Ի՞նչ է սակաւաբանութիւնը կամ «նուազասացութիւն»-ը (Բ.)
March 10, 2025
Պատմական սակաւաբանութիւն (բ)
Սակաւաբանական մեծ փոփոխութիւններ կրեցին գրաբարի բառամթերքի բայական շերտի հազարաւոր բառեր, որոնց աշխարհաբարեան կառոյցը զգալիօրէն տարբեր է գրաբարինէն:
Այսպէս՝ անցողական սեռի մեծաթիւ բայեր՝ աշխարհաբար անցան թօթափելով իրենց բառային ծաւալին մէկ կարեւոր մասը:
Օրինակ՝
—բազմացուցանել (5 վանկ) բազմացնել (3)
—մեծացուցանել (5 վանկ) մեծցնել (2/3 վանկ)
—բնակեցուցանել (6 վանկ) բնակեցնել (3 վանկ)
—դառնացուցանել (5 վանկ) դառնացնել (3 վանկ)
—զօրացուցանել (5 վանկ) զօրացնել (3 վանկ)
—կեցուցանել (4 վանկ) կեցնել (2 վանկ)
Ասոնք աշխարհաբարի մէջ եւս կը պահեն իրենց անցողական սեռը:
Խորքին մէջ փոփոխութիւն կրողը եղած է գրաբարեան անցողական ածանցը. ացուցանել դարձած է ացնել, ուցանել դարձած է ցնել: Մինչ բայարմատ-ները մնացած են անփոփոխ:
Անդին տասնեակ մը նոյնատիպ բայեր բոլորովին պարզուած են.
–ապացուցանել / ապացուցել –հատուցանել / հատուցել
–զեկուցանել / զեկուցել –մատուցնել / մատուցել
–ծանուցանել / ծանուցել –յարուցանել / յարուցել
–կառուցանել / կառուցել –ուսուցանել / ուսուցել
–կացուցանել / կացուցել –սնուցանել / սնուցել
* * *
Գրաբարը ունէր կարգ մը ճոռոմ կառոյցներ, որոնք բաղկացած էին անցողական բային դիմաւոր ձեւով, որ իբրեւ լրացուցիչ կ’առնէ իր սեփական անորոշ դերբային գործիականը. այսպիսիներուն տիպարն է բազմացուցանելով բազմացուցանել-ը:
Օրինակ՝
—Բազմացուցանելով բազմացուցից զտրտմութիւն քո[1] (Ծնունդք, 3/16):
Նաեւ՝ մեծացուցանելով մեծացուցանել, հրաժարելով հրաժարիլ եւ այլն:
Ճիշդ չենք գիտեր, թէ այս եւ նմանները բնի՞կ էին, թէ՞ փոխառութիւն:
Յունարէնը կ՞ըսէ՝
—Πληθύνων πληθυνῶ τὰς λύπας.
(Pletհounon pletհouno)
Որ բառացի կը նշանակէ՝
—Բազմիցս բազմացուցանեմ...
Ինչ որ տարբեր է հայերէնէն, թէեւ բաւական թելադրական:
Ուրեմն նոյնիսկ եթէ փոխառութիւն էին, ապա հայ թարգմանութեան մէջ նկատելի է բոլորովին ինքնուրոյն՝ հայեցի ըլլալու ճիգ մը:
Մեր աշխարհաբար թարգմանիչները չեն պահած այս ոճը, այլ միայն սովորական մակբայով մը լրացուցած են դիմաւոր բայը:
–Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ:
Լատիներէն բնագիրը ոչ մէկ նմանութիւն ունի.
—Multiplicabo ærumnas tuas.
Այսինքն՝ բազմացուցից կամ պիտի բազմացնեմ ՝առանց որեւէ լրացումի:
Աշխարհաբար լեզուն բոլորովին անտարբեր չէ մնացած գրաբարի վերոյիշեալ ոճին հանդէպ, ինչպէս ցոյց կու տան հետեւեալ ասոյթները՝ անիծելով անիծել, ատելով ատել, կաղալով կաղալ եւ այլն:
* * *
Ունինք այնպիսի անցողական բայեր, որոնք աշխարհաբարի մէջ վերածուած են պարզ ներգործական բայերու՝ միաժամանակ փոխելով թէ՛ իրենց ծաւալը, թէ՛ սեռը:
Օրինակ՝
–ազատեցուցանել ազատել
–ազդեցուցանել ազդել
Անդին ամփոփուած են ներգործական ու չէզոք ածանցաւոր բայեր եւս՝ կորսնցնելով իրենց ածանցէն մասնիկներ միայն:
Օրինակ՝
—հագանիլ հագնիլ
–հեծանել հեծնել
–մեռանիլ մեռնիլ
–տեսանել տեսնել
–մոռանալ մոռնալ[2]
–ճանաչենալ ճանչնալ[3]
Կը գտնենք նոյնիսկ իրենց ածանցը բոլորովին նետած ու պարզ կանոնաւոր դարձած բայեր:
Օրինակ՝
–անիծանել անիծել
–անջատանել անջատել
–դիզանել դիզել
–թքանել թքնել > թքել
–լքանել լքել
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Կ’ակնարկէ կանացի երկունքի ցաւերուն:
[2] Նկատենք, որ այսպիսիները միշտ նոյն ընթացքը չեն ունեցած մեր երկու աշխարհաբարներու մէջ: Արեւելահայերէնը կը շարունակէ ըսել մոռանալ. այլեւ լուանալ՝ արեւմտահայերէնի լուալ-ի փոխան:
[3] Արեւմտահայերէնը ամփոփած է գրաբարեան ճանաչենալ բայը, որ դարձած է ճանչնալ:
Մինչ արեւելահայերէնը նոյնութեամբ պահած է գրաբարեան ճանաչել տարբերակը:
Այս զոյգը յատկանշական է անով, որ ածանցաւոր եւ պարզ տարբերակները գրաբարի մէջ ունէին նոյն անկանոն ժամանակաձեւերը՝ ծանեայ-ծանեար-ծանեաւ…ծանի՛ր եւ այլն: