Ի՞նչ է սաստկաբանութիւնը (Ա.)

June 2, 2025

Հայերէնի ոճաբանութեան ծիրէն ներս մինչեւ հիմա տեսանք՝

–Աւելորդաբանութիւնը,

–Կրկնաբանութիւնը,

–Սակաւաբանութիւնը:

–Չափազանցութիւնը:

Այսու կը սկսինք նոր գլուխ մը՝ Սաստկաբանութիւնը:

                                                  *   *   *

Սաստկաբանութիւն (ա)

Սա իր կարգին, չափազանցութեան  պէս,  կը միտի կազմել խօսքը  այնպէս մը, որ ան աւելի տպաւորիչ, հետեւաբար եւ   համոզիչ ըլլայ խօսակիցին կամ ընթերցողին: Տարբերութիւնը  կը կայանայ միջոցներուն մէջ միայն:

Մինչ չափազանցութիւնը կը յենի առարկաներու եւ երեւոյթներու ծաւալային խոշորացումին վրայ, սաստկացումը կը յենի անոնց որակական յատկութեանց վրայ:

  1. Բառային սաստկացուցիչներ

            Հնագոյն սաստկացուցիչներ եղած են բառային այն տարբերակները, որոնք իրենց բնորդներէն կը տարբերին բառասկիզբի  «զ»  բաղաձայնի յաւելումով. օրինակ՝ անցանել եւ զանցանել, առածիլ եւ զառածիլ, արթուն եւ զարթուն, եղծել եւ զեղծել, եռալ եւ զեռալ, իջանել եւ զիջանել:  Կարգ մը բառերու սկիզբը  զ-ն կը վանէ  անոնց հ-ն  եւ յ-ն. օրինակ՝ հարկ եւ  զարկ, հեղուլ եւ զեղուլ, հով եւ զով, յանցանք եւ զանցանք, յօդ(ել)  եւ զօդ(ել),  փռել եւ սփռել, քողել եւ սքողել եւ այլն: Կարգ մը բառերու սկզբնաձեւերը անհետացած են լեզուէն կամ պարզապէս նմանները գոյութիւն չեն ունեցած,  եւ գոյատեւած են սաստկական ձեւերը. օրինակ՝ զահանդիլ, զայրանալ, զանցառել, զառամիլ, զառանցել, զարգանալ, զգետնել եւ այլն: Ասոնք վերջին հաշուով հոմանիշներ են, այո, ուր սակայն  «զ» կրող տարբերակը ունի աւելի վերացական բովանդակութիւն ու հարուստ տարողութիւն: Այս բաղաձայնին, որ հայցական հոլովի նախդիրը կը ձեւացնէ, սաստկացուցիչ յատկութիւնը այնքան գնահատուած էր մեր նախնիներէն, որ անոնք չէին վարաներ զայն մինչեւ անգամ ուղղական հոլովի վրայ դնելու. օրինակ՝«Ուր չէր զոք  բնաւ եդեալ» (Ղուկ.,  ԻԳ/53): Զի՞նչ (իբրեւ ուղղական, տես Ա. Բագրատունի, էջ 71): Իսկ կարգ մը բարբառներու մէջ  զայն կը գտնենք ուղղական հոլով ենթակային վրայ՝ զինքն եկաւ, զինքն գնաց եւ այլն (Ե. Դուրեան,  Գ., «Զ տառը»):

          Կարգ մը ուրիշ բառեր իրենց սաստկականը կը կազմեն հ-ով, որ պատմա-կան հու մըն է. օրինակ՝ ամայն-համայն, ամբառնալ-համբառնալ, անդ-հանդ,  ատել-հատել, արբիլ-հարբիլ, զօր-հզօր, լու-հլու, մուտ-հմուտ, ոգի-հոգի, պարտ-հպարտ, սկայ-հսկայ եւ այլն:

           Սաստկաբանութեան  արդիւնք են նաեւ այն կրկնաւոր բարդութիւնները, որոնց  ծագումը կը հասնի  մինչեւ գրաբար եւ որոնք շատ աւելի մեծ յաճախա-կանութեամբ  յառաջացած  են  միջին   հայերէնի ու աշխարհաբարի մէջ. այսպէս, օրինակ,  դողալ եւ դողդղալ, որոնց  երկրորդը կը գերազանցէ առաջինը թէ՛ իր իմաստով, թէ՛ իր տարողութեամբ՝ թուային կամ քանակական.   նոյնպէս ալ՝ թափել-թափթփել,  չափել-չափչփել, ծակել-ծակծկել, հեծել-հեծեծել, վազել-վազվզել, բարձրաբերձ,  մեծամեծ, մաքրամաքուր չարաչար,  կաս-կարմիր, միս-մինակ կամ մէն-մինակ, չոփ-չոր, սեփ-սեւ, խաժամուժ, խառն ի խուռն, արդուզարդ, գոյնզգոյն, հազիւ հազ, հետզհետէ  եւ այլն:

            Նախադասութեան  զանազան անդամներու համադասական  կրկնութիւնը  իր կարգին  շատ յաճախուած հնարք մըն է, որուն կը դիմէ  գրաւոր, բայց շատ աւելի բանաւոր  խօսքը. այս պարագային եւս ստացուած արդիւնքը թէ՛ որակական  է, թէ՛ քանակական. բաղդատենք՝  

            -Խօսեցաւ, խօսեցաւ ու  լռեց:

            -Շատ (կամ երկար) խօսեցաւ ու լռեց:

          Ասոնք  իմաստային հոմանիշներ ըլլալ կը թուին, սակայն  խորքին մէջ  առաջինը շատ կամ երկար խօսելէն բացի կը բովանդակէ նուրբ հեգնանք մըն ալ խօսողին հանդէպ. ան երկար խօսեցաւ, սակայն անոր խօսքը իր ակնկալած տպաւորութիւնը չձգեց, ուստի հարկադրուած եղաւ լռելու:   Այսինքն՝ ոչ միայն խօսքի քանակական  գնահատում մը կայ այստեղ, այլեւ որակական, եւ այդ որակը բացասական է:

            Նաեւ՝

            -Փնտռեց, փնտռեց ու գտաւ:

            -Ան  շատ (կամ՝ երկար) փնտռեց ու գտաւ:

            Առաջինով կատարուած հաղորդումին մէջ թաքնուած է  մեղմ գնահատանք մը՝ ի նպաստ փնտռող կողմի յարատեւութեան, մինչ երկրորդը պարզ, առարկայական հաղորդումն է եղելութեան մը, որուն հանդէպ անտարբեր է խօսողը:  Շնորհիւ կրկնութեան՝ կարծես խօսողը կը մտնէ փնտռողի մորթին մէջ, կը մասնակցի անոր տագնապին:

            Այլ խօսքով՝ բառացի կրկնութիւնը միշտ ալ աւելի կ’առնչէ խօսողը իր մատնանշած առարկային, երեւոյթին կամ գործողութեան, եւ արդէն ճիշդ այդ առնչութիւնն է, որ կը մղէ զինք  կրկնութեան:

            Նաեւ՝

            -Ես ոչինչ տեսայ…:                    Ես ոչինչ, ոչինչ տեսայ:

           Ա՞յս մնաց ունեցածէս…:          Ա՞յս, ա՞յս մնաց ունեցածէս:

           Գնա՛, ննջէ՛ ըսի…:                     Գնա՛, գնա՛, ննջէ՛ ըսի:

            Վերջին օրինակը՝ միակի ստորոգիչով,   պարզ թելադրանք  ցոյց կու տայ միայն, մինչ ստորոգիչի կրկնութեամբ՝ զգալի է խօսողին թախանձանքն ու խանդաղատանքը, այլեւ շահագրգռութիւնը: Այնպէս ալ միւսները:

            Կրկնուող տարրերը յաճախ կը հեռանան իրարմէ՝ այլապէս սաստկաց-նելով հաղորդումը. օրինակ՝

            -Ամբո՜ղջ հարստութիւնը անձնական հաճոյքին համար մսխեց, ամբո՜ղջ»: -Չուզե՜ց ըմբռնել, որ այս  զոհողութիւնը իր սիրոյն էր, չուզե՜ց:

            Սաստկական զգալի երանգով օժտուած են այն կրկնադիր բայերը, որոնց երկրորդը ժխտական է. օրինակ՝ 

          -Ի՜նչ ըրինք-չըրինք, գլուխ  չհանեցինք:

            -Որո՜ւ դիմեց-չդիմեց, բոլորէն մերժուեցաւ: 

            -Ինչ ըրաւ-չըրաւ, ամէն ուզածը  ստացաւ:

            -Ինչ ունէի-չունէի, բոլորը տուի:

            -Ունիմ-չունիմ,  միայն քեզ ունիմ:

           Կրկնուող տարրերը յաճախ քերականական  մասնիկներ են. օրինակ՝

      -մի՛, մի՛ յիշեցներ  այդ բանը.

չեմ, չեմ կրնար թոյլատրել նման արարք մը.

Ո՛չ, ո՛չ  այսպէս… եւ այլն:

           Կրկնութինը յաճախ կը փոխարինուի մերձիմաստ կամ հոմանիշ  բառերու  բարդութեամբ. օրինակ՝

            -Արար-աշխարհ իմացաւ պատմութիւնդ:

            Եկաւ-տնկուեցաւ գլխուս վերեւ:

            Այլեւ՝ գող-աւազակ,  լռիկ-մնջիկ, յոգնած-դադրած, գոռում-գոչում,  հաշիլ-մաշիլ, մեռաւ-գնաց եւ այլն: 

[email protected]                                                                Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x