Ի՞նչ է անհատական սակաւաբանութիւնը (Գ.)
May 4, 2025
Անհատական սակաւաբանութիւն (գ)
–Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր:
Ո՞վ կամ ի՞նչը:
Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր բարեկամս (հետեւաբար ժամանակ չգտաւ զրուցելու հետս) կամ՝ հեռախօսը (հետեւաբար չկրցայ կապուիլ բարեկամիս հետ):
–Հնագէտը յայտնեց, որ ամրոցը պատմական եզակի նմուշ մըն էր, բայց կը պահանջէր ամբողջ օր մը:
Ո՞վ կամ ի՞նչն է պահանջողը:
Իր հապճեպին կամ գեղարուեսատական հարբեցումին մէջ այնքան տարուած է տուեալ նմուշով, որ մոռցած է անուանել անոր վերաբերող պահանջին անունը:
«Հնագէտը յայտնեց, որ ամրոցը եզակի նմուշ մըն էր, որուն ծանօթացումը կը պահանջէր ամբողջ օր մը»:
–Գեղեցիկ էր ան, գեղեցիկ ոչ այն տափակ իմաստով, որ շատ անգամ տղամարդիկ կ’ունենան:
Կ’ունենան ի՞նչ:
Սակաւաբանութեան այնպիսի նմուշ մըն է այս, որ բոլորովին կ’իմաստա-զրկէ խօսքը. մոռցուած է այն ուղիղ խնդիրը, որ իբրեւ յարաբերեալ պէտք է ծառայէր «որ» յարաբերական դերանունին:
Խօսողը ի մտի ունի «գեղեցկութիւն» բառը, որ անծանօթ պատճառներով չէ արձանագրուած:
Ուրեմն ան պարտէր իր խօսքը շարադրել հետեւեալ ձեւով.
«Գեղեցիկ էր ան, գեղեցկութեան ոչ այն տափակ իմաստով, որ շատ անգամ կ’ունենան տղամարդիկ:
* * *
Յակոբ Օշական կիրարկած է սակաւաբանութեան բաւական յանդուգն տեսակ մը, որ կը թուի յատուկ ըլլալ իրեն, քանի ուրիշ տեղ չհանդիպեցանք անոր: Այսպէս՝
–Այդ կերպարանքին մերժել իր իրաւութիւնը՝ սոփեստութիւն: Այդ կերպա-րանքը դաւանիլ հայ հոգիի ամբողջութեան պատկեր՝ միամտութիւն» («Հայաս-տանի կոչնակ», 1948, թիւ 24, էջ 587):
Զեղչուած են հանգոյցները, այսինքն՝ էական բայերը՝ է…է…:
«Սոփեստութիւն է…միամտութիւն է…:
* * *
Ղազարոս Աղայեանի «Տորք Անգեղ»-ին նկարագրութեան մէջ կը գտնենք.
«Ահռելի էր նա եւ անքան ուժեղ,
Որ յիսուն գոմէշ չունէին մէկտեղ»:
Իսկ թէ ճիշտ ի՞նչ էր չունեցածնին,− չէ՛ յիշուած:
Այդ պակսող հասկացութիւնը ներկայ է անշուշտ գրողին գիտակցութեան մէջ, եւ հեղինակը լաւատեսօրէն կ’ակնկալէ, որ ընթերցողն ալ իմանայ, թէ ի՛նչ է ան. այս լաւատեսութիւնը իրեն ներշնչողը ուժեղ ածականն է, որուն թելադրութեամբ՝ ընթերցողը ենթադրուած է հասկնալ, գուշակել, որ պակսողը ուժ հասկացութիւնն է:
Անշուշտ այստեղ կայ մէկ կողմէ սակաւաբանութեան, միւս կողմէ լաւատեսութեան ինչ-որ չարաշահութիւն մը, որ խրախուսելի չէ. ամէն ընթերցող կրնայ չհասկնալ եւ այպանելի չէ:
* * *
Սակաւաբանութեան արտասովոր օրինակ մըն է հետեւեալը.
–Քարափների կողերին ամեն տեսակ փոքրիկ խեցեմորթիներ տեսանք, բոլորն էլ՝ շատ մանր, որ հաւաքէինք, տուն տանէինք ու դրանց վրայ ժամանակ ծախսէինք (Ուիլիամ Սարոյեան, «Հայրի՛կ, դու խենթ ես», Երեւան, 2019, էջ 47):
Պարզ է, որ խեցեմորթիները, իրենց ծաւալին պատճառով արհամարհուած են, եւ հեղինակը արժանի չէ գտած հաւաքել ու տուն տանիլ զանոնք. բայց ահա այս իրողութիւնը մատնանշող ոչ մէկ բառ գործածուած է:
Անփորձ ընթերցողը նման շարադրանքի առջեւ կրնայ անճրկիլ, չըմբռնել անոր միտք բանին, այն բոլոր հետեւանքներով, որուն տեղիք կրնայ տալ նման անճրկում մը:
Որմէ կարելի էր խուսափիլ:
Թաւագիր կ’աւելցնենք պակսող հատուածը:
–Քարափների կողերին ամեն տեսակ փոքրիկ խեցեմորթիներ տեսանք, բոլորն էլ՝ շատ մանր, այնքան մանր, որ չէր արժի, որ հաւաքէինք, տուն տանէինք ու դրանց վրայ ժամանակ ծախսէինք:
* * *
Սակաւաբանութեան ուրոյն տեսակ մըն է զեղչումը, երբ խօսողը կը խուսափի ամէն միտքը եկածը ըսելէ՝ ապաւինելով խօսակիցի հասկացողութեան:
Այդպիսի կացութիւն մը կը պարզէ Թումանեանի հետեւեալ հատուածը.
-Ինչի՞ց է, պապի՛, այսքան ճոխ երկրում,
Ինչպէս ասում ես, դժուար էք ապրում.
Վարձատրութի՞ւն չէք ստանում հողից,
Թէ՞ նեղութիւն է գալիս մի տեղից:
-Մեր նեղութիւնը… քեզ ինչպէ՞ս յայտնեմ.
Թող հաստատ լինի մեր թագաւորը:
Ես ընչի՞ տէր եմ, խօսեմ նրա դէմ,
Բայց Աստուած կտրի մեր քաշած օրը:
Ինչպէս կը նկատենք, թոռնիկին թուած այլազան պատճառներուն, ուրկէ կրնային յառաջանալ պապիկին կենցաղային դժուարութըանները, պապիկը կը հակադրէ թագաւորին անունը. միւս կողմէ… կը հրաժարի «խօսիլ նրա դէմ»:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան