Ի՞նչ է անհատական սակաւաբանութիւնը (ա)

April 21, 2025
  1. Ասոնք կը ներկայացնեն այնպիսի կառոյցներ, որոնցմէ ի բաց կը   ձգուին,  առհասարակ անվարժութեան, իսկ շատ յաճախ ալ անուշադրութեան ու մոռացութեան բերումով այնպիսի տարրեր, որոնք անհրաժեշտ են խօսքի ճիշտ ձեւաւորումին ու  ընկալումին:

Ան ճիշդ հականիշն է աւելորդաբանութեան:՝

Ստորեւ օրինակներ՝

–Գողթան երգերու   քերականութիւնը գրեթէ տարբեր չէ գրաբարէն:

Անհատական սակաւաբանութեան ամենաշատ յաճախուած կաղակարն է այս, ուր գործուած է անուշադրութեան շատ ընթացիկ սխալ մը, որ է անտեղի զեղչումը որոշիչի մը, որ սակայն աննշմար կ’անցնի, թէ՛ խօսողին, թէ՛ ընկալողին ուշադրութենէն:

Արագաբանութեան, բայց նաեւ անտաշութեան բերումով խօսողը չ’անդրադառնար, որ կը բաղդատէ քերականութիւնը  գրաբարին հետ, որոնք ըստ էութեան բաղդատելի հասկացութիւններ ու եզրեր չեն,  փոխանակ բաղդատելու գրաբարի քերականութեան հետ: Ակնկալուած կառոյցը ուրեմն պէտք է ըլլար.   

–Գողթան երգերու քերականութիւնը գրեթէ  տարբեր չէ գրաբարի քերականութենէն,- ուր քերականութիւնը  բաղդատուած է  քերականութեան հետ.             Այս պարագային ալ կրկնաբանութենէ խուսափելու համար՝ կ’ըսենք.        

–Գողթան երգերու քերականութիւնը գրեթէ տարբեր չէ գրաբարինէն:

Նոյնին մէկ նմանակը.

–Մեր կացութիւնը ձեզմէ շատ աւելի դժուար է:

            Այսինքն՝ «Մեր կացութիւնը ձեր կացութենէն շատ աւելի դժուար է»:

            Ուրեմն՝ «Մեր կացութիւնը ձերինէն շատ աւելի դժուար է»:

            Բոլորովին մոռացութեան կամ անուշադրութեան հետեւանք է հետեւեալը.

–Ան  օրուան կէսը կը քնանայ եւ  հաճոյքներուն ետեւէն կը վազէ:

Ինչպէս կը նկատենք, անհամատեղելի գաղափարներ են ասոնք՝ քնանալ ու միաժամանակ հաճոյքի ետեւէն վազել:

Այս պարագային եւս  զեղչուած է բառ մը, որ ահաւասիկ.

–Ան օրուան կէսը կը քնանայ, միւս կէսը կը յատկացնէ հաճոյքներուն:

Հետեւեալը շարահիւսական թերացում է. խօսողը չի տիրապետեր խօսքին.

–Բանագնացէն պահանջուեցաւ, որ գրաւոր ու բանաւոր զեկոյց  մը տայ իր առաքելութեան  մասին:

Զեկոյց մը  չի կրնար միաժամանակ թէ՛ գրաւոր ու թէ՛  բանաւոր  ըլլալ. ուրեմն՝ ճշգրտաբանութիւնը կը պահանջէ, որ ըսենք.

–Բանագնացէն պահանջուեցաւ գրաւոր  զեկոյց մը եւ բանաւոր զեկոյց մը:            Կամ՝

–Բանագնացէն պահանջուեցաւ մէկական գրաւոր եւ բանաւոր զեկոյց:     Խրախուսելի չէ «Գրաւոր ու բանաւոր զեկոյցներ»՝ յոգնակի            տարազը:

            — Վառ կարմիր եւ վառ կանաչ փէշը արգիլուած է հաստատութենէն ներս:

            Վառ կարմիր եւ վառ կանաչ փէշերը արգիլուած են…:

Ի նմանութիւն նախորդին՝ փէշը չի կրնար միաժամանակ թէ՛ վառ կարմիր,

թէ՛ վառ կանաչ ըլլալ. ուրեմն  կ’ակնարկուի տարբեր փէշերու:

  1. Եղբբօր մը պէս

            Ժողովրդախօսակցական շատ ընթացիկ կառոյց մըն է հետեւեալը.

            -Եղբօր  մը պէս կը սիրեմ քեզ…

          Հարցում՝

            -Այս նախադասութիւնը արտասանողը զո՞վ ի մտի ունի իբրեւ եղբայր. իր սեփական ա՞նձը, թէ՞ խօսակիցը, որուն ուղղած է իր խօսքը:

          Արդի արեւմտահայ(երէն)ը ի  վիճակի չէ պատասխանելու այսքան ընթացիկ հարցումի մը, որ կը բխի այնքան ընթացիկ  խօսքէ մը:

            Այսպէս ըսողը, սակայն,  այն համոզումը ունի, որ խօսակիցը ամէն ինչ հասկցաւ, իսկ զարմանալին այն է, որ խօսակիցը իր կարգին ամէն բան  հասկցած ըլլալ կը սեպէ ինքզինք:

            Այդ շփոթը առկայ է, քանի բերուած խօսքը կրնայ հաւասարապէս նշանակել.

            –Ես քեզ կը սիրեմ այնպէս, ինչպէս  եբայր մը պիտի սիրէր:

            Ուրեմն՝ ես եմ եղբայրը:

            –Ես քեզ կը սիրեմ այնպէս, ինչպէս պիտի սիրէի  եղբայրս:

            Ուրեմն՝ դուն ես եղբայրը:

            Լեզուի մէջ շատ մաշած ու ամփոփուած են այս եւ նման կառոյցները, որոնց բովանդակած շփոթը այնքան ալ չի փարատիր, միւս կողմէ՝ չի  զգացներ ինքզինք,  մանաւանդ որ նմաններուն  սրբագրումը բաւական  տաղտկալի է, ինչպէս տեսանք:

            Այսպիսիներուն բարակը չենք մաներ, մանաւանդ որ կը յաջողինք «կարճ ու կոկիկ» չորս  բառով ըսել այն, որ կը պահանջէ… ութ բառ:

                                                                       *    *    *

           Աւելի դիպուկ եւ յստակ են հետեւեալները՝ գոնէ տեսականօրէն.

–Ես՝ իբրեւ հարազատ եղբայր կը սիրեմ քեզ:

Ուր «հարազատ եղբայր»-ը բացայայտիչն է  ես դերանունին:

–Ես կը սիրեմ քեզ՝ իբրեւ հարազատ եղբայր:

Ուր «հարազատ եղբայր»-ը բացայայտիչն է  քեզ դերանունին:

Արեւմտահայը այսպէս  չի խօսիր, իսկ եթէ դուն խօսիս, ապա զանազանու-թիւն չի դներ, որովհետեւ արեւմտահայերէնի մէջ հայցականի եւ ուղղականի նոյնութիւնը կը խանգարէ   ճիշդ ընկալումը:

*   *   *

            Արեւելահայերէնը աւելի ինքնաբաւ է նման կառոյցներու մէջ՝ շնորհիւ տրական հոլով ուղիղ խնդիրի իւրացումին: Արդարեւ, ան պիտի ըսէր՝

            –Ես իբրեւ  եղբայր սիրում եմ քեզ:

            Եղբայր նկատուած է ես  դերանունը. ասոնք երկուքը համաձայնած են նաեւ  իրենց հոլովով՝ եղբայր եւ ես հաւասարապէս ուղղական  կ’ընկալուին արեւելահայէն:

            –Ես  իբրեւ եղբօր սիրում եմ քեզ:

            Եղբօր  նկատուած է քեզ  դերանունը, որովհետեւ հոլովական  համաձայնու-

թիւն ունին իրարու միջեւ՝ տրական են երկուքն ալ:

[email protected]                                                               Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x