չեն ծառայեր։ Հաւկիթ զարդարելու կամ պահուած հաւկիթ գտնելու պատմութիւն մը այնքան հետաքրքրական չէ, որքան կաղանդ փրկելու կամ եղջերուներու հետ թռչելու արկածախնդրութիւն մը, ըլլայ ծիծաղելի կամ յուզիչ։

Կաղանդի ֆիլմերը իրենց մթնոլորտով յատուկ գեղեցկութիւն մը կը ներկայացնեն՝ ձիւնով ծածկուած փողոցներ, գոյնզգոյն լոյսեր, զարդարուած ծառեր, բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ. կախարդական երեւոյթ է։

Զատիկը գարնան տօն է, այսինքն՝ ծաղիկներու, արեւի ու վառ գոյներու ժամանակաշրջան։ Այս բոլորը գեղեցիկ են, բայց չունին այն ջերմ կամ կախարդական զգացումը ինչպէս կաղանդը։ Դժուար է զայն նոյն ոճով հետաքրքրական դարձնել։

Ահա ուրիշ պատճառ մը, որուն մասին ընդհանրապէս չենք մտածեր՝ ֆիլմէն եկած շահը։ Կաղանդը հսկայական գնումներու շրջանն է։ Մարդիկ դրամ կը ծախսեն նուէրներու, զարդարանքներու, ուտելիքներու, ընտանեկան ընթրիքներու վրայ։ Արտադրութեան ընկերութիւնները գիտեն, որ կաղանդի ֆիլմերը միշտ փնտռուած են, վերոյիշեալները նուազագոյն նիւթերն են որոնց շուրջ կրնան տարբեր տեսակի ֆիլմեր պատրաստել. դասական ֆիլմերուն կողքին, նորը միշտ պէտք է ըլլայ՝ Serendipity (2001), Bridget Jones Diary (2001), The Family Stone (2005)(4), սիրային պատմութիւն կաղանդի շրջանին:

4 The Family Stone (2005)

Զատիկը չունի նման մեծ շուկայական ուժ։ Մարդիկ քաղցրեղէն, զարդարանքներ ու փոքր նուէրներ կը գնեն, բայց չկան այնպիսի ֆիլմեր, որոնք ամէն տարի աւանդոյթի վերածուած են։ Ասիկա ալ պատճառ է, որ արտադրողներ ներդրում չկատարեն Զատիկի ֆիլմերու մէջ։

Այս բոլորը նշելով ըսել չէ որ Զատիկը բոլորովին մոռցուած է։ Կան Զատիկի ֆիլմեր՝ ինչպէս Hop (2011), Peter Rabbit (2018), բայց կրօնական ֆիլմերը, ինչպէս՝ The Passion of the Christ (2004)(5), կը մնան հիմնականները, եւ ինչ ալ ըլլայ, քանի նոյն ձեւով շահ ձեռք պիտի չձգեն ինչպէս կաղանդի ֆիլմերը, տարեկան դրութեամբ չեն պատրաստուիր:

5 The Passion of the Christ (2004)

Կաղանդի ֆիլմերը ամէն ազգի մօտ ալ կան, որովհետեւ զուարճալի, զգացական եւ կախարդական են։ Զատիկն ալ յատուկ է, բայց տակաւին ֆիլմաշխարհին մէջ մեծ դեր չունի։ Հաւանաբար, օր մը մէկը հնարէ Զատիկի հիանալի պատմութիւն մը, որ բոլորը միշտ ուզեն դիտել։

Մինչեւ այդ, Ծնունդ/Կաղանդի եւ Զատիկի մասին ֆիլմերու պատրաստութիւնը պիտի շարունակուի նոյն տարբեր կշռոյթով:

Փաթիլ Գուլաճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x