Ե՞րբ գործածել դարձ, դարձուած եւ դարձուածք

April 30, 2025

«Հայրենիք»-ը իր 28/3/2025-ի թիւին մէջ ունի խորագիր մը՝ «Դարձուածք դէպի Թուրքիա»: Ծանօթագրութեան մը մէջ  բացատրուած է, որ ան թարգմանութիւնն է անգլերէն  «Turning towards Turkey» անգլիագիր յօդուածին:

Արդ, անգլերէն turning-ին հայերէնը դարձուած չէ, այլ դարձ է:

Այդ ամբողջ խորագիրը կու տայ՝ «Դարձ դէպի Թուրքիա»:

Վերացական բառ է, կը նշանակէ ուղղութեան փոփոխութուն. նաեւ զղջում:

Ասով կազմուած են ետդարձ եւ վերադարձ բառերը:

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան իր ծանօթ քերթուածին մէջ կ’ըսէ.

—Ի քեզ ես դարձ առնեմ յանժամ,

Ո՜վ ցանկալիդ իմ Հայաստան:

Դարձ առնեմ՝ բառացի կը նշանակէ դարձ ընեմ, դարձ կատարեմ, այլ խօսքով՝ դառնամ, նաեւ՝  վերադառնամ:

Իսկ ի՞նչ է դարձուածքը:

                                                                        *   *   *

«Դարձուածք» կը կոչենք նիւթական ճամբու մը ընթացքին որեւէ մէկ կտրուկ,  շօշափելի, նկատառելի շեղումը, որ անկիւն  կը կազմէ մինչ այդ հետեւած  ուղղութեանդ հետ կամ ետդարձ կը թելադրէ այդ ուղղութենէն. օրինակ՝

-Բաւական քալեր էինք, երբ հասանք դարձուածքի մը:  

Բառիս բուն իմաստն է այս:

Ան ունի փոխաբերական՝ լեզուաբանական նշանակութիւն մըն ալ:

Ուրեմն լեզուաբանութեան մէջ դարձուածք[1] կը նշանակէ վերիմաստաւո-րուած կայուն բառակապակցութիւն մը[2]. օրինակ՝ «Գլուխս տարիր». կայուն բառակապակցութիւն մըն է այս, որուն գլուխ եւ տանիլ բաղադրիչները ոչ մէկ առնչութիւն ունին իրենց բուն՝ բառարանային նշանակութեան հետ, այսինքն՝ գլուխ գոյականին ու տանիլ բային հետ: Գլուխս տարիր կը նշանակէ «երկար-բարակ խօսեցար ինծի անհաճոյ ու զիս նեղացնող նիւթի շուրջ»:

Դարձուածքներ են՝

–Խոփը քարին հանդիպիլ                    Չնախատեսուած արգելքի հանդիպիլ

–Համբերութեան բաժակը լեցուիլ        Համբերելու անկարող դառնալ

–Ուղտի ականջին մէջ քնանալ            Անտեղեակ ըլլալ անցուդարձերուն

–Ետեւէն կարմիր խնձոր ղրկել            Հրաւիրել, հրաւէր ղրկել

–Վերի արտի ցորեն                             Յատուկ վարկ ու յարգ ներկայացնող

–Ձեռք քաշել                                        Հրաժարիլ

–Գլուխ հանել                                     Աւարտել, յաջողցնել

–Կոկորդիլոսի արցունք                       Կեղծ արցունք

–Ձեռքերը լուալ                                   Հրաժարիլ (Պիղատոսին պէս)

Նկատենք, որ դարձուածք կայ, որ կրնայ կիրարկուիլ նաեւ իր բուն՝ բառային նշանակութեամբ.  օրինակ առաջինը՝ շատ սովորական է, որ արտը հերկողին խոփը իրապէս քարի հանդիպի: Այնպէս ալ վերջինը՝ ամենասովորական  արարք մըն է ձեռքը լուալ-օճառելը:

                                                    *    *    *

  1. Գալով դարձուած-ին՝ այս բառը կը գտնենք լեզուաբանական կայուն բառակապակցութեան մը մէջ, որ է «դերբայական դարձուած» ըսուածը:

Այսպէս կը կոչենք, այն  դերբայը, որ իր լրացումներով միասին մաս կը կազմէ նախադասութեան մը. օրինակ՝

Արհամարհելով ամէն վտանգ՝ Թեհլիրեան արձակեց իր գնդակը:

–Թեհլիրեան, արհամարհելով ամէն վտանգ, արձակեց իր գնդակը:

–Թեհլիրեան արձակեց իր գնդակը՝ արհամարհելով ամէն վտանգ:

Ուրեմն  դերբայական դարձուածն է «արհամարհելով ամէն վտանգ» բառակապակցութիւնը, որուն գլխաւոր անդամը արհամարհելով դերբայն է իր լրացումներով:

Այս դերբայական դարձուածը մեր օրինակին մէջ կը լրացնէ գլխաւոր նախադասութեան  արձակեց դիմաւոր բայը՝ իբրեւ ձեւի պարագայ.

-Ինչպէ՞ս արձակեց՝ արհամարհելով ամէն վտանգ:

Ուրեմն նման լրացում մը կրնայ ունենալ երեք տարբեր շարադասութիւն, որոնք յաջորդաբար կը կոչուին՝ նախադաս, միջադաս, վերջադաս:

Նախադասն ու վերջադասը գլխաւորէն կը տրոհուին բութով, իսկ միջադասը կը տրոհուի երկու ստորակէտերով:

Ծանօթ.- ա) Երկրորդ՝ միջադաս օրինակը թոյլատրուած չէ գրել սապէս. «Թեհլիրեան արհամարհելով ամէն վտանգ՝ արձակեց իր գնդակը»: բ) Պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել, որ վերջադաս լրացումին դերբայը անմիջապէս յաջորդէ գլխաւոր նախադասութեան  բութին, ինչպէս  ըրած ենք  բերուած օրինակին մէջ.  ընդունելի չէ հետեւեալը, որուն դժբախտաբար շատ կը հանդիպինք արեւմտահայ գրողներու քով. «Թեհլիրեան արձակեց գնդակը՝ ամէն վտանգ արհամարհելով»:

                                                             *   *   *

  1. Դերբայը առանձինն կամ ամբողջ դերբայական դարձուածը կրնան լրացնել գլխաւոր նախադասութեան այլ անդամներ եւս, որոնք մասնաւորաբար գոյականներ են:

Կը թաւագրենք զանոնք. օրինակ՝

Հայ գիրերը գտնողը եղաւ Մեսրոպ Մաշտոցը:

Ուր հայ գիրերը գտնողը դարձուածը ստորոգելին է  Մ.Մ. ենթակային:

–Այն օրը քնացանք մեզ հիւրընկալողին տունը:

–Բոլորը ըմբռնեցին տրուած ազդարարութեան կարեւորութիւնը:

–Փութացինք այցելել դրացիին յաջողութիւնը շնորհաւորելու համար:

–Քաղաք գացին  շրջանաւարտներու  հանդիսութեան մասնակցելու:

Իր ամբողջ կեանքը ազգին նուիրած Կոմիտասը ապրեցաւ 66 տարի:

Ծանօթ.- Այս նոյնը բութ կը պահանջէ, եթէ դերբայական դարձուածը յետադաս դրուի. այսպէս՝ «Կոմիտասը ապրեցաւ 55 տարի՝ ազգին նուիրած իր ամբողջ կեանքը»:

Այսպէս է, քանի որ այս վերջին  շարադասութեամբ՝  դարձուածը կը լրացնէ  ապրեցաւ  բայը, մինչ նախադաս դիրքով՝ ան կը լրացնէր Կոմիտասը  գոյականը:

[email protected]                                                               Արմենակ Եղիայեան

 

[1] Կոչուած է յատկաբանութիւն եւս:

[2] Ֆրանսերէն՝ idiome,  անգլերէն՝ idiom:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x