Երբ ճիշդը սուտին առջեւ տեղի կու տայ, եւ հինը նորին առիթ չի տար….

August 8, 2021

Այս Կիրակի զգուշացէք «խոշրէ»ներէն:

-Խոշրէէ՜… Խոշրէէէ՜…. Այս ի՞նչ բառ է: Ոչ բառարանին մէջ գտայ, ոչ ալ հանրագիտարանին մէջ կայ:

-Պարապ տեղ մի յոգնիր, «Կուկըլ»ին մէջն ալ մի նայիր: Երէկ գիշեր այս բառը ես յօրինեցի, երբ մանկութեան տարիներէս պատմութիւն մը յիշեցի:

Յիշեցի, թէ ինչպէս տարիներ առաջ օր մը լողալէն վերադարձին, երբ տանձի մեր պարտէզին մօտ աղմուկ լսեցինք, ես ու Սեւակը քրտինք ջուր եղանք:

Այդ տարին, պարտէզին պահակութիւնը մենք ստանձնած էինք, ուրեմն լողալու պէտք չէ երթայինք, բայց գացած էինք … վերադարձին աղմուկ լսեցինք. ուրեմն պարտէզին մէջ աւազակներ կան, ուրեմն տանձ կը գողնան, ուրեմն … Շուարեցա՞նք թէ վախցա՞նք, բայց տեղերնէս չշարժեցանք. քրտինքը արդէն մեր ականջներէն վար պիտի կաթէր: Յանկարծ յիշեցինք, որ լողալու երթալէն առաջ, պարտէզին մէջ ռատիոյին ձայնը մենք բարձրացուցած էինք աղմուկ հանելու եւ աւազակները տանձերէն հեռու պահելու համար. հիմա եկած՝ մենք մեր լարած թակարդին մէջ ինկած էինք: Խոր շունչ մը առինք ու պարտէզ մտանք: Ամէն ինչ լաւ էր. բոլոր տանձերը ծառերուն վրայ էին:

Յաջորդ օրը տաքութիւննիս բարձրացաւ, սիրտերնիս խառնուելու սկսաւ: Հիմա պիտի ըսէք՝ կրնայ պատահիլ, զօրաւոր վախը ջերմութիւն կը բարձրացնէ, նոյնիսկ փորհարութիւն կը պատճառէ: Վախը՝ իր կարգին, բայց մեր պատմութիւնը ուրիշ է:

Մեր մանկութեան ամառները Այնճարի փողոցներուն ու պարտէզներուն մէջ անցան: Սեւակը երբ Քուէյթէն գար, երկու շաբաթ փողոցները կը խաղայինք, երկու շաբաթ ալ հօրս քով բանուորութիւն կ՚ընէինք, որպէսզի խաշլըղնիս առնենք ու բանակումի վազենք:

Երկու-երեք տարի նոյն աշխատանքը կատարելով գործին մասնագէտը դարձած էինք: Երբ տանձը քաղելու ժամանակը գար, ամէն առտու ժամը վեցին հօրս հետ պարտէզ կ՚երթայինք: Գործին առաջին հանգրուանին չէինք մասնակցեր, որովհետեւ մեզի յարմար չէր: Մինչեւ միւս բանուորները տանձը քաղէին , սնտուկները լեցնէին, քանի մը ժամ մենք որսորդութեամբ կը զբաղէինք: Յետոյ ի հարկէ ճաշի դադար կար: Այդ հանգրուանն ալ մենք չէինք սիրեր: Ուտելը այդ տարիքին ժամանակի կորուստ կը համարուէր, բայց հայրս ականջնէս բռնած ճաշի ընթացքին մեզ կը յարմարեցնէր:

Կէսօրուան ժամերուն սաստիկ տաք կ՚ըլլար, գործաւորները ծառերուն շուքին տակ կ՚երկննային որպէսզի հանգստանան : Մենք կէսօրը քնանալու սովորութիւն չունէինք: Արեւէն պաշտպանուելու մեր միջոցը Այնճարի պարտէզներուն գանալն էր՝ այն երկար ու բարակ ջրանցքը, որ ակին զուլալ ու սառնորակ ջուրը կը հասցնէր պարտէզներուն, մեզի պէս արեւէն այրող մանուկներուն, պարտէզէն վերադարձող յոգնած բանուորներուն, որոնք իրենց ծարաւը յագեցնելէն ու երեսնին պաղ ջուրով լուալնէն ետք, կօշիկներուն մէջէն կը հանէին տաքէն «եփած» իրենց ոտքերը ու կամացուկ մը կը մտցնէին ջուրը… Ելեկտրական հոսանքին նման, ջուրին սառնութիւնը մէկ ոտքին մատներէն թափանցելով, ջղային համակարգին թելերով կը տարածուէր մարմինին մէջ, հասնելով մինչեւ ուղեղին եւ, դէմքին վրայ ժպիտ մը ձեւաւորելով՝ յոգնութիւնը իր հետ առնելով, վար կ՚իջնէր ու միւս ոտքին մատներէն դուրս կ՚ելլէր :

Գանալէն ելլելով, ամբողջութեամբ թարմացած կը վերադառնայինք պարտէզ, ուր արդէն գործը հասած կ’ըլլար իր վերջին ու մեզի յարմար հանգրուանին: Սնտուկները տանձով լեցուած, ծառերուն տակ շարուած կ՚ըլլային: Մեր գործը այդ սնտուկներուն երեսը խաւաքարտի կտորներով ծածկելն էր: Այսպէս, օրը մէկ ժամ աշխատելով, երկու շաբաթ ետք՝ բերքահաւաքի աւարտին, քսանհինգ ոսկին կը գրպանէինք: Տասնհինգ ոսկիով ջրաման մը, լուսարձակ մը, մանր- մունր ուրիշ բաներ կ՚առնէինք, մնացած տասը ոսկիով բանակումի կը վազէինք:

Տասնչորս տարեկան երբ եղանք, Սեւակը նորէն Քուէյթէն եկաւ : Մեծ տղաք էինք, ծախսերնիս շատ էր: Բանակումին սակը քիչ մը բարձրացած էր, քսանհինգ ոսկին այլեւս քիչ էր: Նոր գործ մը պէտք էր: Հայրս, ի հարկէ, այդ բոլորը մեզմէ լաւ գիտէր, ու այդ տարի մեր պաշտօնը բարձրացնելով, տանձի պարտէզին մեզ պահակ նշանակեց:

Ութսունական թուականներն էին. Լիբանանի մէջ, ինչպէս միշտ, «շունը տէրը չէր ճանչնար», գողութիւնը շատցած էր, բերքն ալ այդ տարի բաւական շատ էր: Հայրս պարտէզին մէջտեղը վրան մը լարեց, որսի փամփուշտով եւ ուտելիքով մեզ ապահովեց, ծառերուն վրայ լապտերներ կախեց, վերջն ալ քանի մը կարեւոր թելադրանքներ կատարեց:

Որսը ազատ էր, ուտել-խմելն ալ պարտադիր էր: Խառոյկ վառելը մեզի վստահուած էր: Պարտէզին սահմաններէն շատ հեռանալը արգիլուած էր:

Վերջին թելադրանք մըն ալ կատարեց, որ մեզ քիչիկ մը յուզեց: Անցնող ձմեռը շատ չոր անցած էր, ակը ցամքած էր, գանալին մէջ շատ քիչ ջուր մնացած էր: Մեր երկար ու բարակ ջրատարը ճահիճի վերածուած էր, մէջը միքրոպ կար: Լողալը խիստ արգիլուած էր….

Հայրս երբ գնաց, անոր վերջին թելադրանքին պատճառած յուզումը արագ մը անցաւ: Օրէնք խախտելը այդ տարիքին անշուշտ մեզի տրուած էր: Ճահիճը որն է՜ր, միքրոպը որն էր…. Միակ խնդիրը, որ պարտէզը անտէր չձգելն էր, այսպէս լուծեցինք. փոքր ձայնասփիւռի սարք մը ունէինք, որուն ձայնը մինչեւ վերջ բարձրացնելով վրանին մէջ դրինք: Երբ որ աղմուկ կայ, կը նշանակէ պարտէզին մէջ մարդ կայ: Միտքերնիս ապահով՝ լողալու գացինք:

Գանալին մէջ հազիւ երկու մատ ջուր կար, բայց մեծ հարց մը չէր, մեզի կը բաւէր: Նախ եւ առաջ պէտք էր հօրս պատճառած կասկածը մեր մէջէն հանել: Չէ՞ որ մենք մարդ ենք՝ մեր լսածին չենք հաւատար մինչեւ աչքով չտեսնենք: Այդ միքրոպ կոչուածը չկրցանք գտնել: Ջուրին երեսը հաւաքուած խոտերուն վրայ քանի մը գորտ կար, ատկէ զատ ուրիշ ոչ լողացող, ոչ ալ սողացող կար, միայն օդին մէջ տեսակ մը հոտ կար: Մենք ալ չգիտցանք, թէ մեր ոտքի մատներէն ինչ հոսանք անցաւ ու ինչ թափանցեց մեր մարմինին մէջ, բայց յաջորդ օրը ամէն մարդ գիտցաւ, թէ տաքութիւննիս ինչէն բարձրացաւ, սիրտերնիս ինչու խառնուելու սկսաւ, եւ մեր գլխուն հաւաքուած, թաղի կնիկներէն կազմուած առողջապահական յանձնախումբը այսպէս յայտարարեց.-

– Գացած՝ աղտոտ ջուրերուն մէջը լողացած են, միքրոպ առած են: Խաշած փաթաթես կերցուցէք, ճակատին վրայ սառ դրէք՝ երկու օրէն ամէն ինչ կ՚ անցնի:

Ճիշդ երկու օրէն ամէն ինչ անցաւ: Յետոյ տարիներ անցան, Սեւակն ու ես Երեւանի բժշկական համալսարանի ուսանող դարձանք եւ միքրոպներուն ինչ ըլլալը այն ատեն գիտցանք: Մանրադիտակով զանոնք դիտեցինք, ով ըլլալնին հասկցանք, անուննին ալ սորվեցանք: Սորվեցանք նաեւ, որ միքրոպին հայերէն մանրէ կ՚ ըսեն, որ կազմուած է «մանր» եւ «էակ» բառերէն, աչքով տեսանելի չեն, ճահիճներուն մէջ արագ կը բազմանան ու շատ մը հիւանդութիւններու պատճառ կը դառնան:

Երէկ գիշեր նկատեցի, որ մեր ապրած կեանքը պարտէզներու այս գանալին կը նմանի: Երբ որ ճիշդը սուտին առջեւ տեղի կու տայ, երբ որ հինը նորին առիթ չի տար, երբ որ վատը ազատ ու համարձակ մէջտեղները կը թափառի, կեանքի հոսքը կը դանդաղի ու ճահիճի կը վերածուի: Այս շոգ ամռան ճահիճին մէջ մարդանման նոր էակներ մէջտեղ կու գան, որոնք սուտը սովորութեան կը վերածեն, վատն ալ լաւի տեղ կը ծախեն, մթնոլորտին մէջ տեսակ մը հոտ կը տարածեն: Այդ էակները անշուշտ անուն մը կ՚ ուզեն: Մանրէաբանութեան մեր դասախօսը կը բացատրէր, թէ «մանրէ»ն շինուած է «մանր» ու «էակ» բառերէն, ես ալ «խոշոր»ն ու «էակ»ը կը միացնեմ, քերականական պզտիկ կանոն մը կը կիրարկեմ ու չափերով մեծ այս էակները «խոշրէ» կը կոչեմ :

Այս տաք օրերուն ես կը զգուշացնեմ՝ շտապ մեր ազգին խոշրէաբանութեան դասախօսներ պէտք են: Չէ՞ որ մենք մարդ ենք, մեր լսածին չենք հաւատար մինչեւ աչքով չտեսնենք, հապա ինչո՞ւ այս խոշրէները չտեսնել կը ձեւացնենք: Ասոնք չափերով բաւական խոշոր են, անզէն աչքով տեսանելի են, կեանքի ճահիճին մէջ կը բազմանան ու շատ մը ազգային հիւանդութիւններու պատճառ կը դառնան…

******

Այդ տարին զով աշուն մը յաջորդեց ամռան տաքերուն, անձրեւը մինչեւ խոր ձմեռ երբեք չկեցաւ: Գարնան սկիզբը զուլալ աղբիւրէն սառնորակ ջուրը նորէն հոսեցաւ, մաքրեց գանալը, իսկ մանրէները մաքուր ջուրին մէջ երկար չապրեցան…

Այդպէս, օր մը հով աշուն կու գայ մեր կեանքին մէջ ալ: Ձմեռը նորէն անձրեւ կը տեղայ եւ մեր շրջապատէն հեռու կը տանի այս խոշրէները, կը զովացնէ մեր շնչած օդը ու կը մոռցուի այս շոգ ամառը:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x