Ի՞նչ է անհատական սակաւաբանութիւնը (բ)
April 27, 2025
- Սակաւաբանութեան մերժելի նմուշներ են հետեւեալները, որոնք սակաւաբանութեան շարաշահութիւնն են.
–Էլիզապեթի ընտանիքը հարուստ էր, դրամատուն, հանքեր, հողեր՝ Ամերիկաներ, Ափրիկէ (Յ. Պալեան, «Ամերիկա», էջ 88):
Գոնէ էր-ին քով միջակէտ մը դրուած ըլլար:
Արդարեւ, հատուածը պէտք է կարդացուի կամ հասկցուի սա՛պէս.
–«Էլիզապէթի ընտանիքը հարուստ էր. ան ունէր դրամատուն, հանքեր ու հողեր՝ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու եւ Ափրիկէի մէջ»:
–Անոնցմէ մին բազմաճիւղ էր, բնակութեան շէնքեր, գործարաններ, ճանապարհներ, կամուրջներ (անդ, էջ 60):
Նոյն նկատողութիւնը. գոնէ միջակէտ մը դրուած ըլլար էր-ին քով:
Գիրքին բովանդակութենէն կը դատենք, որ այս հատուածը կ’ակնարկէ ճարտարապետական բազմաճիւղ ընկերութեան մը, որ կը կառուցէ շէնքեր, գործարաններ, ճանապարհներ ու կամուրջներ:
Եւ վերջապէս.
–Ադրպեջանական զինուժի կողմից ձեռնարկուել են ութ հետախուզական փորձեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուել են եւ կորուստներ կրելով յետ են շպրտուել» («Հետք.ամ», 21-1-15):
Սա կը ձեւացնէ համաստորադասական բարդ նախադասութիւն մը, որուն երկու ստորադաս բաղադրիչները ունին նոյն յարաբերեալը՝ փորձեր, եւ ճիշտ այստեղ է անհեթեթութիւնը. եթէ փորձերը կարելի է հաւաստանշել, ապա կարելի չէ «յետ շպրտել». յետ կը շպրտենք այդ փորձերը կատարող անձերը, որոնց ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ, ուրեմն մոռցուած անդամ(ներ) կայ նախադասութեան մէջ. վերականգնենք զայն.
–«Ադրբեջանական զինուժի կողմից ձեռնարկուել են ութ հետախուզական փորձեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուել են եւ որոնց ձեռնարկողները յետ են շպրտուել»:
Նաեւ՝
–Իրան հրաժարեցաւ խզելէ կամ գոնէ նուազեցնելէ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը»:
Ուր կարելի է, ըսենք, նուազեցնել յարաբերութեան մակարդակը, սակայն կարելի չէ զայն խզել: Ենթադրելի է, որ գրողը ի մտի ունէր հետեւեալը.
–«Իրան հրաժարեցաւ խզուելէ Սէուտական Արաբիայէն կամ նուազեցնելէ անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը»:
Այլեւ՝
–Անոնց քեռիները արեւելեան փչողական գործիքներէն կաւալ, զուռնա եւ սազ կը նուագէին:
Համադասուած երեք նուագարաններէն առաջին երկուքը փչողական են, այո, սակայն սազը փչողական չէ, այլ լարային է: Ուրեմն պարտինք սրբագրել.
–«Անոնց քեռիները արեւելեան փչողական գործիքներէն կաւալ ու զուռնա եւ լարային գործիք մը՝ սազ կը նուագէին»:
- Սակաւաբանութեան ուրոյն ենթատեսակ մը կը կազմեն այն կառոյցները, որոնց մէջ դերանունը կամ որեւէ փոխանուն զուրկ է անհրաժեշտ յղումէ: Ծանօթ իրողութիւն է, որ դերանուն մը կամ փոխանուն մը ըստ ինքեան իմաստ չունի. օրինակ՝ «Ան արագ կը վազէ»… ո՞վ է վազողը,− ոչ ոք գիտէ: Այսպէս է, քանի չկայ նախապէս յիշուած գոյական մը կամ վազելու ատակ առարկայ մը, որպէսզի ան-ը յղենք այդ առարկային. օրինակ՝ «Այս ձին կայտառ է, ան արագ կը վազէ»,− այս վերջին կիրարկութեամբ արդէն գիտենք, որ վազողը ձին է: Եւ կամ՝ «Ես նախընտրեցի կարմիրը»,− կարմիր ի՞նչը: Զանազան պատճառներով՝ ահա այս յղումը,− որքան ալ ան ներկայ ըլլայ ենթակային գիտակցութեան մէջ,− կը բացակայի խօսողի կամ գրողի շարադրանքէն՝ պատճառելով զանազան շփոթ ու երկդիմի ընկալումներ:
Օրինակ՝
–«Ամբողջ օրը անցուցինք ծովուն վրայ՝ առանց մէկ հատ իսկ որսալու»,− մէկ հատ ի՞նչ:
«Ամբողջ օրը անցուցինք ծովուն վրայ՝ փորձելով որսալ քանի մը ձուկ, սակայն ոչ մէկ հատ որսացինք»:
–«Հանրութիւնը կը մաղթէ ունենալ պարկեշտ գործիչներ, բայց ան գործիչներու առաքինութիւնը չէ եղած միշտ»:’
Ան՝ ո՞վ կամ ի՞նչը,- չենք գիտեր, ծանօթ չէ, որովհետեւ թերի խօսք մըն է այս:
«Հանրութիւնը կը մաղթէ ունենալ պարկեշտ գործիչներ, բայց պարկեշտութիւնը գործիչներու առաքինութիւնը չէ եղած միշտ»:
–Ան ամբողջ կեանքը գրեց, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը արժանացաւ հրատարակութեան»:
Ի՞նչն է հրատարակութեան չարժանացողը,- չենք գիտեր:
«Ան ամբողջ կեանքը գրեց, սակայն անոր գրութիւններէն ոչ մէկը արժանա-ցաւ հրատարակութեան»:
–Վաճառորդը ցոյց տուաւ այնպիսիները, որոնք մեր քսակին չէին պատ-շաճեր»:
Ի՞նչը կամ ինչպիսինե՞րը չէին պատշաճեր:
«Վաճառորդը ցոյց տուաւ այնպիսի կառքեր, որոնք մեր քսակին չէին պատշաճեր»:
–Բարեկամութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ կրնաս միշտ պէտք ունենալ անոնց»:
Որո՞ւ:
«Բարեկամութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ կրնաս միշտ պէտք ունենալ բարեկամներու:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան