Ի՞նչ է չափազանցութիւնը (Ա.)
May 11, 2025
Հայերէնի ոճաբանութեան ծիրէն ներս մինչեւ հիմա տեսանք՝
–Աւելորդաբանութիւնը,
–Կրկնաբանութիւնը,
–Սակաւաբանութիւնը:
Այսու կը սկսինք նոր գլուխ մը, որ է՝
–Չափազանցութիւնը:
* * *
Չափազանցութիւն (ա)
Այսպէս կը կոչենք ոճական այն հնարքը, որ կը կայանայ առարկաները՝ անձեր, անասուններ, իրեր, երեւոյթներ կամ անոնց յատկանիշերն ու գործողութիւնները չափազանցուած ներկայացնելու մէջ, որով աւելի խոր ու ազդու կը դառնայ խօսքին ձգած տպաւորութիւնը յատկապէս ունկնդիրին, բայց նաեւ ընթերցողին վրայ:
Չափազանցելու հակամէտ ենք ոչ թէ կամ անպայման իրողութիւնները խեղաթիւրելու նպատակով, որքան մեր խօսքը ընկալելի ու հաւաստի դարձնելու. սա իր կարգին կը ծառայէ համոզելու մեր խօսակիցը, ընթերցողը կամ ունկնդիրը մեր յայտնած մտքերու իրաւութեան կամ վաւերականութեան:
Ան համամարդկային հնարք մըն է, որ ի գործ դրուած է բանական էակին կողմէ այն օրէն, ուր ան սկսած է խօսիլ ու բանաւոր հաղորդակցիլ իր նմաններուն հետ:
Չափազանցութիւնը (hyperbole) ի գործ կը դրուի առօրեայ կենցաղային ամենասո-վորական անցքերու ու երեւոյթներու առիթով ալ. օրինակ՝ հինգ-տասը վայրկեան կը սպասենք, մինչեւ որ մեզի ժամադիր անձը տեղ հասնի ու գտնէ մեզ. զայն տեսնելով՝ բացառուած չէ, որ իսկոյն ըսենք.
−Եղբա՛յր, ո՞ւր մնացիր, ժամ մըն է կը սպասեմ…
Մինչդեռ ժամացոյցն ալ կը հաստատէ, որ հազիւ հինգ-տասը վայրկեան սպասած ենք: Նման պարագաներու՝ ո՛չ ունկնդիրը, ո՛չ ալ խօսողը հարկ կը տեսնէ ճշդում կատարելու, «իրարու սուտը բռնելու», որովհետեւ նման չափազանցութիւններ ընդու-նուած են մարդկային յարաբերութեան մէջ, եւ շատ մը իրականութիւններ մենք կը դիտենք չափազանցութեան պրիսմակին մէջէն:
Չափազանցութիւնը, ինչպէս ըսինք, խօսողական շատ հին հնարք է եւ շատ լայն տեղ ունեցած է մանաւանդ ժողովրդային բանահիւսութեան մէջ, որուն հնագոյն նմուշներէն մէկը՝ Վահագնի ծնունդը, ներկայացուած է գունագեղ չափազանցութեամբ.
Նա հուր հեր ունէր,
Ապա թէ բոց ունէր մօրուս,
Աչքունքն էին արեգակունք:
Այստեղ հերոսին գեղեցկութեան վրայ է հիմնուած չափազանցութիւնը, այլ տեղ չափազանցութեան առարկան անոր ուժն ու քաջութիւնն է, արժանիքներ, որով մարդիկ, տարուած հերոսապաշտական զգացումներով, իրենց պատկերացումներուն ու զրոյցնե-րուն մէջ մէկ կողմէ կ’օժտեն սիրուած հերոսը, միւս կողմէ՝ կը վարկաբեկեն, կը նսեմացնեն թշնամին, եւ որքան մեծ ըլլայ տարբերութիւնը հերոսին ու թշնամիին միջեւ, այնքան աւելի փնտռուած է չափազանցութիւնն ու չափազանցողը:
Այսպիսիներ միայն տպաւորելու միջոց չեն, այլ նաեւ հաճոյքի ու վայելքի անսպառ աղբիւր են: Այս տեսակէտով ուշագրաւ է Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպը, որ Յովհաննէս Թումանեան գեղարուեստական բացառիկ տաղանդով վերապատմած է՝ պահելով բանաւոր պատումի չափազանցութեանց ամբողջ հարստութիւնը.
Բարկացաւ Դաւիթ, չափը շպրտեց,
Տուաւ Կոզբադնի գլուխը ջարդեց,
Չափի փշրանքը պատն անցաւ գնաց,
Մինչեւ օրս էլ դեռ գնում է թռած…
Հայ գիւղացին յափշտակութեամբ մտիկ կ’ընէր նման հերոսական պատումները, ուր Դաւիթին՝ իր սիրելի հերոսին շպրտած ամանին փշրանքը մինչեւ պատումի պահը կը շարունակէր իր անարգել թռիչքը:
Բայց նաեւ Դաւիթի ու Մսրայ Մելիքի մենամարտը:
Վախկոտ Մելիքը հազար հնարք կը մտածէ մորթը փրկելու համար. բայց անօգուտ.
Գնաց խորունկ մի հոր փորեց,
Իջաւ, մտաւ վիհն էն խաւար,
Վրէն քաշեց քառսուն կաշի,
Ու քառասուն ջաղացի քար:
Եւ Դաւիթի մէկ հարուածով Թուր-Կէծակին՝
. Անցաւ քառսուն գոմշի կաշին,
Անցաւ քառսուն քարերը ցած,
Միջից կտրեց ժանտ հրէշին,
Օխտը գազ[1] էլ դէնը գնաց:
Չմոռնանք, որ Սասունցի Դաւիթին դիւցազնավէպը շատ հին ծագում ունի, արաբական նուաճումներու օրերէն, ըսենք՝ 7-րդ դարու կէսէն սկսած է ան մշակուիլ ու զարգանալ՝ հետզհետէ տարածուելու համար ողջ Հայաստանի սահմաններուն, ուր հայերը իրարու բերնէ կը խլէին անոր դրուագները:
* * *
Հայ բանահիւսութեան պատառիկներէն գրական մշակում ստացած նիւթերէն հանրածանօթ է նաեւ Ղազարոս Աղայեանի Տորք Անգեղը իր համով չափազանցութիւններով:
Շատ դարեր առաջ՝ հին Հայաստանում
Տորք-Անգեղ անուամբ մի մարդ էր կենում[2]:
Տորքը չէր նման հասարակ մարդու,
Այլ մի աժդահա եւ շատ ահարկու.
Աչքերը կ’ասես մի-մի կապոյտ ծով՝
Ճաճանչաւորուած արեւի լոյսով.
Սեւ-սեւ ունքերը, մութ ամպի նման,
Բարդ-բարդ կուտակուած աչքերի վրան.
Քիթը կորընթարդ, իբրեւ մի բլուր,
Ատամներն ուրագ, եղունգները թուր.
Կուրծքը կ’ասենաս մի լանջ է լեռան,
Մէջքը սարաժայռ, կռները[3] գերան,
Մի խօսքով՝ մի դեւ եւ ոչ թէ հսկայ…
Ահռելի էր նա եւ այնքան ուժեղ,
Որ յիսուն գոմէշ չունէին մէկտեղ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Օխտը գազ/եօթը գազ՝ մօտաւորմապէս 7,5 մեթր
[2] Կ’ապրէր
[3] Բազուկները