Զարուհի Կիրակոսեան. «Յովհաննէս Թումանեան» (Յատուկ գնահատանքի մրցանակ -1)

August 25, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Յօդուածը ներկայացուած է Տարբերակ21 հանդէսին կողմէ կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին (Յունուար-Մարտ 2022) եւ դատակազմին կողմէ արժանացած  է յատուկ գնահատանքի մրցանակին: 

Վերջին 300 տարիներու ամէնէն ազդեցիկ հայը հարկաւ Յովհաննէս Թումանեանն է: Յովհաննէս Թումանեան մեզի կ՛ուղեկցի մանկութենէն, ան մեզի կ՛ընկերանայ պատանեկութեան տարիներուն, իսկ երիտասարդութեան ու հասուն տարիքին կը դառնայ մեր խորհրդատուն ու անդաւաճան ընկերը: Անոր ստեղծագործութիւններէն մենք կ՛առնենք մեր մանկութեան համը, կը շնչենք խոհունութեան եւ իմաստութեան բոյրը: Անշուշտ հայ գրականութիւնը ունի նաեւ  այլ նշանաւոր գրողներ ու հրապարակախօսներ, սակայն Թումանեանը սոսկ գրող չէ, ան նշանաւոր հայ բանաստեղծ է, արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ: Գրած է բանաստեղծութիւններ, պոէմներ, քառեակներ, պալլատներ, պատմուածքներ ու հեքիաթներ, ակնարկներ, քննադատական ու հրապարակախօսական յօդուածներ, կատարած է թարգմանութիւններ, մշակած է «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի «Սասունցի Դաւիթ» ճիւղը: Կը համարուի ամենայն հայոց մեծ բանաստեղծը: Սակայն այս բնութագրիչներն ալ չեն կրնար ամբողջութեամբ բնորոշել ամենայն հայոց բանաստեղծը. անոր գործունէութիւնը աւելին է քան մշակութային ու հասարակական գործունէութիւնը: Թումանեանը հայրենասէր գործիչի իւրայատուկ օրինակ է, հայրենասիրութիւնը կարծես կը յորդի անոր ստեղծագործութիւններէն: Անոր ամէնէն փոքր ծաւալով հեքիաթն անգամ, մանրապատումը կամ քառեակը  կը քարոզեն ընկերասիրութիւն, արդարամտութիւն, սէր ու յարգանք դրկիցին, բարեկամին, ազգին,  հայրենիքին  ու համայն մարդկութեան նկատմամբ:

«Լինե՜ր հեռու մի անկիւն,

Լինե՜ր մանկան արդար քուն,

Երազի մէջ երջանիկ,

Հաշտ ու խաղաղ մարդկութիւն»:

Սխալած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ ան միաւորող ու համախմբող դեր ունէր հայ գրականութեան մէջ: Ան նաեւ նուիրուած մանկավարժի բնորոշ օրինակ էր, քանզի ան ուսուցիչ եւ տիպար դաստիարակ էր իր ժամանակի ստեղծագործողներուն համար:  1900-ականները շրջադարձային էին հայ գրականութեան զարգացման համար եւ ճիշդ այս օրերուն, «Վերնատուն»ի ստեղծումը պատահական չէր: Թումանեանի կողմէ ստեղծուած  «Վերնատուն» գրական խմբակը մեծ դեր ունեցաւ ինչպէս հայ գրականութեան, այնպէս ալ 20-րդ դարու սկիզբի հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ: Ան իր անջնջելի հետքն ու դրոշմը ձգեց ժամանակի գրական ոգիին վրայ:

20-րդ դարու սկիզբը Թումանեանը յայտնի կը դառնայ նաեւ որպէս հասարակական գործիչ: 1905-1906 թուականներուն հաշտարարի դեր կը կատարէ ցարական կառավարութեան հրահրած հայ-թաթարական կռիւներուն ժամանակ, որուն պատճառով երկու անգամ ձերբակալուած է: 1918 թուականին հայ-վրացական պատերազմին ժամանակ խստագոյնս քննադատած է երկու հաւատակից ժողովուրդներու թշնամութիւնը հրահրողները:

«Բերանն արնոտ Մարդակերը էն անբան

Հազար դարում հազիւ դառաւ Մարդասպան.

Ձեռքերն արնոտ գընում է նա դեռ կամակոր,

Ու հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամփան»:

Թումանեանին մշտապէս մտահոգած եւ յուզած է հայ ժողովուրդին ճակատագիրը, Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանէն տեղահանուած հայութեան վիճակը: 1916 թուականին երկու անգամ եղած է ազատագրուած վայրերուն մէջ. հասած է մինչեւ Վան, օգնած է հայ գաղթականներուն, յատկապէս Էջմիածինի մէջ հաւաքուած որբ երեխաներուն: 1914 թուականին Թումանեանը կը միանայ պատերազմէն վնասուածներուն օգնող կոմիտէին, որ հետագային օգնեց մազապուրծ եղած հայ գաղթականներուն հաստատուելու Էջմիածինի մէջ: Յիշատակութիւն մը կայ Թումանեանի վերաբերեալ, որ երբ կոմիտէի անդամներուն հետ ան զբաղած էր հայ որբ երեխաներու հաւաքագրմամբ, ան կ՛երթար, կը խուզէր յայտնաբերուած երեխան, յետոյ նոր կը միացնէր որբերու խումբին, որպէսզի երեխաներուն մէջ ոջիլ չտարածուէր: Երբ որբերը հաւաքուած էին Էջմիածինի մէջ, անձրեւ կը սկսի, ան կ՛ուզէ երեխաները տեղաւորել Սուրբ Էջմիածին  եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի չթրջուին, կաթողիկոսը այս տեսնելով բարկացած կը հարցնէ․ «Ո՞վ ես դուն, որ առանց ամենայն հայոց կաթողիկոսի թոյլտուութեան, այսպիսի քայլի կ՛երթաս», իսկ Թումանեանը կը պատասխանէ․ «Ե՛ս ամենայն հայոց բանաստեղծն եմ», այսպիսով ան ինքզինք կը հռչակէ ամենայն հայոց բանաստեղծ: Այսպիսով Թումանեանը նաեւ մարդասիրութեան ջատագով էր, ան հայու խիղճ արտայայտող տեսակն էր:

Թումանեանը նաեւ օրինակելի ընտանիքի, օրինակելի հօր կերպար էր: Թումանեանը յաճախ կը կատակէր, կը զուարճանար երեխաներուն հետ եւ քանի որ զաւակներն ալ ամէն ինչով կը ձգտէին նմանիլ իրենց հօրը, ապա անոր զաւակներուն եւս տակաւին մանկութենէն խորթ չէին հիւմըրն ու կատակը, յատկապէս հայրիկին հետ զրուցած ատեն: 1919, երբ լոռեցիներու հայրենակցական միութիւնը հրաւիրած էր Թումանեանը անոր 50ամեայ յոբելեանը նշելու, բանաստեղծը կը կատակէ, թէ «գնում եմ լոռեցիների քէֆին, շաշերը հաւաքուել են»: Իր հօրը նոր բացայայտած 12-ամեայ Թամարը կը պատասխանէ. «դու ամենամեծ լոռեցին ես, ուրեմն դու ամենամեծ շաշն ես»:  Անոր մասին յուշագրութիւնները մեզի կը պատմեն, որ ան շատ կ՛ուզէր, որ երեխաները դառնան նուրբ եւ ազնիւ ճաշակի տէր մարդիկ: Կ՛ըսէր.-«ամէնից շատ ինձ մարդու անճաշակ լինելն է բարկացնում: Ամենագլխաւորը կեանքում` ճաշակն է: Ճաշակը կեանքի բոյրն է»: Հսկող աչք էր, սիրող ձեռք եւ գթառատ սիրտ: Բնաւորութեամբ պարզ էր, լաւատես ու ժպտուն, ամէն ինչ դիւրացնող, դիւրին ու թեթեւ տանող, բայց իր վիշտն ու ցաւը կը տանէր վարագուրած, անտրտունջ: Նոյնիսկ մտերիմ մարդիկ չէին գիտեր անոր հոգերն ու տառապանքները:  Եւ իր անձնական, ընտանեկան եւ գրական կեանքի բոլոր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները տարած, յաղթահարած է միս-մինակ:

Անոր յայտնի խնճոյքներն ու ժամանցները կարծես ինքնամոռացումի միջոցնէր էին, կը խաբէր եւ ինքզինքը, եւ ուրիշները. «…ուզում եմ մի կերպ ժամանակն անց կացնել, քէֆի մէջ լինի, թէ զրոյցի»:

«Իմ ուրախութեան ժամերին մասնակից եմ անում բոլորին, իսկ իմ արցունքներն ու վիշտը յայտնի են միայն ինձ», – այս խօսքը Թումանեանը կրնար ըսել իր մասին:

Շատ ոգեւորուող էր եւ ուրիշներն ալ ոգեւորող, տրամադրող: Շատ տպաւորուող էր, զգայուն. փոքրիկ լաւ վերաբերմունք մը բաւական էր, որ ջերմանար, ուրախանար եւ ընդհակառակը` վատ վերաբերմունքէն կը նեղանար, կը փակուէր, կը հեռանար:

«Տիեզերքում աստուածային մի ճամբորդ է իմ հոգին.

Երկրից անցուոր, երկրի փառքին անհաղորդ է իմ հոգին.

Հեռացել է ու վերացել մինչ աստղերը հեռաւոր,

Վար մնացած մարդու համար արդէն խորթ է իմ հոգին»:

Վերջին 300 տարիներու ամէնէն ազդեցիկ հայը, այո՛ Թումանեանն է, քանզի հէնց ան է հայու խիղճի տեսակը, մարդասիրութեան տեսակը, հայրենասիրութեան տեսակը, լաւ ընկերոջ, բարի մարդու, օրինակելի հօր ու մեծ հայու տեսակը:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Կարինէ Մինասեան

Մրցոյթին մասին` https://bit.ly/3cnLwcx

Արդիւնքներուն մասին՝  https://bit.ly/3Th26eF

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x