Ի՞նչ է «ալկորիթմը»՝ այս օրերու բառը
April 3, 2024
Պարզ սահմանումով «ալկորիթմ»ը «քայլ առ քայլ ընթացակարգ» մըն է կամ «հրահանգներու հաւաքածոյ» մը, որուն կը հետեւի համակարգիչը` խնդիր մը լուծելու կամ թելադրանք մը ընելու: Ուսողութեան մէջ ալ, ալկորիթմը կը վերաբերի յստակ սահմանուած քայլերու կամ հրահանգներու հունաւոր յաջորդականութեան՝ խնդիր մը լուծելու կամ հաշուարկ մը կատարելու: Ան, ըստ էութեան, շարք մը կանոններու կամ ընթացակարգերու ամբողջութիւնն է, որուն կարելի է հետեւել մասնայատուկ նպատակի մը կամ արդիւնքի մը հասնելու:
Ալկորիթմի տեսակներն են.
- Որոնումի ալկորիթմներ (Search algorithms). կ’օգտագործուի տուեալներու մեծ հաւաքածոներու մէջ թելադրուած փնտռտուքը կատարելու:
- Տեսակաւորումի ալկորիթմներ (Sorting algorithms). կ’օգտագործուին թելադրուածները հերթականութեամբ կազմակերպելու:
- Մեքենան ուսուցանող ալկորիթմներ (Machine learning algorithms). համակարգիչներուն, սարքին, մեքենային կը սորվեցնեն օգտուիլ տուեալներէ եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել:
- Ցուցագծային ալկորիթմներ (Graph algorithms). կը վերլուծեն յարաբերութիւնները իրերու միջեւ, որոնք ներկայացուած են իբրեւ հանգոյցներ եւ եզրեր:
- Գաղտնագրումի ալկորիթմներ (Encryption algorithms). կ’երաշխաւորեն տուեալներու անվտանգութիւնը` զանոնք վերածելով ծածկագրերու:
- Սեղմնումի ալկորիթմներ (Compression algorithms). կը փոքրացրեն տուեալները աւելի արագ ամբարումի եւ փոխանցելու:
- Կաղապարներու ճանաչման ալկորիթմներ (Pattern recognition algorithms). կը գտնեն օրինաչափութիւններ տուեալներու մէջ, օրինակ` ճանչնալով ու նոյնացնելով դէմքեր կամ բառեր:
- Կատարելագործող ալկորիթմներ (Optimization algorithms). բազմաթիւ տարբերակներէ կը գտնեն լաւագոյն լուծումները:
Իւրաքանչիւր ալկորիթմ կը նմանի յատուկ գործիքի մը, որ նախատեսուած է մասնայատուկ աշխատանքի մը համար՝ թելադրուած առաջադրանքները արագօրէն եւ աւելի արդիւնաւէտ կատարելու նպատակով:
մասնաւոր շնորհսկալութիւն ձեզի այս յստակ բացատրութեան համար թէ ալկորիթմն ու անոր տեսակները ինչ են և ինչի կը ծառայեն:
մինչև հիմա հարց կու տայի թէ ինչ է այս խորհրդաւոր բառը….արդէոք լոկարիթմի հետ կապ ունի ? ևայլն…
հիմա բաւական յստակ է:
շնորհակալութիւն