Թիւ եւ հաւաքական անուն
October 20, 2024
Մեր գրեթէ բոլոր գրողներուն մէջ տարածուած է հաւաքական անունները յոգնակի նկատելու թիւրիմացութիւնը. ստորեւ տեսնենք օրինակ մը «Արարատ»-էն:
***«Սփիւռքահայ երիտասարդներուն կը ներկայացնենք նմուշ մը իրենց տարեկից, այն հսկայ փաղանգէն, որոնք “ոչ միայն բանիւ, այլ գործիւ” մեկնեցան առաջնագիծ՝ պաշտպանելու իրենց հայրենիքը»:
Այս նախադասութեան հաւաքական անունն է փաղանգ-ը, որ յունարէն կը նշանակէ զինուորներու խումբ, իսկ ներկայիս կը նշանակէ մարդկային որեւէ խումբ:
Բառիս այս նշանակութենէն ալ տարուած` լրագրողը զայն ընկալած է իբրեւ յոգնակի բառ, եւ այս թիւր ընկալումին հետեւանքով ալ՝
–անոր տուած է յոգնակի յարաբերական դերանուն մը՝ որոնք:
–այս յոգնակի դերանունին բնական հետեւանքն է յոգնակի ստորոգիչը՝ մեկնեցան:
–բնական հետեւանք մըն է նաեւ յոգնակի ստացական դերանունը՝ իրենց:
Փաղանգ-ը, այո, գումարն է մեծաթիւ մարդկային էակներու, սակայն ան իր ձեւով եւ քերականօրէն կ’ընկալուի իբրեւ եզակի գոյական եւ կը պահանջէ եզակի բայ:
Փաղանգին պէս իմաստով յոգնակի, սակայն քերականօրէն եզակի են՝ ամբոխ, աշակերտութիւն, բանակ, բոյլ, երամ, ժողովուրդ, խումբ, մարդկութիւն եւ շատ ու շատ ուրիշներ:
* * *
Վերոնշեալներէն բացի կը գտնենք լեզուական ընթացիկ սխալներ եւս:
—ոչ միայն …այլ շաղկապ չունինք. պէտք է ըլլայ ոչ միայն …այլեւ. ուրեմն՝ ոչ միայն բանիւ, այլեւ գործիւ:
—գործ բառը չունի «գործիւ» ձեւով գործիական հոլով մը. ան գրաբարի եւ աշխարհաբարի մէջ հաւասարապէս կու տայ գործով:
«Արարատ»-ի այս բոլոր սխալները ուղղելէ ետք պիտի ունենայինք՝
–«Սփիւռքահայ երիտասարդներուն կը ներկայացնենք նմուշ մը իրենց տարեկից այն հսկայ փաղանգէն, որ “ոչ միայն բանիւ, այլեւ գործով” մեկնեցաւ առաջնագիծ՝ պաշտպանելու իր հայրենիքը»:
–Աւելորդ ու սխալ է տարեկից բառին քով դրուած ստորակէտը եւս:
- «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը չէր կրնար անմասն մնալ այսպիսի եզակի խրախ-ճանքէ մը. Noblesse oblige!!! Որ թարգմանի՝ «Կոչումը կը պարտաւորեցնէ՜՜՜…»:
–Քննարկուած են…հարցերու լայն շրջանակ:
–Ցուցարարներու խումբ մը ներխուժած են…
Ու տակաւին՝
–Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ տարակարծութիւններ ունինք… բայց եւ այնպէս, մենք տակաւին զանոնք կը նկատենք արդիւնաւէտ եւ օգտակար եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ անոնց հետ:
Զանոնք-ը եւ անոնց-ը յոգնակի են եւ կը վերաբերին ղեկավարութեան, որ… եզակի է: Այլ խօսքով՝ պարտինք գրել՝ զայն եւ անոր:
Ծանօթ.− Այս էջը խոր տարակարծութիւն մըն ալ ունի… Ամերիկայի հետ. քսան տարիէ իվեր ան չի յաջողիր որոշել, թէ Միացեալ Նահանգներ եզակի՞ է, թէ՞ յոգնակի: Ըստ այնմ ալ օր մը եզակի կը գրէ, օր մը՝ յոգնակի, խելքին փչածին պէս:
* * *
Այստեղ իր պատուոյ տեղը ունի «Պայքար»-ը. տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ.
–Այսօր մեր ժողոէուրդն ու հայրենիքը կը դիմակալէ դժուարին օրեր:
–Մեր առջեւ ծառացած է բազմերես խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ::
–Մեր բողոքը եւ զայրոյթը առաջին հերթին ուղղուած է... :
—Ոճիրները ժողովուրդներուն դէմ կը շարունակուի:
–Կազայի մէջ կը սպառի վառելանիւթը, ջուրն ու սնունդը:
- Մեծ յաճախականութիւն ունին ենթակայ/ստորոգիչ անհամաձայնութեան պարագաները:
Այստեղ իր ուրոյն ու մնայուն տեղը ունի «Ակօս»-ը, որ իր յաճախականութեամբ կը գլէ կ’անցնի մեր բոլոր թերթերը, սա՛ տարբերութեամբ, որ այստեղ ընդհանրապէս յոգնակի ենթակային կը տրուի եզակի ստորոգիչ. օրինակ՝
–Կայացած է գիտնականներու կանխատեսումները:
–Աղէտ մըն է անտառներու հրդեհները:
—Ոմանք «գորշ գայլեր» բառը գործածելով պիտի սպառնայ:
–Շուէտի իշխանութիւնները բոլոր միջոցները ապահոված էր:
—Հրատարակուեցաւ մտից քննութեան արդիւնքները:
Շարքը շատ ու շատ երկար է. այսպէս է, որովհետեւ թրքերէնը յոգնակի ենթակային սովորաբար կու տայ եզակի ստորոգիչ. այսպէս՝ թուրք աշուղը կ’ըսէ.
Kara dır kašların, ferman yazdırır…
Սեւ է յօնքերդ, հրաման կը թելադրէ…
Ուր հայ աշուղը պիտի ըսէր՝ «Սեւ են յօմքերդ, հրաման կը թելադրեն…»:
- Կրնայ պատահիլ, որ հաւաքական անուն մը իբրեւ որոշիչ կիրարկուի յոգնակի անունի. օրինակ՝ խումբ մը տղաք, փաղանգ մը կամաւորներ, բոյլ մը աստղեր, երամ մը արագիլներ եւ այլն:
Այս պարագային,— նկատելի է,— որոշեալ գոյականը անպայման յոգնակի կը կիրարկուի. չենք կրնար ըսել՝ խումբ մը տղայ, երամ մը արագիլ եւ նմանները:
Եւ մեր խօսքը բնականաբար կ’ունենայ հետեւեալ կառոյցը.
–Խումբ մը տղաք մեկնեցան (յոգնակի):
–Բոյլ մը աստղեր կը պլպլային (յոգնակի) երկինքի վրայ:
–Զոյգ մը աչքեր զիս կը չափչփէին (յոգնակի):
Սակայն կրնանք ունենալ հակառակը եւս.
–Տղոց խումբը շարժեցաւ (եզակի):
–Աստղերուն բոյլը անհետացաւ (եզակի):
–Եզներուն զոյգը բաժնուեցաւ (եզակի) նախիրէն:
- Սիրամարգ
Այս բառին համար «Նոր հայկազեան»-ը կը գրէ.
–«[Թռչուն] որ սիրէ զմարգս»: Այսինքն՝ «թռչուն, որ կը սիրէ մարգերը»: Այս մեկնաբանութիւնը ըստ նշանակութեան ճիշդ համարելով հանդերձ՝ քերականագէտ Յովհաննէս Գազանճեանը նկատել կու տայ, որ բառս պէտք է ըլլար մարգասէր եւ ոչ սիրամարգ: Իսկ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է. սիրամարգ-ը ժողովրդախօսակցական
աղաւաղումն է պարսկերէն սինամուրգ բառին, որ կը նշանակէ «չինական թռչուն». սին=չին (-ական), մուրկ=թռչուն : Որ, ուրեմն, ոչ մէկ կապ ունի սիրոյ ու մարգի հետ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան