Գրող եւ գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով

June 9, 2025

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան 21 մայիս 2025-ին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն հիմամբ ֆրանսահայ ծանօթ գրող, մտաւորական Գրիգոր Պըլտեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով։
Հրամանագիրը կը նշէ.
«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի առաջին մասի.
Հանրապետութեան տօնի առթիւ, մշակոյթի զարգացման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանին (Ֆրանսա) պարգեւատրել Մովսէս Խորենացու մետալով»։
Նշենք, որ 9 օգոստոս 2014-էն սկսեալ, Մովսէս Խորենացիի շքանշանը կը շնորհուի մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան, կրթութեան, հասարակագիտական գիտութիւններու եւ սպորի բնագաւառներուն մէջ ակնառու նուաճումներ արձանագրած անձերու:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x