Թատրոնի հանդէպ սէրս եւ «Թատրոնի Միջազգային Օրը» 27 մարտին

March 21, 2024

Մանկութենէս ծնողքս միշտ քաջալերած են եղբայրս ու զիս թատրոն երթալ. հայկական կամ հայերէնով թատրոն:

Որոշ ներկայացումներէ պատկերներ կը յիշեմ, ուրիշներէ միայն տպաւորութիւններ. սրահին մուտքին, ցուցատախտակներուն վրայ դրուած նկարները մէկ-մէկ կը դիտէի, բաժնուած գրքոյկին մէջ նկարները դիտելու կողքին, դերասաններուն անունները աչքէ կ’անցընէի՝ թէ ներկայացումէն առաջ եւ թէ ընթացքին. եւ ամէն անգամ որ դերասանը տպաւորէր զիս, ետ կը բանայի դերասաններու անուանացանկը եւ կը կարդայի անունը: Եւ այդ գրքոյկը ինծի հետ տուն կը բերէի իբր արժէքաւոր բան:

Կը յիշեմ տուն դարձի ճամբան, որու ամբողջ տեւողութեան կը խօսէինք տուեալ թատրոնին մասին. երբեմն մօրս, երբեմն եղբօրս բացատրութենէն կը փորձէի դիտածս հասկնալ:

Իսկ եթէ պատահէր որ յաջորդ ներկայացումին մէջ նոյն դերասանը դեր ունենար, աւելի հպարտ կը դիտէի, կարծէք կ’ուզէի անոր հասկցնել որ ինք բացառիկ դերասան էր եւ ես եկած էի զինք քաջալերելու:

Դպրոցական տարիներուն, երբ դպրոցի ժամերուն մեզի «Տէր Մելքոնեան» կը տանէին (վստահ եմ իւրաքանչիւրիս համար վարժութիւն եւ բնազդ եղած է «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին անդրադառնալ պարզապէս «Տէր Մելքոնեան»ով. աւելի հարազատ է, մերն է) ուր հարիւրաւոր աշակերտներու աղմուկին ընդմէջէն կը փորձէի կեդրոնանալ եւ հետեւիլ ներկայացումին:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ

Ինքզինքս թատերասէր սեպելու չափանիշս այսքանը եղած էին:

Մինչեւ աւելի մեծ տարիքիս, երբ քեռիս՝ քաջալերելու եւ թատրոնի հանդէպ սէրս աճեցնելու ու հորիզոնս ընդլայնելու նպատակով, ծանօթացուց լիբանանեան թատրոնին, թատերասրահներուն, ինչպէս Մասրահ Պէյրութ, Մասրահ Էլ Մատինա, Մասրահ Պապէլ… 

գրքոյկները

Սկսայ առանձին երթալ լիբանանեան թատրոններ դիտելու, պէտք էր կեդրոնացած դիտէի:  Իսկ ինծի հետ տուն բերած գրքոյկներու եւ տոմսերու քանակը բաւական շատցաւ:  Տարբեր աշխարհ էր: Չեմ կրնար բառերով բացատրել:

Աւելի ուշ, առիթը ունեցայ Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ ըլլալու: Շրջադարձ էր ինծի համար: Երկրորդ անգամ որ վարչական ժողովի պիտի երթայի, ճշդապահ ըլլալով, քառորդ ժամ առաջ հասայ: «Տէր Մելքոնեան»ի քուլիսներու դուռէն պոռալ-կանչելներ լսեցի: Անդրադառնալով որ նոր ներկայացում մը կը պատրաստուէր, բայց չգիտնալով թատրոնի օրէնք կանոնը, գաղտնի՝ մութին մէջ, սրահ մտայ տեսնելու թէ ինչ կը պատահէր: Եւ հո՛ն էր որ թատրոնը հասկցայ: Անոր սահմանը կ’անցնի «Բեմի վրայ դերասան»էն ու կը հասնի մինչեւ բեմադրիչ, բեմ, տարազ, decor, լոյս, ձայն, text եւ տարբեր խնդիրներ ու դժուարութիւններ՝ նախքան գործին կոկիկ ձեւով հանրութեան հրամցնելու պատրաստ ըլլալը:

Վարչական ժողովը մոռցած էի:

Վարչական անդամ դառնալէս երկու տարի վերջ, բեմադրիչը՝ օգնականի պէտք ունենալով, դիմեց ինծի: Առանց վարանելու ընդունեցի: Եւ հոն էր որ բեմադրիչի, բեմի, տարազի, decorի, լոյսի, ձայնի, դերասանի, textի հանդէպ տարիներով երեւակայած տպաւորութիւններս յանկարծ վերածուեցան իրականութեան՝ թարգմանուած textի փոփոխութիւն, փորձերու ժամանակացոյց, դերասանի քմահաճոյք, propsի պրպտում, տարազի եւ decorի իրագործումի հետապնդում, լոյսի ու ձայնի իրագործումի հետապնդում. եւ այս բոլորը բեմ հանել: Իսկ ներկայացումներու ընթացքին, նետուիլ քուլիսներու ետին (տարբեր աշխարհ)՝ միշտ, ամէն գնով, պատրաստ ըլլալ բեմին վրայ տեղի ունենալիք յաջորդ քայլին:

Մինչեւ օրս կը վարեմ այս պաշտօնը:

Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամ ըլլալէ ետք է որ լսեցի Մարտ 27-ի՝ «Թատրոնի Միջազգային Օր»ուան մասին: Թատրոնն ալ տօն ունի եղեր եւ ամէն տարի կը նշուի:

հանդիպում

Այս առիթով, վարչութիւնս, հանդիպում մը կազմակերպած է լիբանանահայ թատերախումբերուն («Վահրամ Փափազեան», «Երուանդ Օտեան», «Մհեր Մկրտիչեան», «Թեաթրոն», Համազգայինի Լիբանանի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբ) եւ թատերասէրներու հետ, 27 մարտ 2024ին, ժամը 7:00ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ:

Ինչպէս որ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, այնպէս ալ թատրոն չըլլար առանց արտադրողի, գրողի, թատերական թարգմանիչի, բեմադրիչի, օգնական բեմադրիչի, դերասանի, բեմավարի, յուշարարի, լոյսի, ձայնի, decorի մասնագէտի, տարազ ձեւաւորողի, տոմս վաճառողի, ներկայացումին օրը հանդիսատեսը դիմաւորողի:

Շնորհաւոր Թատրոնի Միջազգային Օր`27 մարտին: