Ի՞նչ է չափազանցութիւնը (Բ.)
May 18, 2025
Չափազանցութիւն (2)
Չափազանցութիւնը, իբրեւ ոճական հնարք, շատ սովորական է գտնել Հայ գեղարուեստական գրականութեան մէջ եւս:
Օրինակ՝ Համաստեղի «Տափան Մարգար»-ի կերպարի նկարագրութեան մէջ.
–«Արտի չափ լայն իր կռնակը մեզի դարձուցած գիւղ կ’իջնէր… Ճամբուն վրայ իր խոշոր, ծանր կօշիկներէն արտերուն հողը կը մաքրէր… այնքան մեծ, որ նապաստակ մը հոն շատ դիւրութեամբ կրնար իր տունը տեղաւորել… ճակատը միշտ փոթ-փոթ, ինչպէս հերկուած արտ մը… Ունէր տափանի չափ լայն, սերմնացանի թեւեր»:
Գրիգոր Զոհրապ Եղիա Տեմիրճիպաշեանի կերպարի նկարագրութեան մէջ ունի հետեւեալը.
—«Դիւահար ոգի մը. արծուի մը եթերային ճախրանքը սարէ ի սար, երբեմն աւելի անդին, ուր պարապութիւն մը կը տիրէ ա՛լ. կամ օդապարիկի մը ոստոստուկ ելեւէջները…» («Ծանօթ դէմքեր»):
Իսկ Մաղաքիա Օրմանեանի ուսերուն վրայ ան կը տեսնէ՝
–Վաղահաս ալեւորումով ճերմկած առիւծի գլուխ մը:
Այլեւ նոյնին «կաղնիի մը ամբարձիկ ուղղութիւնը» (անդ):
Ծառուկեան, որուն զգացումները այնքան ալ ջերմ չեն եղած Լեւոն Շանթի հանդէպ, իր ճեմարանականի օրերէն կը յիշէ անոր մէկ սաստը.
— «Եկաւ Շանթը, մտաւ դասարան եւ… շանթահարեց… ուրուական մը մտած էր դասարան, փոթորիկ մը մեկնեցաւ» («Մեծերը եւ միւսները», էջ 17):
Հապա՞ անմահն Սայաթ-Նովայի ծանօթ տողերը.
–«Դուն կրակ, հագածդ կրակ, վո՞ւր մէ կրակին դիմանամ»:
–«Սիրտս լորի պէս խորվեցիր, էշխիդ կրակով, աչքի՛ լոյս»:
* * *
Շատ ընդհանրացած է թուային չափազանցութիւնը.
–«Հովւութիւնը հազար անգամ աղէկ է արտ քաղելէն… երկու հազար անգամ աւելի աղէկ՝ գոմերու աղտեղութիւնը մաքրելէն» (Արամ Հայկազ, «Չորս տարի…», էջ 45):
Կամ աշխարհագրական երեւոյթներու հետ բաղդատութիւնը.
–«Յարդի ու խարի բլուր մը կը բարձրանար մինչեւ տանիք» (անդ, էջ 97):
–«Արջը մտեր էր արտ, կերեր էր, աղբե՜ր ալ… լեռան պէս դիզեր էր» (անդ, 146-7):
Երգիծաբանութեան մէջ լայն տեղ կը գրաւէ չափազանցութիւնը, որով երգիծողը աւելի ցայտուն ու տպաւորիչ, այլեւ համոզիչ դարձնել կը փորձէ երգիծանքի առարկան:
Օրինակ՝
–«Թաղիս փողոցները այնչափ նեղ են, որ մարդս անցած ժամանակը կը կարծէ, թէ քորսէ (իմա՝ սեղմիրան) հագած է, շունչ առնելու համար նեղութիւն կը զգայ» (Յակոբ Պարոնեան, «Պտոյտ մը…»):
— «[Քում Քաբուի մէջ] հազար երկու հարիւր տուն հայ կայ եւ երկու հազար չորս հարիւր գինետուն… որոշուած է հազար գինետուն եւս աւելցնել» (անդ):
* * *
Ինչպէս ըսինք, առօրեայ խօսակցական լեզուի մէջ մեծ տեղ ունի չափազանցու-թիւնը, եւ առ այդ լեզուի մէջ յառաջացած են չափազանցութեան կայուն տարազներ:
Օինակ՝
–բան մը հազար անգամ ըսել, —հարիւր տարի ալ մնամ՝ չեմ ընդունիր,
—խնդալէն մեռնիլ, —գայլի պէս անօթենալ,
–քառասուն օր-քառասուն գիշեր հարսանիք ընել,
—երկինք-երկիր իրար անցընել եւ այլն:
Չափազանցութիւնը յաճախ կ’արտայայտուի բոլորովին բառային միջոցներով՝ առանց ծաւալի կամ յաճախականութեան ակնարկութեան.
Օրինակ՝
–«Միւսները, որ ա՛լ գինովցած էին, կ’ոռնային, կը կաղկանձէին» (ԱՀ, անդ էջ 209):
–«Քիւրտը միսի համար հոգի կու տայ» (անդ, էջ 109):
Կան, վերջապէս, պատկերաւոր խօսքեր ու դարձուածքներ, որոնք հիմնուած են չափազանցութեան վրայ, ինչպէս՝
–պոռալէն ոռը պատռել, —փուշ ու տատասկ քաղել,
–լեղին փրթիլ, —հոգին հանել,
–սիրտը կոտրել, —սատանայ տեսնել
–թոյն խմել, —շուքէն վախնալ եւ այլն:
Նուազաբերութիւն: Սա նախորդին հակառակ երեւոյթն է, որ իր կարգին ուրոյն չափազանցութիւն մըն է, ուր առարկաներն ու անոնց յատկանիշերը տարապայմանօրէն կը նուազին կամ կը փոքրանան:
Օրինակ՝
–«Կատուի ձագերու նման ես ու փոքրիկ եղբայրներս կը թափառէինք թրքական գիւղակներու մէջ» (Շաւարշ Նարդունի, «Գրական ցոլքեր», էջ 158):
–«Առնաուտները փայտ կը ջարդէին՝ լուցկիի կոթ կոտրելու նման»(անդ,էջ 160):
–«Իր դէմքը հազիւ ափի մը չափ մնացեր էր» (ԱՀ, էջ 53):
–«Մեր մայրը կը լացնեն, ամենէն մեծ կտորնիս ականջնիս կը ձգեն» (անդ, էջ 272):
Կառոյց մը շատ աւելի տպաւորիչ է, երբ ան կը համատեղէ չափազանցութիւնն ու նուազաբերութինը.
Օրինակ՝
–«Եզան մը չափ կ’ուտէ, բայց հաւու մը չափ չ’աշխատիր» (անդ, էջ 40):
Խառն ոճի հոյակապ օրինակներ ունի միջնադարեան բանաստեղծ Ֆրիկը.
–հաւու խելք ունենալ, –խօսքը մատնոց մը չի լեցներ,
–քիթէն անդին չտեսնել, –թռչունի չափ ուտել,
–կաշի-ոսկոր մնալ, –թիզ մը հասակ,
–պատառ մը հաց, –ումպ մը ջուր (գինի, օղի…),
–մէկ շունչով պատմել, –քայլ մը տեղ եւ այլն:
* * *
Առօրեայ խօսակցական լեզուն կը սիրէ կիրարկել կարգ մը պատկերաւոր խօսքեր ու դարձուածքներ, որոնք հիմնուած են նուազաբերութեան վրայ, ինչպէս՝
–հաւու խելք ունենալ, —խօսքը մատնոց մը չի լեցներ,
—քիթէն անդին չտեսնել, —թռչունի չափ ուտել,
—կաշի-ոսկոր մնալ, –թիզ մը հասակ,
–պատառ մը հաց, —ումպ մը ջուր (գինի, օղի…),
–մէկ շունչով պատմել, –քայլ մը տեղ եւ այլն:
Եթէ չափազանցութիւնն ու նուազաբերութիւնը նմանցնենք համեմի, ապա պիտի ըսենք, որ պարտինք գիտնալ չափաւոր, այլեւ ճիշդ տեղին գործածել զանոնք, ինչպէս կը գործածենք համեմն ալ, այլապէս մեր խօսքին կը սպառնայ ճապաղութիւնը՝ կրկնաբա-նութեան ու միօրինակութեան մռայլ ստուերով, նոյնիսկ եթէ խօսքային նոյն հնարքներուն չդիմենք: Այս չափաւորութիւնը կը վերաբերի թէ՛ ծաւալին, թէ՛ յաճախականութեան:
Ծաւալային տեսակէտէ՝ պէտք է որ չափազանցութիւնն ու նուազաբերութիւնը շատ չհեռանան իրականութենէն. երբ, օրինակ, կ’ուզենք շեշտել կարկուտի հատիկներուն խոշորութիւնը, ապա թոյլատրելի է ըսել ընկոյզի չափ հատիկներ, թող ըլլայ բռունցքի չափ, սակայն թոյլատրելի չէ ըսել ձմերուկի չափ հատիկներ. նման ոճ մը շատ պաղ կ’անցնի:
Իսկ ինչ կը վերաբերի յաճախականութեան, ապա այս պարագային ալ պէտք է խուսափիլ ամեն քայլի չափազանցութեամբ մը կամ նուազաբերութեամբ մը օժտելէ խօս-քը, այլապէս կրնանք տաղտկալի դառնալ:
Իսկ թէ ճիշդ ո՞րն է այդ չափր,- ան մնացած է գրողին կամ խօսողի ճաշակին ու հայեցողութեան, այլեւ… տաղանդին:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան