Ի՞նչ է սակաւաբանութիւնը կամ «նուազասացութիւն»-ը (Դ.)
March 24, 2025
Պատմական սակաւաբանութիւն (դ)
- Հոլովական պարզացում կամ բարեշրջում
Աշխարհաբարը գրաբարի 10 յարաբերաբար բարդ հոլովները իւրացուց հետեւեալ եղանակով.
Գրաբար Աշխարհաբար
–կոչական քաղա՛ք քաղա՛ք
–ուղղական քաղաք քաղաք
–հայցական զքաղաք քաղաք
Ծանօթ.-Հայցականի այս պարզացումը դժբախտաբար սկսաւ շփոթ յառաջացնել աշխարհաբարի մէջ, քանի որ հայցականը, կորսնցնելով իր «զ» նախդիրը, նոյնացաւ ուղղականին հետ, ինչի հետեւանքով այլեւս զանազանելի չէր նախադասութեան ենթական եւ անձի անուն ուղիղ խնդիրը: Այս պատճառով ալ արեւելահայերէնը սկսաւ անձի անուն ուղիղ խնդիրը կազմել տրական հոլովով.
Կարոն կը սիրէ Մարոյին
Արեւմտահայ ռամիկը նմանապէս կ’ըսէ՝
Կարոն կը սիրէ Մարոյին
Իսկ գրական արեւմտահայերէնը կը պահանջէ ըսել՝
Կարոն կը սիրէ Մարոն
Ուր ստոյգ չենք գիտեր, թէ ո՞վ է սիրողը եւ ո՞վ է սիրուողը:
–սեռական քաղաքի քաղաքի
–տրական քաղաքի քաղաքի
–բացառական ի քաղաքէ քաղաքէ
–պատմական զքաղաքէ քաղաքէ
–գործիական քաղաքաւ քաղաքով
–պարարական զքաղաքաւ քաղաքին շուրջ
–ներգոյական ի քաղաքի քաղաքը կամ քաղաքին մէջ
* * *
Աշխարհաբարը պարզացուց կարգ մը այլ կառոյցներ ես. բաղդատել՝
Երգէ թռչուն ի վերայ ծառոյն:
Կ’երգէ թռչունը վրան ծառին:
Յարուցեալ գնացից առ հայր իմ:
Ելլելով երթամ հօրս:
Եհար զգլուխ իւր ընդ սիւն:
Զարկաւ գլուխը սիւնին:
- Յոգնակի թիւի պարզացում
Գրաբարը ունէր գոյականին յոգնակին կազմելու բազմաթիւ ձեւեր, ինչպէս՝ վարձկան-վարձկանք, ակն-ակունք, մարդ-մարդիկ, մանուկ-մանկտի, էշ-իշեան, նամակ-նամականի, աղախին-աղախնայք, ոսկր-ոսկերք, որոնց կիրարկութիւնը միշտ չէ, որ կայուն ու միօրինակ էր:
Աշխարհաբարը բոլորովին պարզացուցած է յոգնակիի կազմութիւնը՝ որդեգրելով (ն)եր միասնական մասնիկը, որ ժողովրդախօսակցական շատ հին ակունքներ ունի. եր՝ միավանկ բառերու համար, օրինակ՝ ծառ-ծառեր, ներ՝ բազմավանկ բառերու համար, օրինակ՝ քաղաք-քաղաքներ:
Բացառութեան կարգով ունինք նաեւ՝ մարդ-մարդիկ, տղայ-տղաք, ծնող–ծնողք: Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ որ ըսենք նաեւ՝ մարդեր, տղաներ, ծնողներ :
* * *
- Խոնարհական բարեշրջում
Եթէ պատմական բայերը ընդհանրապէս կը կորսնցնէին իրենց ծաւալին մէկ կարեւոր մասը՝ դիմելով դէպի ամփոփում ու պարզացում, անդին արդի աշխարհաբարի մէջ ի յայտ կու գային բայական նորանոր կառոյցներ հոն, ուր լեզուի յստակաութիւնը այդ կը պահանջէ:
Օրինակ՝
Գրաբարի ներգործական բայերու անորոշ դերբայը միաժամանակ կրաւո-րական էր. ուրեմն՝ սիրել, զգալ, թողուլ հաւասարապէս կը նշանակէին՝ սիրել եւ սիրուիլ, զգալ եւ զգացուիլ, թողուլ եւ թողուիլ
Այլ խօսքով՝ իւրաքանչիւրին դիմաց աշխարհաբարը ունի երկու տարբեր, սակայն ինքնուրոյն անորոշ դերբայներ:
Այսուհանդերձ դիմաւոր ժամանկներու մէջ միայն ել լծորդութդան բայերը ունին տարբեր խոնարհում.
Գրաբ. սիրեմ-սիրիմ սիրէի-սիրէի սիրեցի-սիրեցայ սիրեա՛-սիրեա՛ց
Աշխ. սիրեմ-սիրուիմ սիրէի-սիրուէի սիրեցի-սիրուեցայ սիրէ՛- սիրուի՛ր
Իսկ իւրաքանչիւր յարակատար դերբայ ունէր վեց տարբեր նշանակութիւն. այսպէս՝ սիրեալ կը նշանակէր՝
սիրած/սիրուած, սիրելով/սիրուելով, սիրող/սիրուող
Նոյն բառաձեւի իմաստային այս խճողումը մեծապէս կը մթագնէր գրաբարը, մինչդեռ աշխարհաբարը հնարած է մէկի դէմ վեց տարբեր ու յստակօրէն զանազանելի ձեւեր, որոնց շնորհիւ ոչ մէկ մթագնում կը ճանչնայ արդի հայերէնը, ինչ որ մեծ ներդրում մըն է մեր նոր աշխարհիկ լեզուին:
Իսկ ալ եւ ուլ բայերու դիմաւոր ձեւերու սահմանական ներկան եւ անկատարը հաւասարապէս ներգործական ու կրաւորական էին. այսինքն՝
***զգամ-զգայի՝ կը նշանակէ կը զգամ-կը զգացուիմ/կը զգայի-կը զգացուէի
***թողում-թողուի՝ կը նշանակէ կը թողեմ–կը թողուիմ/կը թողէի–կը թողուէի
Անցեալ կատարեալի մէջ շփոթելի են ալ բայերու առաջին եւ երկրորդ դէմքերու յոգնակիները. այսպէս՝
***զգացաք կը նշանակէ զգացինք-զգացուեցանք , իսկ զգացէք կը նշանակէ զգացիք-զգացուեցաք
***թողաք՝ կը նշանակէ թողեցինք եւ թողուեցանք
Զգացեալ եւ թողեալ դերբայները իրենց կարգին կը ներկայացնեն նոյն շփոթները, որոնց ակնարկեցինք վերը՝ սիրեալ դերբայի առթիւ:
Գրաբարի բայական յարացոյցը ունի շփոթելի շատ ուրիշ պարագաներ եւս, որ զանց կ’ընենք՝ չխճողելու համար մեր սերտողութիւնը, եւ որոնց դիմաց աշխար-հաբարը հնարած է պարզ, հեշտ զանազանելի, ինքնայատուկ ու ինքնուրոյն կառոյցներ՝ ատով ալ փարատելով գրաբարի մէկ կարեւոր թերութիւնն ու դժուարութիւնը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան