Երեւանի պետական համալսարանի հաւաքականը 5 մետալ կը նուաճէ ուսողութեան միջազգային մրցոյթին
August 21, 2024
5-11 Օգոստոս 2024-ին, Պուլկարիոյ Պլակոեւկրատ (Blagoevgrad) քաղաքին տեղի ունեցած ուսողութեան (31st International Mathematics Competition for University Students) 31-րդ միջազգային մրցոյթին, հայ աշակերտները նուաճած են չորս ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ, կը յայտնէ Հայստանի Կրթութեան նախարարութիւնը։
Մրցոյթին մասնակցած է 401 ուսանող աշխարհի 78 համալսարաններէ։
Երեւանի պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) Հայաստանի հաւաքականը ներկայացուցած են Վահագն Յովհաննիսեան, Հայկ Կարապետեան, Արման Ֆահրադեան, Ռուբէն Համբարձումեան եւ Համլետ Պետրոսեան։ Պետրոսեան նուաճած է արծաթ, իսկ խմբակիցները՝ ոսկի։
ԵՊՀ-ի հաւաքականը խմբային դասաւորման մէջ գրաւած է 8-րդ դիրքը։
Հաւաքականը գլխաւորած է Կարէն Քեռեան, որ մարզած է զանոնք՝ միասնաբար Վազգէն Միքայէլեանի, Ալպերթ Գեւորգեանի եւ Տիգրան Յակոբեանի։ Քեռեան եւ Յակոբեան հեղինակած են նաեւ մրցոյթին տասը խնդիրներէն երկուքը։